Լիբանանեան

Պըրրի Ռաատի Հետ Քննարկեց Լիբանանը  Յուզող Իրադարձութիւնները

Պըրրի Ռաատի Հետ Քննարկեց Լիբանանը Յուզող Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի միջեւ կայ սկզբունքային եւ ռազմավարական համախոհութիւն` աւելցնելով, որ Պըրրիի հետ քննարկած է 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ տարբեր ընտրաշրջաններուն վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները: Ռաատ յայտնեց, որ Պըրրիին...

Ռաս Նաքուրայի Մէջ Զինուորական  Եռակողմանի Հանդիպում

Ռաս Նաքուրայի Մէջ Զինուորական Եռակողմանի Հանդիպում

Ռաս Նաքուրայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի նիստ մը, որուն մասնակցեցան լիբանանեան բանակը, իսրայէլեան ուժերն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծը պահպանելու քայլերը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնն ու հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերու հեռացման կարեւորութիւնը: Զօր. Պերի շեշտեց սահմանային բախումներու հաւանականութիւնը նուազեցնելու կարեւորութիւնը`...

«Քաղաքացիներն Են, Որոնք Կ՛որոշեն Զիրենք  Խորհրդարանին Մէջ  Ներկայացնելու Իմ Ատակութիւնս»  Շեշտեց Յ. Թերզեան

«Քաղաքացիներն Են, Որոնք Կ՛որոշեն Զիրենք Խորհրդարանին Մէջ Ներկայացնելու Իմ Ատակութիւնս» Շեշտեց Յ. Թերզեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ առաջադրուած թեկնածու Յակոբ Թերզեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք պիտի ջանայ իբրեւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ իր փորձառութիւնը վերածել խորհրդարանական աշխատանքի` հիմնուելով նաեւ ճարտարարուեստի, մարմնակրթութեան եւ բարգաւաճման բնագաւառներուն մէջ իր ունեցած փորձառութեան վրայ: Յ. Թերզեան ընդգծեց, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի, որովհետեւ համոզուած է, որ հանրային կեանքին մէջ իր...

Քանաան. «2018-ի Պետական Ամավարկին Մէջ  Ներառուած Բոլոր Նախարարութիւններուն  Եւ Վարչութիւններուն Պիւտճէները Վաւերացուցինք»

Քանաան. «2018-ի Պետական Ամավարկին Մէջ Ներառուած Բոլոր Նախարարութիւններուն Եւ Վարչութիւններուն Պիւտճէները Վաւերացուցինք»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ, նախագահելէ ետք յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ 2018-ի պետական ամավարկին քննարկումը, ըսաւ. «2018-ի պետական ամավարկին մէջ ներառուած բոլոր նախարարութիւններուն եւ վարչութիւններուն պիւտճէները վաւերացուցինք»: Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը երկուշաբթի եւ երեքշաբթի պիտի քննարկէ պիւտճէին կապուած օրինական հարցերը եւ այդ քննարկումին լոյսին տակ ինք իր տեղեկագիրը խորհրդարանին պիտի յղէ երեքշաբթի երեկոյեան:...

«Բրիտանիա Պիտի Շարունակէ  Օժանդակել Արսալին»   Ընդգծեց Շորթըր

«Բրիտանիա Պիտի Շարունակէ Օժանդակել Արսալին» Ընդգծեց Շորթըր

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր այցելեց Արսալ` ստուգելու համար ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին ենթարկուած սահմանամերձ լիբանանեան այս գիւղաքաղաքին իրավիճակը: Լիբանանի մէջ բրիտանական դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ լիբանանեան բանակին կողմէ յայտարարուած եւ գործադրուած «Բարձունքներու արշալոյսը» զինուորական գործողութեան իբրեւ արդիւնք Լիբանանի ապահովական կացութիւնը արմատական բարելաւում արձանագրեց, իսկ այսօր Արսալի արեւելեան սահմանները լիբանանեան բանակին հակակշիռին տակ կը գտնուին: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Շորթըր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի պահանջեց, որ կառավարական հիւանդանոցներու պաշտօնէութեան աշխատավարձերու յաւելումի հրամանագիրը վաւերացուի նախարարաց խորհուրդի յառաջիկայ նիստին: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ճիգերով կը հիմնուի իսկական պետութիւնը, եւ կ՛երաշխաւորուին պաշտօններն ու ծառայութիւնները: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի դաշինքը երկու հիմնական կուսակցութիւններու միջեւ ուժերու լրացում...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց  Ենթակառոյցներուն  Վերաբերող Ներդրումային Ծրագիրը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Ենթակառոյցներուն Վերաբերող Ներդրումային Ծրագիրը

Կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Նախքան նիստին գումարուիլը` նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը: Կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին վաւերացուց ենթակառոյցներուն վերաբերող ներդրումային ծրագիրը, որ 16 միլիառ տոլար կ՛արժէ եւ պիտի ներկայացուի Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն մաղթեց, որ խորհրդարանը ամէնէն...

«Տնտեսական Որեւէ Ծրագիրի Համաձայնելու  Պարագային Պիտի Վստահինք Նուազուրդներուն  Եւ Ոչ Թէ Փոխհամաձայնութեան Սկզբունքին»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Տնտեսական Որեւէ Ծրագիրի Համաձայնելու Պարագային Պիտի Վստահինք Նուազուրդներուն Եւ Ոչ Թէ Փոխհամաձայնութեան Սկզբունքին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն ներկայացուց Հըզպալլայի ընտրական ուղեգիծը, որուն շրջագիծին մէջ նշեց, որ Հըզպալլա բաւական լուրջ է յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին իր ներկայացուցած աշխատանքային ծրագիրին ընդմէջէն իրականացնելու իր նպատակները: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուին` աւելցնելով, որ իրենք խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայութեան ընդմէջէն կրցած են պաշտպանել Լիբանանը եւ անոր...

Նախարար Կիտանեան Յայտարարեց  «Լիբանան` Ապրելու Կիրքը» Կարգախօսը

Նախարար Կիտանեան Յայտարարեց «Լիբանան` Ապրելու Կիրքը» Կարգախօսը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երիտասարդութեան հզօրացման եւ իշխանութեան մէջ ներգրաւումին նպատակով կազմակերպուած յատուկ խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտարարեց «Լիբանան` ապրելու կիրքը» կարգախօսը, որուն ընդմէջէն Լիբանանի համաշխարհային շուկայադրումը պիտի կատարուի: Նշենք, որ այս կարգախօսը ճշդելու նպատակով «Ռիթինքինք Լեպանոն» միութիւնը ձեռնարկած էր մրցումի մը` հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան: Այդ մրցումին մասնակցած էին աշակերտներ, ուսանողներ եւ մեծ թիւով արտերկրի լիբանանցիներ: «Հիլթըն» պանդոկին մէջ երէկ տեղի...

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի  Խորհրդարանական Յանձնախումբը Շարունակեց  Վաւերացնել Նախարարութիւններուն  Եւ Պետական Վարչութիւններուն Պիւտճէները

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Շարունակեց Վաւերացնել Նախարարութիւններուն Եւ Պետական Վարչութիւններուն Պիւտճէները

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ դարձեալ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան 2018-ի պետական ամավարկին ընդգրկած տարբեր նախարարութիւններուն պիւտճէները: Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը վաւերացուցած է վարչապետարանին, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան, Պետական անվտանգութեան ուժերուն, Գաղթականներու հատուցման սնտուկին, Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին, խորհրդարանին, Ընկերային-Տնտեսական խորհուրդին, Փրկարար աշխատանքի գերագոյն խորհուրդին, առողջապահութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ...

Պըրրի. «Յոյսի Եւ Հաւատարմութեան»  Ընտրացանկը Ընտրական Առանձնաշնորհում Չէ»

Պըրրի. «Յոյսի Եւ Հաւատարմութեան» Ընտրացանկը Ընտրական Առանձնաշնորհում Չէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի նահանգապետն ու մեծ թիւով ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր: Պըրրի շեշտեց, որ «Յոյսի եւ հաւատարմութեան» ընտրացանկը ընտրական առանձնաշնորհում չէ, այլ` հակառակը: Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ եթէ այդ ընտրացանկը առանձնաշնորհում ըլլար, ապա պէտք էր անոր թեկնածուները առանց մրցակիցի գոյութեան ընտրուէին, սակայն փաստօրէն իրականութիւնը վերոնշեալ ամբաստանութիւններուն չի համապատասխաներ:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանի ընտրական իրավիճակը: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ շնորհաւորագիր մը յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` անոր վերընտրութեան առիթով, եւ անոր փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց «Ազմ»-ի ընտրացանկին քուէարկելու, որպէսզի կարելի ըլլայ իրենց ուժը Լիբանանի խորհրդարանին...

«Հանրապետութեան Նախագահը Յանձնառու Է  Դատախազներուն Իրաւունքներուն»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Հանրապետութեան Նախագահը Յանձնառու Է Դատախազներուն Իրաւունքներուն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր: «Հանրապետութեան նախագահը յանձնառու է դատաւորներուն իրաւունքներն ու անոնց շահերը պաշտպանելու` նկատի ունենալով երկրին ու պետութեան ելեւմտական իրավիճակը», ըսաւ նախագահ Աուն: Միւս կողմէ, հովանաւորութեամբ նախագահ Աունի, Պաապտայի մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը կատարողութեամբ «Երեխաներու...

Վարչապետին Հետ Հանդիպումէն Ետք.   Երեսփոխան Խալետ Տահեր  Յետս Կոչեց Իր Թեկնածութիւնը

Վարչապետին Հետ Հանդիպումէն Ետք. Երեսփոխան Խալետ Տահեր Յետս Կոչեց Իր Թեկնածութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց երեսփոխան Խալետ Տահերը, որ հանդիպումէն ետք յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը` կոչ ուղղելով իր համակիրներուն եւ հետեւորդներուն 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն զօրակցելու վարչապետ Հարիրիի եւ անոր քաղաքական ուղեգիծին, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել Լիբանանը: Տահեր յայտնեց, որ իր միակ նպատակը սիւննի համայնքին միասնականութիւնն է, Տար Ֆաթուայի յարկին տակ ըլլալն ու Աքքարի ծառայութիւնը: «Ես...

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Վերածելու Հարաւային  Լիբանանի Սկզբունքներուն Շուրջ Հանրաքուէի

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Վերածելու Հարաւային Լիբանանի Սկզբունքներուն Շուրջ Հանրաքուէի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց բարգաւաճման, ծառայութիւններուն եւ ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր: Պըրրիի այցելեց նաեւ Սուրի թաղապետները ներկայացնող ընդարձակ պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան Պըրրի կոչ ուղղեց հարաւային Լիբանանի բնակչութեան կատարելիք երեսփոխանական ընտրութիւնները վերածելու հանրաքուէի մը` լիբանանեան ազգային իսկական միասնականութիւնը եւ համերաշխութիւնը անհրաժեշտ նկատող հարաւային Լիբանանի սկզբունքներուն շուրջ: Պըրրի շեշտեց ընտրութիւններուն մասնակցելու կարեւորութիւնը` հաստատելով,...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի  Երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա Յետս  Կոչեց Իր Թեկնածութիւնը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա Յետս Կոչեց Իր Թեկնածութիւնը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա երէկ յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը` 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Իր խօսքը ուղղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ իր ընկերներուն` Նիքոլա յայտնեց, որ 28 տարուան պայքարէ (որոնցմէ 13 տարին` խորհրդարանին մէջ) ետք, ինք շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մեթնի բնակչութեան, որոնք իրենց վստահութիւնը շնորհեցին իրեն: «Երեսփոխանական ընտրութիւններէն թեկնածութիւնս յետս կը կոչեմ եւ կը հեռանամ մաքուր ձեռքով, ինչպէս...

Լիբանանի Տնտեսական-Ընկերային  Խորհուրդի Ընդհանուր Նիստ.  Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան  Ներկայացուց Իր Նախագահած Յանձնախումբին  Աշխատանքային Ուղեգիծը

Լիբանանի Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդի Ընդհանուր Նիստ. Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան Ներկայացուց Իր Նախագահած Յանձնախումբին Աշխատանքային Ուղեգիծը

Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդը երկուշաբթի, 19 մարտ 2018-ին, իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր հերթական երկրորդ ընդհանուր նիստը, որուն ընթացքին խորհուրդի յանձնախումբերուն նախագահները ներկայացուցին իրենց աշխատանքային ուղեգիծերը: Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան իր կարգին ներկայացուց իր նախագահած յանձնախումբին աշխատանքային ընդհանուր ուղեգիծն ու գործունէութեան պատկերացումը, որ մօտիկ ապագային պիտի ստանայ իր վերջնական բանաձեւումը: Իր խօսքին մէջ, դոկտ. Պայրագտարեան անդրադարձաւ...

Եաագուպ Սարրաֆ Կը Հաստատէ Երկրին  Սահմաններն Ու Բնական Հարստութիւնները  Պաշտպանելու Լիբանանեան  Բանակին Կարողութիւնը

Եաագուպ Սարրաֆ Կը Հաստատէ Երկրին Սահմաններն Ու Բնական Հարստութիւնները Պաշտպանելու Լիբանանեան Բանակին Կարողութիւնը

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրլանտայի պաշտպանութեան նախարար Փոլ Քեհոյի հետ, որ երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Լիբանան եւ Նահատակաց յուշարձանին զետեղած ծաղկեպսակ մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Սարրաֆ եւ Քեհոյ ընդգծեցին երկկողմանի գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս զինուորական բնագաւառին մէջ: Ապա Սարրաֆ իրլանտացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը: Ան հաստատեց,...

Քանաանի Նախագահած Յանձնախումբը  Շարունակեց Վաւերացնել  Նախարարութիւններուն Պիւտճէները

Քանաանի Նախագահած Յանձնախումբը Շարունակեց Վաւերացնել Նախարարութիւններուն Պիւտճէները

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան 2018-ի պետական ամավարկին ընդգրկած տարբեր նախարարութիւններուն պիւտճէները: Քանաան բարձր գնահատեց յանձնախումբին աշխատանքները եւ յայտնեց, որ յանձնախումբը կրցած է վաւերացնել երկրագործութեան, զբօսաշրջութեան, ճարտարարուեստի, արդարութեան, տեղեկատուութեան, գաղթականներու հարցերու, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի պիւտճէները: Քանաան նշեց նաեւ, որ յանձնախումբը արդար կը գտնէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ահաբեկչութիւն գործադրած Իսլամ եղբայրներուն դպրոցը աւարտած է` աւելցնելով, որ ան տասնամեակներ շարունակ արաբ ժողովուրդին դէմ ահաբեկչութիւն գործած է եւ քաղցկեղի նման տարածուած արաբ ժողովուրդին մարմինին մէջ: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի մերժեց այն ամբաստանութիւնները, որոնք կը կատարուին նախագահական պալատին հասցէին` երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջամուխ դառնալու իմաստով: Ժրայսաթի հաստատեց, որ նախագահական...

Page 659 of 987 1 … 658 659 660 … 987

Արխիւներ