Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդարձակումի բանակցութիւններու Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Ճոհաննես Հանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Հանէն պահանջեց, որ եւրոպական երկիրները իրենց դռները բանան եւրոպական չափանիշները ամբողջացնող լիբանանեան արտադրութիւններու արտածումին դիմաց, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած գործակցութեան համաձայնագիրը ամրապնդել:
Նախագահ Աուն Հանի փոխանցեց, որ Լիբանան մեկնարկը կատարած է շարք մը ծրագիրներու գործադրութեան եւ այդ իմաստով դիմած է փտածութեան դէմ պայքարի քայլերուն:
Լիբանան վաւերացուց նաեւ պետական եւ սեփական մարզերուն գործակցութեան վերաբերող օրէնքը` ունենալու համար արդիւնաբեր տնտեսութիւն մը:
Նախագահ Աուն Հանէն պահանջեց նաեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանին կատարուած խոստումները գործնական քայլերու վերածել: Ան մաղթեց, որ 6 ապրիլին «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին այդ խոստումներուն գործնական դրսեւորումը կարելի ըլլայ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը վերածուած է գոյութեան սպառնալիքի: Ան ըսաւ, թէ Լիբանան չի կրնար հանդուրժել սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանան մնալու իրականութիւնը, եթէ ան որոշ պայմանաժամով կարելի չըլլայ ճշդել:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան չի կրնար սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառած ապահովական, տնտեսական, ընկերային եւ առողջապահական հետեւանքները հանդուրժել` աւելցնելով, որ տեղահանուածներու վերադարձը` դէպի Սուրիոյ ապահով վայրերը, անհրաժեշտութեան վերածուած է, որովհետեւ տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու համար Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման կարելի չէ սպասել:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Հանի զօրակցելու Լիբանանին` դատապարտելով լիբանանեան հողային, օդային թէ ծովային սահմաններուն դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:
Իր կարգին, Հան նախագահ Աունին յայտնեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի Լիբանանին եւ կը շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բոլոր բնագաւառներուն բարգաւաճումին, յատկապէս շրջանային տագնապներուն մէջ չներքաշուելու նպատակով Լիբանանի ճշդած ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան:
Հան աւելցուց, որ Եւրոպական Միութիւնը իր աշխուժ մասնակցութիւնը կը բերէ Փարիզի եւ Պրիւքսելի միջազգային խորհրդաժողովներուն:
Ան յայտնեց, որ լիբանանեան արտադրութիւնները Եւրոպա հասցնելը անհրաժեշտ է` շեշտելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն համար կատարուած միջազգային օժանդակութիւնները անբաւարար են: Ան ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի Պրիւքսելի խորհրդաժողովին ընթացքին այս հարցը արծարծուի եւ Լիբանանին կատարուած օժանդակութիւններն ու զօրակցութիւնը ամրապնդուի: