Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի նաւթային հարստութեան դէմ իսրայէլեան յարձակումը զսպող միակ միջոցը Դիմադրութիւնն է: Ան նշեց, որ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժեր գոյութիւն չունին այլեւս` աւելցնելով, որ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի միջեւ գոյացած ընտրական դաշինքին նպատակը շիի համայնքի միացեալ ճակատ մը կազմելը չէ, այլ` յոյս եւ հաւատարմութիւն:
Ան աւելցուց, որ իրենք ոչ մէկ ընտրաշրջանի պարագային ներկայացուցչութեան մենաշնորհը իրենց կը վերապահեն:
Ան հաստատեց, որ Ուաշինկթըն պիտի չհամարձակի սուրիական հողերը ռմբակոծել` առանց թշնամի Իսրայէլի պաշտպանութիւնը ապահովելու:
Պըրրի կոչ ուղղեց Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն` խիտ շարքերով ուղղուելու քուէարկութեան:
Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ ինք Լիբանանի մէջ թշնամիներ չունի, այլ կան քաղաքական տարակարծութիւններ եւ հակառակորդներ, իսկ միակ թշնամին կը մնայ Իսրայէլը: