Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները եւ կրթական ոլորտին ու դպրոցներուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, կառավարութեան եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն կատարած աշխատանքը Լիբանանի նկատմամբ միջազգային վստահութիւնը ամրապնդած է: Ան նշեց, թէ հակառակ փոքր երկիր մը ըլլալու իրականութեան, Լիբանան փաստած է, որ շրջանին ապահովական կայունութեան հիմնական ազդակն է, ինչպէս նաեւ կը հանդիսանայ հանդիպման կէտ մը, որ պէտք է գոյատեւէ:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն աշխատելու` ապահովելու համար քաղաքական, ապահովական, ընկերային եւ տնտեսական կայունութիւն: Ան նկատել տուաւ, որ նախագահ Աուն կը կրէ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու բեռը:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռայի պատրիարքը գոհունակութիւն յայտնեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու առումով եւ հաստատեց, որ այդ ընտրութիւնները պիտի կատարուին` մաղթելով, որ նոր դէմքեր հասնին խորհրդարան:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ լիբանանցի եւ սէուտցի գործարարներու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը: Նախագահ Աուն պատուիրակութեան ներկայութեան յայտնեց, որ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները հեզասահ եւ ամուր են: Ան ընդգծեց, որ ոչինչ կրնայ խանգարել այդ յարաբերութիւնները:
Նախագահ Աուն Ընդունեց Նախարար Կիտանեանը`
«Հորեքա»-ի Ընկերակցութեամբ
Նշենք, որ նախագահ Աուն նախանցեալ օր ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը` ընկերակցութեամբ «Հորեքա» զբօսաշրջական ցուցահանդէսը կազմակերպող եւ անոր մասնակից արաբական եւ եւրոպական ընկերութիւններու պատասխանատուներուն պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` զբօսաշրջութեան բնագաւառին նկատմամբ անոր ցուցաբերած հոգատարութեան համար: Ան հաստատեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, սենտիքաներուն եւ զբօսաշրջական հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդուած է եւ անիկա զբօսաշրջութեան բնագաւառին աշխատանքը կը դիւրացնէ եւ ծառայութիւնները կը բարելաւէ: Նախարար Կիտանեան շեշտեց նաեւ, որ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մաս կազմող աշխատանքներէն կը նկատուի նաեւ «Հորեքա»-ի ցուցահանդէսը, որ 25 տարիէ ի վեր կը կազմակերպուի:
Ան ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ճիգերով Լիբանանի վայելած քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը իր կարգին օժանդակած է զբօսաշրջական բնագաւառը բարգաւաճեցնելու այս ջանքերուն յաջողութեան:




