Երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածուները տարբեր ընտրացանկերու մէջ համախմբելու եւ այդ ընտրացանկերը յայտարարելու սահմանադրական վերջին պայմանաժամը կ՛աւարտի երկուշաբթի, 26 մարտի կէս գիշերին:
Այս շրջագիծին մէջ մինչեւ երէկ գիշեր ներքին գործոց նախարարութեան մօտ արձանագրուեցան 31 ընտրացանկեր, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ընտրաշրջանները:
Ընտրացանկերուն յայտարարութեան եւ տարբեր շրջաններու մէջ ընտրական դաշինքներու յստակացումին ծիրին մէջ ընտրապայքարի պատկերը գրեթէ սկսաւ յստականալ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը վատ է այն իմաստով, որ անիկա նոյն ընտրացանկին մէջ մրցակցութեան դուռ կը բանայ:
Ան նկատել տուաւ, որ ընտրացանկերուն քուէարկելու կողքին, պէտք է նաեւ վարկանշային քուէները արդար կերպով բաժնուին, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրացանկի բոլոր թեկնածուներուն յաջողութիւնը ապահովել:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանէն յայտարարեց Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանի ընտրացանկը:
Վարչապետ Հարիրի այսօր Աքքարի մէջ պիտի յայտարարէ այդ ընտրաշրջանի ընտրացանկը, իսկ վաղը` կիրակի, 25 մարտին, Թրիփոլիի մէջ պիտի յայտարարէ համապատասխան շրջանի ընտրացանկը:
Երէկ երեկոյեան յստակ դարձաւ նաեւ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Շուֆի եւ Ալէյի մէջ պիտի դաշնակցի Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ, Զղարթայի մէջ` Անկախութիւն շարժումի ղեկավար Միշել Մուաուատի, իսկ Սայտա-ժեզզինի մէջ` Ժամաա Իսլամիէի եւ Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրիի հետ:
Սայտա-Ժեզզին ընտրաշրջանին մէջ գոյացած ընտրական այս դաշինքին պատճառով նոյն ընտրաշրջանի թեկնածուներէն Ժատ Սաուայա յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի հետ համաձայնութեամբ:
Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը` ընդառաջելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարութեան փափաքին:
Նշենք, որ Պասիլ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ պիտի յայտարարէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկերը:
Պաալպեք-Հերմել ընտրաշրջանին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր երկու թեկնածուներով մաս կազմեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի ընտրացանկին:
Նշենք, որ Քեսրուան-Ժիպէյլ շրջանին մէջ հիմնուեցաւ քաղաքական նոր խմբակցութիւն մը` Ազգային զօրակցութեան շարժումը, որուն մաս կազմեցին նախկին նախարար Ժան Լուի Քըրտահի եւ քեսրուանցի ու ժիպէյլցի անկախ անձնաւորութիւններ: Այս շարժումը պիտի յայտարարէ Ազգային զօրակցութեան ընտրացանկը, որուն պիտի նախագահէ Ժան Լուի Քըրտահի, եւ շատ հաւանական է, որ այդ ընտրացանկը ներառէ Հըզպալլայի թեկնածու Հիւսէյն Զաայթերը:
Նշենք, որ Քեսրուան-Ժիպէյլի պարագային Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները եւս յայտարարեցին իրենց ընտրացանկերը` տարբեր ընտրաշրջաններուն համար:
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ եւս յայտարարուեցան կարգ մը ընտրացանկեր` քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան կողմէ:


