Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան նշեց, որ Լիբանանի ուժը անոր ազգային միասնականութեան մէջ է` աւելցնելով, որ այդ ազգային միասնականութեան մարմնաւորումն է «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» տարազը:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ կան համաձայնութիւններ, որոնք իբրեւ մէկ ամբողջութիւն կը հասնին նախարարաց խորհուրդի սեղան` աւելցնելով, որ գործակցութիւնը չի նշանակեր ջնջել սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ ժողովրդային պատուիրակութեան մը հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց զօրակցելու ներկայ իշխանութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքի զարթօնքին նպաստող ծրագիրներուն: Ան հաստատեց, որ նաւթի արտահանումը պիտի նպաստէ Լիբանանի տնտեսական անկախութեան:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի ընդգծեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին գոյացուցած ընտրական դաշինքը ազգային բոլոր սկզբունքներուն շուրջ հաստատ դաշինք մըն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի հաստատեց, որ իսլամական բանտարկեալներուն համաներում շնորհելու օրէնքը քննարկումի ընթացքին մէջ է եւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք պիտի վաւերացուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ Ամալ շարժումին ունեցած դաշինքը պարզապէս ընտրական դաշինք մը չէ, այլ` ռազմավարական դաշինք մը: Ան կոչ ուղղեց օգտագործելու քաղաքական այնպիսի բառամթերք մը, որ կը միացնէ եւ ոչ թէ կը բաժնէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի քննադատեց քաղաքական բառամթերքի մակարդակին արձանագրած անկումը, ինչպէս նաեւ վարկաբեկիչ եւ լուտանքներով լեցուն ցեխարձակումները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի դաշինքը Լիբանանի ապագային ծառայող դաշինք է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կը կատարուին այնպիսի ընտրական օրէնքի մը հիման վրայ, որ համայնքային եւ յարանուանական բոլոր զգայնութիւնները կը գրգռէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ թուիթըրեան գրառումով մը յայտնեց, որ Իսլամ եղբայրներուն հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան գոյացուցած դաշինքը երեսփոխանական ընտրութիւններուն ծաղրական երեւոյթներէն մէկը կը նկատուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի վարչապետ Սաատ Հարիրին հրաւիրեց հրապարակային բանավէճի մը: Ռիֆի հաստատեց, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ կրնայ ճշդել երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները` նախքան այդ ընտրութիւններուն կայացումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը պէտք չէ կապել Սուրիոյ տագնապին լուծման:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը նոր կազմուելիք խորհրդարանին մէջ նոր հաւասարակշռութիւններու քարտէս մը կը պատկերացնեն: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ ընտրարշաւները մնան ժողովրդավարական մրցակցութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան շրջագիծին մէջ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կազմուելիք նոր խորհրդարանը շուրջ 50 նոր անդամ պիտի ունենայ:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 35-Ամեակ. Դաշնակահար Մարի Աւետիս Եսայեանի Կատարողութեամբ Երաժշտական Երեկոյ Եւ «Որոնում» Խտասալիկի Գինեձօն

Յաջորդը

Բանակի Հրամանատարը Զօր. Պերիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?