Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերն Ու Հոսանքները Կը Շարունակեն Յայտարարել Ընտրացանկերը. Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց Իր Ընտրացանկերը, Որոնցմէ Երկուքին Մէջ Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Թեկնածուները

Մարտ 26, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուները համախմբող ընտրացանկեր յայտարարելու շրջագիծին մէջ, շաբաթավերջին քաղաքական ուժերը ունեցան աշխուժ գործունէութիւն:

Այս առումով, շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը մեկնարկը կատարեց ընտրարշաւի սկիզբին եւ յայտարարեց իր ընտրական ծրագիրն ու Լիբանանի ամբողջ տարածքին կուսակցութեան ընտրացանկերը:

Այդ ընտրացանկերէն երկուքը ընդգրկեցին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի առաջադրած թեկնածուները:

Հետեւաբար Մեթնի յայտարարուած ընտրացանկին մաս կազմեցին. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Իպրահիմ Քանաան, Էտկար Մաալուֆ, Էլիաս Ապու Սաապ, Սարգիս Սարգիս, Քոլին Աշքար, Ղասսան Աշքար, Ղասսան Մուխայպեր:

Իսկ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի (Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Մտաուար եւ Սայֆի) ընտրացանկի անդամներն են. Յակոբ Թերզեան, Ալեքսան Մաթոսեան, Սերժ Չուխատարեան, Սեպուհ Գալփաքեան, Նիքոլա Սահնաուի, Մեսուտ Աշքար, Նիքոլա Շամմաս եւ Անթուան Փանօ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ ունենալիք հզօր ներկայութեամբ է, որ պիտի կարենան յաջորդ իշխանութեան մէջ փոփոխութիւն եւ բարեկարգում յառաջացնել` մինչեւ 6 մայիս 2022:

Ան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկերը անուանեց հզօր ընտրացանկեր` կոչ ուղղելով կուսակցութեան հետեւորդներուն եւ համակիրներուն խուռներամ ուղղուելու քուէատուփեր եւ իրենց քուէն շնորհելու Ազգային ազատ հոսանքի ընտրացանկերուն:

Անդրադառնալով երկրին մշակելիք Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան` Պասիլ ընդգծեց, որ պաշտպանութեան ռազմավարութեան զօրավարը լիբանանեան բանակն է` իր կողքին ունենալով ժողովուրդն ու Դիմադրութիւնը:

Պասիլ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի առաջնորդուի «Ազատութիւն, անկախութիւն եւ գերիշխանութիւն» կարգախօսով` նկատի ունենալով, որ իր հիմնադրութեան օրէն` աունական շարժումի օրերէն այդ շարժումը սոյն կարգախօսով գործած է:

Մինչ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւ յայտնեց, թէ որքան 6 մայիսին` երեսփոխանական ընտրութիւններու թուականին մօտենանք, այդքան աւելի պիտի նուազի քաղաքական անձնաւորութիւններուն յայտարարութիւններուն մակարդակը, վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ կէսօրին բանակի ուղղաթիռով մը ուղղուեցաւ հիւսիսային Լիբանան:

Թրիփոլիի մէջ Հարիրի ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ռազմավարական են եւ անոնց ընդմէջէն է, որ կարելի պիտի ըլլայ երկրին մէջ փոփոխութիւններ կատարել:

«Քուէարկութեան արդիւնքին պարզած պատկերն է, որ պիտի ճշդէ քաղաքական անձնաւորութիւններու յաջորդ ընտրանին, որ պիտի գործադրէ երկրին սահմանադրութիւնը», ըսաւ Հարիրի:

Աքքարի մէջ վարչապետ Հարիրի յայտարարեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընտրացանկը, որ կրեց «Ապագան Աքքարին» անունը:

Վարչապետը հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Աքքարին փայլուն ապագայ մը ապահովելու համար: Ան բարձր գնահատեց Աքքարի մէջ տիրող ազգային միասնականութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանանի եւ անոր պետականութեան ու գերիշխանութեան պաշտպանութեան առումով Աքքար առաջնագիծի վրայ կը մնայ:

Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Աքքարի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններուն, յատկապէս նախարար Մույին Մերեհպիի եւ երեսփոխաններ Խալետ Տահերի, Խալետ Զահրամանի եւ Նիտալ Թոհմէի, որոնք Աքքարը եւ զինք ներկայացուցած են խորհրդարանին մէջ:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան վարչապետ Հարիրի Մանարայի «Փալաս Քաֆէ» ճաշարանին մէջ հովանաւորեց նախաճաշ մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ հայրենիքին համար պէտք է զիջումներ կատարել` աւելցնելով նաեւ, որ այդ զիջումները կատարելու ընթացքին պէտք է նաեւ համբերել, որովհետեւ Լիբանանը միայն երկխօսութեան վրայ կարելի է հիմնել: Ան նշեց, որ Պէյրութ այսօր բարկացած է, որովհետեւ ոմանք կը փորձեն անոր որոշումը իրենց հակակշիռին տակ առնել` մտածելով, որ մայրաքաղաքը խոր քունի մէջ է: «Սակայն այս ամբողջը իրականութեան չի համապատասխաներ, որովհետեւ Պէյրութ պարզապէս համբերատար է, եւ երբ ան իր վրայ կուտակուած փոշին թօթափէ, այդ պարագային միայն մարդիկ պիտի գիտնան Պէյրութի եւ պէյրութցիի ինքնութիւնը», շեշտեց ան:

Յետմիջօրէին վարչապետ Հարիրի Մընիէ-Տըննիէի մէջ յայտարարեց Թրիփոլիի Բ. ընտրաշրջանի ընտրացանկը` հաստատելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ամէնէն գեղեցիկ պատկերը այն է, երբ կը դրսեւորուի Մուսթաքպալ հոսանքին նկատմամբ ժողովուրդին հաւատարմութիւնը: «Այս հաւատարմութիւնն է, որ իսկական ոսկին է, որմէ կը զատորոշուի կեղծ թիթեղը», ընդգծեց ան:

Հարիրի շեշտեց, որ Հիւսիսային Լիբանանի որոշումին տիրապետելու բոլոր փորձերը պիտի ձախողին` աւելցնելով, որ իրենք կը գտնուին սիւննի համայնքի պաշտպանութեան առաջնագիծին վրայ:

Թրիփոլիի մէջ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ իսլամական բանտարկեալներու հարազատներուն հետ:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք այցելեց Թարիք Ժտիտէի Քասքաս շրջանը, ուր շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճակատագրական են` աւելցնելով, որ ով որ Մուսթաքպալ հոսանքին ի նպաստ չի քուէարկեր, ապա իր քուէն` կրկնապատկուած ձեւով, յատկացուցած կ՛ըլլայ Պէյրութը վարկաբեկողներուն:

Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին համար յայտարարուեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր, Փաղանգաւոր եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ անկախ անձնաւորութիւններուն կազմած ընտրացանկը:

Նշենք, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Քեսրուանի մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ ընտրական դաշինք չեն կրցած գոյացնել:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթ գիշեր հովանաւորեց Մարատա հոսանքի Քուրայի մասնաճիւղի տարեկան ընթրիքի երեկոն, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Մարատայի հետեւորդներուն եւ համակիրներուն նախընտրութեան քուէն պիտի յատկացուի Մարատայի ընտրացանկերուն: «Ո՛վ որ ընտրութիւններու թեկնածու Ֆայեզ Ղոսընը ընտրէ` իր քուէն ինծի շնորհած կ՛ըլլայ», աւելցուց Ֆրենժիէ:

Միւս կողմէ, Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Զիատ Մքարիի հետ, որ յայտնեց, թէ իր թեկնածութիւնը յետս  պիտի կոչէ ի շահ Ֆրենժիէի ներկայացուցած քաղաքական ուղեգիծի յաղթանակին:

Շուֆի եւ Ալէյի մէջ Թայմուր Ժոմպլաթ յայտարարեց Ընկերվար յառաջդիմական եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ ընտրական դաշինքով գոյացած ընտրացանկը: Ան հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ հաշտութեան ուխտն ու ժողովրդավարութեան պահպանումը կը մնան առաջնահերթութիւն:

Ազգային պլոքի նախագահ Միրիամ Սքաֆ շաբաթավերջին Զահլէի մէջ յայտարարեց իր նախագահած ընտրացանկը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտարարեց հարաւային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջանի ընտրացանկը` ընդգծելով Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ քաղաքական ամուր դաշինքի գոյութիւնը:

Ռաատ շեշտեց, որ Հըզպալլա, Ամալ շարժումը եւ անոնց դաշնակից ուժերը, յատկապէս Ղովմի կուսակցութիւնը, ճիգ պիտի չխնայեն Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով:

Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երեսփոխանական ընտրութիւններէն իր թեկնածութիւնը յետս կոչեց` նշելով, որ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները ո՛չ երեսփոխանական են եւ ո՛չ ալ ընտրութիւններ: Ան նշեց, որ երկրին մէջ տիրող ընդհանուր հոլովոյթը ընտրական կը թուի ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ այդպէս չէ:

Իր կարգին, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ Շուֆ-Ալէյ ընտրաշրջանին համար յայտարարեց Ազգային միասնականութիւն կոչուող ընտրացանկ մը: Ան մաղթեց, որ Լեռնալիբանանը վերածուի ներդրումներու յատուկ վայրի մը, ուր ոչ մէկ անգործ մնայ:

Նախորդը

«Մայատին» Կայանի Հարցազրոյցը Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Հետ. «Քաղաքացիի Կարիքներուն Ապահովումը Կարելի Է Քաղաքական Ընդհանուր Բարեկարգումով»

Յաջորդը

«Պի.Պի.Սի.»-ն Իր Իրանեան Ծառայութեան Հարցով Առաջին Անգամ Ըլլալով Դիմած Է ՄԱԿ-ին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?