Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Կազմակերպումին Եւ Նշանակեց Թաղապետներու Սնտուկի Վարչական Խորհուրդը

March 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նախքան նիստին գումարուիլը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին նախարարաց խորհուրդին քննարկելիք օրակարգը:

Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն կազմակերպումին եւ նշանակեց թաղապետներու սնտուկի վարչական խորհուրդ մը:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհաւորեց լիբանանցիները, ի մասնաւորի քրիստոնեայ համայնքը` Ս. Զատկուան տօնին առիթով, անոնց յայտնելով իր բարեմաղթութիւնները:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց վերջ տալու ելեկտրականութեան թղթածրարին լուծումը յետաձգելու եւ այդ իմաստով յապաղում արձանագրելու միտումներուն` ընդգծելով, որ այդ ուշացումին գինը լիբանանցիներն ու լիբանանեան պետութիւնը կը վճարեն:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ելեկտրականութեան թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպը անընդունելի է` հաստատելով, որ պէտք է այդ տագնապին լուծման իմաստով ժամանակաւոր ելքեր ապահովել` մինչեւ որ կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ ելեկտրակայաններ հիմնել:

Նախագահ Աուն շեշտեց, թէ ինք ոչ մէկ ընտրանքի շուկայադրումը կամ քարոզչութիւնն է, որ կը կատարէ, այլ` իր ամբողջ փափաքն է, որ երկիրն ու քաղաքացին ելեկտրական հոսանք ունենան` ամբողջ երկրին տարածքին եւ առանց ընդհատումի: Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն յայտնեց, որ ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերուն դէմ քննադատութիւն ուղղողները այլընտրանքներ չեն առաջարկած:

«Ինծի համար կարեւորը քաղաքացիներուն ելեկտրականութիւն ապահովելն է եւ ոչ թէ ելեկտրական հոսանքը ապահովելու միջոցը», ըսաւ ան:

Ան կոչ ուղղեց նախարարներուն իրենց նախարարութիւններուն ստանձնած քաղաքացիներուն ծառայութեան հրատապ աշխատանքները ամբողջացնելու մինչեւ 20 մայիս 2018` խորհրդարանի նստաշրջանին աւարտը, երբ նոր խորհրդարանին կազմութեամբ կառավարութիւնը արդէն իսկ հրաժարած կը նկատուի:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի կոչ ուղղեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարին, որ ելեկտրականութեան իրավիճակին մասին իր պատրաստած տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ այդ տագնապին լուծման տարբերակներու պատկերացումը յղէ կառավարութեան, որպէսզի վերջինս համապատասխան որոշումները տայ:

Հարիրի ցաւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ելեկտրականութեան տագնապի լուծման իմաստով ոչ մէկ նուաճում արձանագրած է:

Ան շեշտեց, որ ելեկտրականութեան թղթածրարին նկատմամբ քաղաքական մօտեցում ցուցաբերուած է, մինչ բոլորին շահերուն կը ծառայէ, որ այդ թղթածրարին թեքնիք մօտեցում ցուցաբերուի` ուժանիւթի աղբիւրները ապահովել կարենալու համար:

Նախորդը

Պըրրի Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Սահմանային Իրավիճակն Ու «Հռոմ 2»-ի Արդիւնքները

Յաջորդը

«Էրտողան Անձամբ Հրահանգած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Պերլինի Մէջ Ցոյցեր Կազմակերպել» Կը Գրէ «Տեր Շփիկըլ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.