ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Աստուծոյ մօտ անկարելի բան չկայ` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կրնայ Հըզպալլայի հետ ըմբռնում գոյացնել: Ան աւելցուց, որ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի նկատմամբ յատուկ յարգանք ունի:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Լին Լինտի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին արդիւնքները:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի սակը 300 լ. ոսկիով սղած է, տիզըլ օյլը` 100 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` 200 լ. ոսկիով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ օգտագործուի քաղաքակիրթ բառամթերք մը, որ պատասխանատուութեան ոգի կը ներշնչէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ տնտեսական առումով Լիբանանը թիրախ է ե՛ւ Արեւմուտքին, ե՛ւ Արեւելքին կողմէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ անկարելի թուացող երազը այսօր կը գտնուի Պաապտայի մէջ, ուր հանրապետութիւնը վերածուած է ժողովրդային հանրապետութեան: Ան շեշտեց նաեւ, որ 6 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւնները կարեւոր են` ամրապնդելու համար այսօրուան իշխանութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ 2018-ի պետական ամավարկը կարելիին ամավարկն է եւ ոչ թէ օրինակելի ամավարկը:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան եւ իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ ընտրական դաշինքները ժամանակաւոր են` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնութիւնը անխախտ է:
ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն մէկը հաստատեց, որ իրենք հանգիստ կը զգան երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումին առումով, անկախ այդ ընտրութիւններուն արդիւնքներէն:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարած Թրիփոլիի ընտրացանկին մէջ կ՛արձանագրուի նախընտրութեան քուէի մրցակցութիւն: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ լիբանանեան ապահովութեան ուժերը ի վիճակի են հսկելու երեսփոխանական ընտրութիւններու անվտանգութեան: