Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն, Ս. Զատկուան տօնին առիթով բոլոր դպրոցները փակ պիտի մնան 29 մարտ 2018-ի գիշերէն մինչեւ 9 ապրիլ 2018-ի գիշերը: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով գումարուած միջազգային խորհրդաժողովները կը փափաքին ամէն գնով զօրակցիլ Լիբանանին: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա մեկնեցաւ Պաքու` մասնակցելու համար...

Լիբանանեան Բանակի Եւ Ապահովական Կառոյցներու  Օժանդակութեան «Հռոմ 2»  Խորհրդաժողովը Պիտի Սկսի Այսօր

Լիբանանեան Բանակի Եւ Ապահովական Կառոյցներու Օժանդակութեան «Հռոմ 2» Խորհրդաժողովը Պիտի Սկսի Այսօր

Այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Հռոմի մէջ մեկնարկը կը կատարուի «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին, որուն նպատակն է օժանդակել լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն: «Հռոմ 2» խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Միջազգային գործակցութեան կեդրոնին մէջ: Խօսք պիտի առնեն Իտալիոյ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնի, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես: Ապա պաշտօնական խմբանկարը ստանալէ ետք,...

«Երուսաղէմը Օր Մը Օրանց Մէկ Համայնքի  Չէ Պատկանած, Եւ Զայն Բաժնելը  Մարդկութեան Համար Ահռելի Արարք Է»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Երուսաղէմը Օր Մը Օրանց Մէկ Համայնքի Չէ Պատկանած, Եւ Զայն Բաժնելը Մարդկութեան Համար Ահռելի Արարք Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պաղեստին վերադարձի համաշխարհային արշաւը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան մաղթեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդի ազատութեան եւ իր հողին վրայ խաղաղ ապրելու իրաւունքին համար ի գործ դրուած բոլոր ջանքերը յաջողութեամբ աւարտին: Նախագահ Աուն վերստին դատապարտեց Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող ամերիկեան որոշումը` հաստատելով, որ Երուսաղէմը օր մը օրանց մէկ համայնքի չէ պատկանած, այլ`...

Տնտեսական Եւ Ընկերային Խորհուրդի  Կեդրոնին Մէջ Քննարկուեցան Զբօսաշրջութեան  Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Տնտեսական Եւ Ընկերային Խորհուրդի Կեդրոնին Մէջ Քննարկուեցան Զբօսաշրջութեան Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդը երէկ իր կեդրոնին մէջ կազմակերպեց զբօսաշրջական օր մը, որուն ընթացքին խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ եւ խորհուրդին մէջ զբօսաշրջութեան ու փոխադրութեան հարցերու նախագահ Ուատիհ Քանաան ներկայացուցին զբօսաշրջութեան մարզին վերաբերող հարցեր: Զբօսաշրջութեան օրուան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդէն պահանջեց հետագային կազմուելիք կառավարութիւններուն մէջ զբօսաշրջութեան նախարարներուն աշխատանքներուն հետեւիլ: Նախարար Կիտանեան կոչ ուղղեց...

Պըրրի. «Լիբանան Իսրայէլի Դէմ  Նոր Յաղթանակ Մը Արձանագրած Է»

Պըրրի. «Լիբանան Իսրայէլի Դէմ Նոր Յաղթանակ Մը Արձանագրած Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան Իսրայէլի դէմ նոր յաղթանակ մը արձանագրած է` ինչ կը վերաբերի երկրին ցամաքային եւ ծովային սահմաններուն: Պըրրի նշեց, որ ատիկա կարելի եղած է լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կողմէ ներկայացուած քարտէսներուն ու փաստաթուղթերուն, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ ցոյց տրուած շօշափելի փաստերուն շնորհիւ: Պըրրի ընդգծեց,...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը  Կը Նշէ 14 Մարտ 1989-ի «Ազատագրութեան  Պատերազմ»-ի 29-ամեակը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կը Նշէ 14 Մարտ 1989-ի «Ազատագրութեան Պատերազմ»-ի 29-ամեակը

Կազմակերպութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, երէկ գիշեր «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ կուսակցութեան տարեկան դրամահաւաքի ընթրիքը եւ նշուեցաւ 14 մարտ 1989-ի «Ազատագրութեան պատերազմ»-ի 29-ամեակը: Այս առիթով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն լիբանանցի քաղաքացին վարկաբեկումէ ազատելու, իսկ...

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը  Յայտարարեց Իր Թեկնածուները

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը Յայտարարեց Իր Թեկնածուները

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Փլաթէայի մէջ յայտարարեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածուները` կոչ ուղղելով բոլորին, որ քուէարկեն ի նպաստ պարկեշտին եւ ոչ այն պատասխանատուներուն, որոնք պետութեան բացթողումները կ՛արդարացնեն կամ կը ծածկեն: Անդրադառնալով 14 մարտ 2005-ին տեղի ունեցած Մայրիներու յեղափոխութեան` Ժահժահ յայտնեց, որ առանց Մայրիներու յեղափոխութեան Լիբանան չի կրնար գոյատեւել, «ինչպէս որ առանց Լիբանանեան ուժերուն չի կրնար գոյատեւել», աւելցուց...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ 14 մարտ 2005-ը կը մնայ Լիբանանի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային օր մը, ինչպէս նաեւ ազատութեան, գերիշխանութեան եւ օտարին լուծը մերժող խորագիր մը: Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի երէկ հրապարակեց հրամանագիր մը, ըստ որուն Լիբանանի պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ կը մնան Աւագ ուրբաթ օր` ուրբաթ, 30 մարտ 2018-ին, ինչպէս նաեւ 2...

«Պետական Ամավարկի Վաւերացումով Կարելի Եղաւ  Պետութեան Ելեւմտական  Կարեւորագոյն Աշխատանքը Իրագործել»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Պետական Ամավարկի Վաւերացումով Կարելի Եղաւ Պետութեան Ելեւմտական Կարեւորագոյն Աշխատանքը Իրագործել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկին վաւերացումով կարելի եղած է ծախսերը հակակշռել եւ նիւթական բացը նուազեցնել: Ան նշեց, որ պետական ամավարկի վաւերացումով կարելի եղած է պետութեան ելեւմտական կարեւորագոյն աշխատանքը իրագործել: Նախագահ Աուն ստորագրեց խորհրդարանը արտակարգ նստաշրջանի հրաւիրող հրամանագիր մը: Նախագահ Աուն ընդունեց Աւանդներու ապահովագրման ազգային հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Խաթեր Ապի Հապիպը,...

Ուալիտ Պուխարի Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ  Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Ուալիտ Պուխարի Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահի պաշտօնը վերստանձնած սէուտցի պաշտօնատար Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պուխարի յայտնեց, որ Պըրրիի կատարած իր այցելութիւնը Լիբանանի մէջ պաշտօնի վերստանձնումին առիթով է: Ան աւելցուց, թէ հանդիպումին ընթացքին Պըրրիին հաստատած է, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը  2018-ի Պետական Ամավարկի  Վաւերացումը Նուաճում Մը Նկատեց

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը 2018-ի Պետական Ամավարկի Վաւերացումը Նուաճում Մը Նկատեց

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիները Լիբանանի մարդկային պաշարը կը նկատուին` իրենց ազգային պատկանելիութեան, նուիրումին եւ լիբանանեան հարցերուն նկատմամբ իրենց հաւատարմութեան համար: Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու...

«Աշխատաւոր Մարդուժի Եւ Ընտանիքներու Ապրուստի  Պայմաններուն Ընդհանուր Հաշուարկը  Պիտի Օժանդակէ Կառավարութիւններուն` Ընկերային,  Տնտեսական Եւ Բարգաւաճման Շինիչ  Եւ Առողջ Ծրագիրներ Մշակելու»  Հաստատեց Դոկտ. Կիտանեան

«Աշխատաւոր Մարդուժի Եւ Ընտանիքներու Ապրուստի Պայմաններուն Ընդհանուր Հաշուարկը Պիտի Օժանդակէ Կառավարութիւններուն` Ընկերային, Տնտեսական Եւ Բարգաւաճման Շինիչ Եւ Առողջ Ծրագիրներ Մշակելու» Հաստատեց Դոկտ. Կիտանեան

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան Հատաթի նոր կեդրոնին մէջ լիբանանեան մամուլի, ինչպէս նաեւ լսատեսողական եւ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները ներկայ գտնուեցան մամլոյ ասուլիսի մը, որուն հրաւիրած էր Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան: Ան նշեց, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը ընտրած է «Քիֆ ահուալաք, խապպըրնա» կարգախօսը` աշխատաւոր մարդուժի եւ ընտանիքներու ապրուստի պայմաններուն ընդհանուր հաշուարկը իրագործելու համար: Ան...

Զիատ Իթանի Ազատ Արձակուեցաւ

Զիատ Իթանի Ազատ Արձակուեցաւ

Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա, երէկ հարցաքննելէ ետք Ներքին ապահովութեան ուժերու համակարգչային ոճիրներու հետապնդումի բաժանմունքի պատասխանատու հազարապետ Սիւզան Հաժ-Հպէյշը եւ զայն համացանցահէն Էլի Ղապաշի հետ դէմ առ դէմ բերելէ ու վկայութիւնները ստանալէ ետք, Սիւզան Հաժն ու էլի Ղապաշը արգելափակելու հրահանգ արձակեց: Միւս կողմէ, դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա ազատ արձակեց արուեստագէտ Զիատ Իթանին: Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք...

Մուսթաքպալ Պլոքը Անհրաժեշտ Կը Գտնէ,  Որ Պետական Ամավարկը Վաւերացուի  Նախքան Երեսփոխանական Ընտրութիւնները

Մուսթաքպալ Պլոքը Անհրաժեշտ Կը Գտնէ, Որ Պետական Ամավարկը Վաւերացուի Նախքան Երեսփոխանական Ընտրութիւնները

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը նշեց, որ «Պիել»-ի ընտրական փառատօնին յաջողութիւնը նոր փուլի մը սկիզբն է` Մուսթաքպալ հոսանքին համար, եւ անիկա կարեւոր փուլ մըն է` ազատ եւ ժողովրդավար ընտրութիւններ կատարելու համար: Մուսթաքպալ հոսանքը մաղթեց, որ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովը ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին միջազգային ընտանիքին եւ արաբական...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի անակնկալ պաշտօնազրկումը կը նշանակէ, որ աշխարհը մուտք պիտի գործէ իրարանցումի եւ քաոսի փուլ, որ կրնայ դրսեւորուիլ պատերազմներով: «Իսկ մեր շրջանը առաւելագոյն չափով ատակ է ներգրաւելու նման պատերազմներու մէջ», աւելցուց ան: ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդին վաւերացուցած 2018-ի պետական ամավարկը արդէն իսկ փոխանցուեցաւ խորհրդարան: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան...

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Կ՛այցելէ Լիբանան

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Կ՛այցելէ Լիբանան

Հարիրի. «Պիտի Շարունակեմ Հօրս Ուղեգիծով Ամրապնդել Լիբանանի Եւ Հայաստանի Երկկողմանի Յարաբերութիւններն Ու Գործակցութիւնը»  Կարապետեան. «Պէտք Է Հիմնել Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ներդրումներուն Զօրակցող Լիբանանեան-Հայկական Միացեալ Ֆոնտ Մը» Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ` ընդգծելով երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Վարչապետ Կարապետեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս...

Նախագահ Աուն Ընդգծեց, Որ «Հռոմ 2»-ի  Արդիւնքները Պիտի Ամրապնդեն Ապահովական  Հաստատութիւններուն Կարողութիւնները

Նախագահ Աուն Ընդգծեց, Որ «Հռոմ 2»-ի Արդիւնքները Պիտի Ամրապնդեն Ապահովական Հաստատութիւններուն Կարողութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ հերթաբար ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի գործակատար Փերնիլ Տահլեր Քարտելն ու Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթին, որոնց հետ քննարկեց «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր: Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ վաղը` չորեքշաբթի, 14 մարտին գումարուելիք «Հռոմ 2» խորհրդաժողովը կ՛ըլլայ արդիւնաւէտ` լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու առումով: Նախագահ...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2018-ի Պետական Ամավարկը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2018-ի Պետական Ամավարկը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցաւ 2018-ի պետական ամավարկը: 3 ժամ տեւած նիստէն ետք վարչապետ Հարիրի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Հարիրի շնորհաւորեց լիբանանցիները` 2018-ի ամավարկի կառավարութեան կողմէ վաւերացման առիթով: Հարիրի ըսաւ, թէ պետական ամավարկը կ՛ընդգրկէ բոլոր ոլորտներու բարեկարգումներ` ընդգծելով, որ վաւերացումը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերու ծրագիրը կը մերժէ` աւելցնելով, որ այս իմաստով իր ցուցաբերած կեցուածքը նորութիւն չէ: ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիներուն պատասխանատուութիւնն է արձագանգել լիբանանեան ներքին կեանքին մէջ արձանագրուած օտար միջամտութիւններուն: ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան շաբաթ գիշեր այցելեցին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի: Մեկնումի պահուն Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած են ընտրական իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ մթնոլորտը դրական էր, սակայն խորհրդակցութիւնները ամբողջացնելու կարիք կայ:

Page 661 of 987 1 … 660 661 662 … 987

Արխիւներ