Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքի Զահլէի Ընտրացանկի Հայ Թեկնածուն` Հյդ-Ի Թեկնածուն Չէ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Մարտ 27, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքներուն, ընտրական ծրագիրին եւ տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ Կեդրոնական կոմիտէին առաջադրած թեկնածուներուն:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ քաղաքական այլ ուժերու հետ բաղդատելով կարելի չէ ըսել, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ընտրական դաշինքները փոփոխութեան ենթարկած է:

«ՀՅԴ-ն 2005-էն ի վեր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշնակիցն է եւ այդ դաշինքին մէջ եղած է 2009-ին, եւ կը շարունակէ մնալ մինչեւ օրս, որովհետեւ ՀՅԴ-ի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ նաեւ քաղաքական դաշինք գոյութիւն ունի», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն ամէն ջանք ի գործ դրած է Մեթնի պարագային համախմբելու երեսփոխան Միշել Մըրը, Ազգային ազատ հոսանք եւ Ղովմի կուսակցութիւնները, սակայն դժբախտաբար կարելի չեղաւ համախոհութիւն գոյացնել եւ համախոհական ընտրացանկով մը մասնակցիլ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: «Այդ անհամաձայնութեան լոյսին տակ, երեսփոխան Մըրի հետ համաձայնեցանք բաժնուիլ, սակայն մեր բարեկամութիւնն ու մտերմութիւնը կը շարունակուի, ուրեմն ատիկա անկարելի է «ամուսնալուծում» նկատել», յայտնեց ան:

Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին պարագային մեր ընտրական դաշինքին վրայ աւելցաւ նաեւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ)` Մուսթաքպալ հոսանքին հետ գոյացած ընտրական դաշինքին շրջագիծին մէջ: «Զահլէի մէջ չկրցանք Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ հայ թեկնածուին շուրջ համաձայնիլ, բայց եւ այնպէս Ազգային ազատ հոսանքին հետ մեր դաշինքը կը մնայ հաստատ` հակառակ անոր որ Այնճարի եւ Զահլէի հայութեան մօտ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Ազգային ազատ հոսանքի ընտրացանկին վրայ նկատի առնուած հայ թեկնածուին նկատմամբ դժգոհութիւն կայ: Զահլէի մէջ մենք մեր թեկնածուն ունէինք, սակայն դժբախտաբար կարելի չեղաւ զայն մեր ընտրական դաշնակիցներուն ընտրացանկին մէջ նկատի ունենալ, հետեւաբար ան յարմար գտաւ, որ միանայ Ժողովրդային պլոքի նախագահ Միրիամ Սքաֆի գլխաւորած ընտրացանկին: Զահլէի մէջ աշխատանք կայ տարուելիք, որպէսզի կարելի ըլլայ Ազգային ազատ հոսանքին հետ ընտրական դաշինքը հաստատել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Զահլէի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընտրացանկի հայ թեկնածուն` Մարիժան Պիլեզիկճեանը ՀՅԴ-ի թեկնածուն չէ:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ թէեւ Այնճարի եւ Զահլէի հայութեան քուէները այդ շրջանին մէջ համեմատաբար աւելի քիչ են եւ անցման համեմատութիւնը չեն ապահովեր, սակայն հայութեան քուէները անշուշտ իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան ընտրացանկին, թեկնածուին եւ նախընտրութեան քուէին վրայ:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի գոյացուցած ընտրական դաշինքները տրամաբանական դաշինքներ են, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքականութեան մակարդակով կան դաշինքներ, որոնք միայն թիւերու վրայ հիմնուած եւ զուտ ընտրական են, իսկ 6 մայիսէն ետք, բոլորը պիտի վերանան եւ քաղաքական դաշինքները շարունակեն այնպէս, ինչպէս որ էին երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ:

Պատասխանելով այն եզրակացութեան, թէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն առաջին անգամն է, որ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ կը դաշնակցի Հնչակեան կուսակցութեան հետ, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ եզրակացութիւնը անհիմն է` աւելցնելով, որ 1992-ի եւ 1996-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն ՍԴՀԿ-ի հետ ընտրական դաշինք մը ունեցած է եւ ՍԴՀԿ-ի երեսփոխան Եղիկ Ճերեճեան մաս կազմած է Հայկական երեսփոխանական պլոքին: Ան նշեց, որ 2000-ին էր, որ բաժանումը արձանագրուեցաւ, ՍԴՀԿ-ը եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը (ՌԱԿ) դաշնակցեցան Մուսթաքպալ հոսանքին հետ, եւ ՀՅԴ-ն կորսնցուց իր ներկայացուցիչները: «Այսօր ՍԴՀԿ-ի հետ դաշինքը վերականգնուած է, սակայն ՌԱԿ-ը, որ Մուսթաքպալի դաշնակիցն էր, աւելի յարմար գտաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ դաշնակցիլ», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի վերահաստատեց, որ ընտրական ծրագիրներուն եւ ուղեգիծերուն առաստաղները այս փուլին կրնան շատ բարձրանալ` աւելցնելով, որ 6 մայիսէն ետք որդեգրուելիք ընթացքն է, որ կրնայ այդ բոլոր խոստումները փաստել: «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին համար ընտրական աշխատանքին եւ մշակուած ծրագիրներուն համեստութիւնը, գետնի վրայ կատարուած աշխատանքն ու կուսակցութեան անցեալն ու պատմութիւնը կը մնան լաւագոյն ուղեգիծերը», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի:

Նախորդը

«Միջազգային Ընտանիքին Կողմէ Լիբանանին Կատարուած Խոստումները Պէտք Է Գործնական Քայլերու Վերածել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Կ՛ափսոսամ, Որ Ազրպէյճան Ռուսիայէն Գնած Զէնքով Խախտեց Զինադուլը. Ռուսիան Հետեւութիւններ Կատարած Է» Կ՛ըսէ Զաթուլին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 11, 2025
Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?