Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը իրարու հետ պէտք է գործակցին, որպէսզի փայլուն ապագայ մը կերտեն: ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ եւ զանոնք շնորհաւորեց Ս. Զատկուան տօնին առիթով: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը...

Ս. Զատկուան Առիթով.  Նախագահ Աուն Ներկայ Գտնուեցաւ  Պքերքէի Մէջ Մատուցուած Ս. Պատարագին

Ս. Զատկուան Առիթով. Նախագահ Աուն Ներկայ Գտնուեցաւ Պքերքէի Մէջ Մատուցուած Ս. Պատարագին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կիրակի առաւօտեան ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր ներկայ գտնուեցաւ Ս. Զատկուան տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին: Նախքան պատարագին ներկայ գտնուիլը, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն  շնորհաւորեց լիբանանցիները` յայտնելով, որ իրենց մաղթանքն է, որ Լիբանան եւս յարութիւն առնէ եւ Պաղեստինն ու Ս. Յարութեան եկեղեցին նախապէս իրենց ենթարկուած բռնարարքներուն...

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Բոլոր Ընտրաշրջաններուն Մէջ  Պիտի Զօրակցի Իր Դաշնակիցներուն»  Հաստատեց Նախարար Կիտանեան

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Բոլոր Ընտրաշրջաններուն Մէջ Պիտի Զօրակցի Իր Դաշնակիցներուն» Հաստատեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար եւ ՀՅԴ ընտրամեքենայի պատասխանատու Աւետիս Կիտանեան երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաշինքներուն եւ տարբեր ընտրաշրջաններուն մէջ Դաշնակցութեան հետեւորդներուն քուէարկութեան մանրամասնութիւններուն: Հարցազրոյցին ընթացքին նախարար Կիտանեան Ս. Յարութեան տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները` անոնց յայտնելով իր բարեմաղթութիւնները: 2000-էն սկսեալ երեսփոխանական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասին ՀՅԴ-ի որդեգրած...

«Լիբանանը Եւ Սիւննի Համայնքը Թիրախ Դարձնելու  Լուրջ Փորձեր Կան, Իսկ Փարիզի Խորհրդաժողովը  Երկրին Պարտքը Պիտի Չաւելցնէ»   Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Լիբանանը Եւ Սիւննի Համայնքը Թիրախ Դարձնելու Լուրջ Փորձեր Կան, Իսկ Փարիզի Խորհրդաժողովը Երկրին Պարտքը Պիտի Չաւելցնէ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին այցելեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի Մսայթպէի բնակարանը, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ Սալամի հետ: Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Սալամի բնակարանը կը բնորոշէ անկեղծութիւնն ու հաւատարմութիւնը: Ան շեշտեց, որ Սալամի հետ բարեկամութիւնն ու մտերմութիւնը կը շարունակուին` աւելցնելով, որ Սալամ մեծ զոհողութիւններ մատուցած է Հարիրի ընտանիքին: Հարիրի ըսաւ, թէ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները նախկիններէն շատ...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժահժահը  Եւ Նախագահեց Ֆրանսայի  Նուիրուած Ս. Պատարագին

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժահժահը Եւ Նախագահեց Ֆրանսայի Նուիրուած Ս. Պատարագին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախորդ շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Ս. Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորած է Ռայի պատրիարքը: «Ս. Յարութեան տօնին առիթով Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն յարութիւն մաղթեցի` նկատի ունենալով, որ մեր ապրած կեանքը գրեթէ մեռելներու կեանքին կը նմանի», ըսաւ ան: Ժահժահ...

«Ահաբեկչական-Զինուորական Սպառնալիքը  Վերջ Գտած Է, Սակայն Ապահովական Կայունութեան  Դէմ Սպառնալիքները Առկայ Են»  Շեշտեց Բանակի Հրամանատարը

«Ահաբեկչական-Զինուորական Սպառնալիքը Վերջ Գտած Է, Սակայն Ապահովական Կայունութեան Դէմ Սպառնալիքները Առկայ Են» Շեշտեց Բանակի Հրամանատարը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այցելեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ գտնուող բանակի Արամանի զօրանոցը, ինչպէս նաեւ Շատրայի մէջ սահմանապահ ուժերու կեդրոնը: Ստուգելէ ետք բանակայիններուն առօրեան եւ երկրին ապահովութեան հսկելու նպատակով անոնց որդեգրած միջոցառումները` զօր. Աուն շեշտեց կարգապահութեան եւ մարզումներու բարելաւման կարեւորութիւնը` Լիբանանը պաշտպանելու առաքելութեան մէջ: Ան շեշտեց, որ բանակը կառչած կը մնայ լիբանանեան հողերուն եւ ջուրերուն վրայ երկրին գերիշխանութեան` աւելցնելով,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ արձանագրուող իսրայէլեան ոտնձգութիւնները: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած ոտնձգութիւնները: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ Իսրայէլի գործած ցամաքային, ծովային եւ օդային յարձակումները ոտնձգութիւն կը նկատուին նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 31 մարտ եւ երկուշաբթի, 2 ապրիլ 2018-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 3 ապրիլ 2018-ին:

«Լիբանանցի Քաղաքացիին Քուէն  Անոր Խիղճն Է, Որ Կարելի Չէ Գնել»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Լիբանանցի Քաղաքացիին Քուէն Անոր Խիղճն Է, Որ Կարելի Չէ Գնել» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ալքալիմա օնլայն» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն է, որ կ՛որոշէ կուսակցութեան թեկնածուները, եւ ոչ թէ կուսակցութեան ներկայացուցիչը կամ ղեկավարը` ինչպէս է պարագան շարք մը լիբանանեան կուսակցութիւններու: «Հետեւաբար նախ եւ առաջ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին որոշումն էր, որ ես ըլլայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, իսկ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային...

«Սնանկացումին Մասին Զգուշացման Ազդը  Արձակեցի, Որպէսզի Բոլորը Իրենց  Պատասխանատուութիւնները Ստանձնեն»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Սնանկացումին Մասին Զգուշացման Ազդը Արձակեցի, Որպէսզի Բոլորը Իրենց Պատասխանատուութիւնները Ստանձնեն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լրագրողներու սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքին, որուն ընկերակցեցաւ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք լաւատես է ապագայով` աւելցնելով, որ ինչքան ալ դժուար ըլլան հարցերը` կարելի է զանոնք շրջանցել: Նախագահ Աուն նշեց նաեւ, որ սնանկացումին մասին զգուշացման ազդը արձակած է, որպէսզի բոլորը իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնեն: Նախագահ Աունի այցելեց...

Խորհրդարանը Վաւերացուց  2018-ի Պետական Ամավարկը

Խորհրդարանը Վաւերացուց 2018-ի Պետական Ամավարկը

Խորհրդարանը երէկ երեկոյեան վաւերացուց 2018-ի պետական ամավարկը` 50 թեր, 2 դէմ եւ 11 ձեռնպահ քուէներով: Խորհրդարանը որոշեց դատաւորներուն աշխատավարձի  երեք աստիճանի յաւելում շնորհել եւ դատական անձնակազմի արձակուրդը մէկուկէս ամսուան վերածել: Խորհրդարանին որոշումով պետական աշխատանքի ժամերը վերածուեցան ընդհանուր 34 ժամի, որոնք պիտի ճշդուին կառավարութեան տնօրինումին համաձայն: Նշենք, որ խորհրդարանը երէկ առաւօտեան եւ երեկոյեան գումարեց երկու նիստեր` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի,...

«Էրպաս 380» Տիպի Աշխարհի  Մեծագոյն Օդանաւը Հասաւ Լիբանան

«Էրպաս 380» Տիպի Աշխարհի Մեծագոյն Օդանաւը Հասաւ Լիբանան

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օդանաւային ընկերութեան «Էրպաս 380» տիպի աշխարհի մեծագոյն օդանաւը երէկ հասաւ Լիբանան: Օդանաւը եւ անոր փոխադրած 517 ճամբորդները Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի կողմէ: Դիմաւորումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ տնտեսութեան...

Ֆրենժիէ. «7 Մայիսը Անակնկալներով  Հարուստ Պիտի Ըլլայ»

Ֆրենժիէ. «7 Մայիսը Անակնկալներով Հարուստ Պիտի Ըլլայ»

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի լրագրողներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին ան շեշտեց, որ քաղաքական կեանքին մէջ սկզբունքը կարեւոր բան է` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքին ընտրական դաշինքները սկզբունքի հիման վրայ գոյացած են եւ ոչ թէ շահերու: «Ընտրական այս օրէնքը կրնայ մղել, որ եղբայրը եղբօր դանակոծէ: Այս օրէնքը եղած է նաեւ առիթ մը` բացայայտելու մարդոց տեսակը`...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Շեշտեց  Լիբանանի Կայունութեան  Զօրակցելու Յանձնառութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Շեշտեց Լիբանանի Կայունութեան Զօրակցելու Յանձնառութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ողջունեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զինուորական օժանդակութեան նպատակով 15 մարտին գումարուած «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին արդիւնքները: Ապահովութեան խորհուրդը շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ երկրին անկախութեան եւ գերիշխանութեան զօրակցելու իր յանձնառութիւնը` ՄԱԿ-ի որոշումներուն համաձայն: Ապահովութեան խորհուրդը գնահատեց 6 մայիսին Լիբանանի մէջ կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններն ու այդ ընտրութիւնները միջազգային չափանիշներու հիման վրայ կազմակերպելու իմաստով կառավարութեան ի գործ դրած...

Խորհրդարանը Այսօր Կը Շարունակէ 2018-ի  Պետական Ամավարկը  Վաւերացնելու Իր Լիագումար Նիստը

Խորհրդարանը Այսօր Կը Շարունակէ 2018-ի Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Իր Լիագումար Նիստը

Խորհրդարանը երէկ կէսօրին սկսաւ իր երկօրեայ նիստերուն, որոնք յատկացուած են 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացումին: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նիստին բացումը կատարելու ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանին եւ երեսփոխաններուն համար բաւական ծանր աշխատանք էր 2018-ի պետական ամավարկի քննարկումը` նկատի ունենալով, որ անիկա ուշացաւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարան հասնելու, եւ զայն վաւերացնելու առումով մեր վրայ բանեցուած ճնշումը մեծ է` նկատի ունենալով Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան...

Էսթոնիոյ Վարչապետը Նախագահ Աունին  Յայտնեց Իր Երկրին Յանձնառութիւնը`  Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Պահպանումին

Էսթոնիոյ Վարչապետը Նախագահ Աունին Յայտնեց Իր Երկրին Յանձնառութիւնը` Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Պահպանումին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց էսթոնիոյ վարչապետ Ժուրի Ռաթասը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող էսթոնական ջոկատին ծառայութիւնը` սահմանային անդորրութեան պահպանման եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան առումով: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր...

Յ. Թերզեան Կոչ Կ՛ուղղէ Քաջալերելու  Լիբանանեան Արտադրութիւնները

Յ. Թերզեան Կոչ Կ՛ուղղէ Քաջալերելու Լիբանանեան Արտադրութիւնները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ առաջադրուած թեկնածու Յակոբ Թերզեան ընկերային ցանցին ընդմէջէն կատարած յայտարարութեամբ մը ընդգծեց տեղական ճարտարարուեստը եւ լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերելու կարեւորութիւնը: Յ. Թերզեան հաստատեց, որ լիբանանեան ճարտարարուեստը հպարտութեան աղբիւր է: Ան նկատել տուաւ, որ որեւէ պետութեան հիմքը ճարտարարուեստն է, հետեւաբար կարելի չէ միայն մէկ կամ երեք բնագաւառներու վստահիլ, ինչպէս որ է պարագան Լիբանանին: «Այս...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ  Գիտական Հետազօտութեանց Ազգային Խորհուրդի  Անձնակազմի Աշխատավարձերը Բարձրացնելու

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Գիտական Հետազօտութեանց Ազգային Խորհուրդի Անձնակազմի Աշխատավարձերը Բարձրացնելու

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ ութ կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ ամբողջութեամբ վաւերացուեցաւ: Այս շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Գիտական հետազօտութեանց ազգային խորհուրդի եւ պետական հիւանդանոցներու պաշտօնէութեան աշխատավարձերու բարձրացումին` նկատի ունենալով Պետական շուրայի եւ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի դիտողութիւնները: Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ Թրիփոլիի մէջ հաստատուելիք տնտեսական շրջանին...

Կիպրոսի Արտաքին Գործոց  Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քրիսթոտուլիտես երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Քրիսթոտուլիտես վարչապետին հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Քրիսթոտուլիտես այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան...

Ռիատ Սալամէ. «Լիբանանի Մէջ Ելեւմտական  Տագնապ Չկայ, Իսկ Լիբանանեան Դրամատնային  Մարզին Եւ Լիբանանեան Թղթոսկիի  Արժէքին Գծով Մտահոգութիւն Պէտք Չէ Ըլլայ»

Ռիատ Սալամէ. «Լիբանանի Մէջ Ելեւմտական Տագնապ Չկայ, Իսկ Լիբանանեան Դրամատնային Մարզին Եւ Լիբանանեան Թղթոսկիի Արժէքին Գծով Մտահոգութիւն Պէտք Չէ Ըլլայ»

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երէկ ցաւ յայտնեց Լիբանանի տնտեսական տագնապին ու երկրին սնանկացումին մասին կատարուած յայտարարութիւններուն գծով եւ նշեց, որ անոնք աւելորդաբանութիւններ են: «Լիբանանի մէջ ելեւմտական տագնապ չկայ, իսկ լիբանանեան դրամատնային մարզին եւ լիբանանեան թղթոսկիի արժէքին գծով մտահոգութիւն պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ լիբանանեան թղթոսկին կայուն է եւ անոր արժէքը չէ վտանգուած», ըսաւ Սալամէ: Ան նշեց, որ Լիբանանի դրամատնային մարզը...

Page 657 of 987 1 … 656 657 658 … 987

Արխիւներ