Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը` ընկերակցութեամբ ֆրանսական «Էվենըման» միութեան:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ֆրանսական եւ համաշխարհային ճամբորդական գրասենեակներու եւ միջազգային խորհրդաժողովներ, համագումարներ եւ դասախօսութիւններ կազմակերպող գործակալութիւններու 70 տնօրէններ:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը Պէյրութ կը գտնուի նախարարութեան հրաւէրով` աւելցնելով, որ նախարարութեան ռազմավարութիւնն է Լիբանանը վերածել Միջին Արեւելքի մէջ համագումարներու եւ խորհրդաժողովներու կեդրոնի մը, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի վայելած ապահովական կայունութիւնը, որուն շնորհիւ ան վերածուած է զբօսաշրջական կեդրոնի եւ խորհրդաժողովներ կազմակերպող ընկերութիւններուն հանդիպման վայրին:
Ապա խօսք առաւ «Էվենըման» միութեան նախագահ Պերթրան Փիեռ, որ նշեց, թէ պատուիրակութեան եւ նախարար Կիտանեանի միջեւ գործակցութիւն արձանագրուած է` Լիբանանի զբօսաշրջական մարզը բարելաւելու եւ Լիբանանը վերածելու Միջին Արեւելքի խորհրդաժողովներու կեդրոնին:
Ան նշեց, որ նախագահ Աունի կեցուածքներուն շնորհիւ Լիբանան սպառնալիք նկատուող երկրէ մը վերածուած է խորհրդաժողովներու եւ համագումարներու կեդրոն ըլլալու թեկնածու երկրի մը, որ իր կարգին առիթ մըն է զբօսաշրջիկներուն եւ զբօսաշրջական ընկերութիւններուն ուղղուելու Լիբանան եւ կազմակերպելու իրենց միջազգային համագումարները:
Իր կարգին, նախագահ Աուն շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանան երկիր մըն է, ուր բոլորը հանգիստ կը զգան: Ան նշեց, որ ֆրանսացիներուն Լիբանան այցելութիւնը ողջունելի է, այդ այցելութիւնները ըլլան զբօսաշրջական նպատակով, թէ ներդրումի:
Ան յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները կ՛ամրապնդուին:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Իտալիոյ եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Կալթիերօ Պասիթի, որուն ընկերակցեցան Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի անուան հաստատութեան փոխնախագահ գերապայծառ Լուչիանօ Ճիովանեթի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակի տեղակալ գերապայծառ Իվան Սանթոս:
Հանդիպումին ընթացքին գերապայծառ Պասիթի շեշտեց, որ Վատիկանի համար Լիբանանը տարբեր համայնքներու եւ յարանուանութիւններու միջեւ համերաշխութեան եւ գոյակցութեան օրինակելի երկիրն է, ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի մէջ, այլեւ ամբողջ աշխարհին: «Պատգամի երկիր Լիբանանը` ինչպէս անուանած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` բոլոր կրօնները միացնելով: Անշուշտ նախագահ Աուն եւս իր դերակատարութիւնը ունի այս իմաստով: Լիբանանի մասին իմ տպաւորութիւններս պիտի ներկայացնեմ Ֆրանչիսկոս պապին, որ միշտ կ՛աղօթէ Լիբանանի համար», ըսաւ Պասիթի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն պապական աթոռին զօրակցութիւնը խնդրեց` Լիբանանը վերածելու կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններուն երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի, յատկապէս նկատի ունենալով այս իմաստով կարգ մը երկիրներու ընծայած հաւանութիւնը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նաւթահորերու բացայայտման եւ պեղման յատուկ խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Քասեմ Ղարիպի:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ նաւթի արտահանումը կը բարելաւէ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը, որ լրջօրէն ազդուած է սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին հետեւանքներէն:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ֆատի Աուար եւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի:
Նշենք, որ նախագահ Աուն երեքշաբթի, 20 մարտ 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 35 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: