Ապպուտ. «Ս. Զատկուան Տօնէն Ետք Ուսուցիչները Դպրոց Պիտի Չվերադառնան»
Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն իմանալու իրենց աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները, յատկապէս այն իրականութիւնը, որ սենտիքան կը մերժէր այդ իմաստով իրեն առաջարկուած «ականուած» բոլոր համաձայնութիւնները: Ապպուտ կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն պոյքոթի ենթարկելու 6 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը` շեշտելով, որ երեսփոխանները կը մտածեն ուսուցիչներուն յատկացուած 6 աստիճանի յաւելումները մասնավճարի դրութեամբ վճարել տալ` առանց յետնեալները վաւերացնելու: Ապպուտ...



















