Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 26, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի մեկնեցաւ Փարիզ` մասնակցելու համար Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան նպատակով տեղի ունենալիք «Սետր» խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկը պիտի վաւերացուի այս շաբթուան ընթացքին` աւելցնելով, որ Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք «Սետր» տնտեսական խորհրդաժողովէն ետք Լիբանան ինքզինք տուրքերու յաւելումներու դիմաց պիտի գտնէ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին շեշտեց, որ Դիմադրութեամբ եւ բարգաւաճումով կարելի պիտի ըլլայ դիմադրել բռնագրաւումին, ահաբեկչութեան եւ լուսանցքայնացումին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի յայտնեց, որ իրենք անկախ պետութիւն կ՛ուզեն եւ ոչ թէ հրաժարած պետութիւն: Ան հաստատեց, որ իրենք քաղաքական միւս ուժերուն հետ գործընկերներ են եւ ոչ թէ հաւասարութեան հիման վրայ կը գործեն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ ամերիկեան վարչակազմին մէջ Ճոն Պոլթընի նշանակումով կարելի է հետեւցնել, որ աշխարհին` յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ արտակարգ լարուածութիւն պիտի արձանագրուի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն 6 մայիս 2018-ին խիտ շարքերով ուղղուելու քուէարկութեան` հաստատելով, որ երեսփոխանական ընտրութեան օրը քննութեան օր է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա հաստատեց, որ Հըզպալլայի հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ստորագրած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը պիտի գոյատեւէ նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոսի Գալստեան օրէն ետք: «Ոչ մէկ կերպով այդ համաձայնագիրը պիտի խզուի», շեշտեց ան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենց պլոքին ներկայացուցած ընտրական ուղեգիծը կարելի է դիւրաւ գործադրել, եթէ անոր շուրջ գործակցութիւն ծաւալի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր զաւկին թեկնածութիւնը առաջադրելու որոշումը իր դէմ չէ ուղղուած:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ կասկածելի պետութիւններ իրենց դեսպանատուներուն ընդմէջէն միլիոնաւոր տոլարներ կը տրամադրեն ի նպաստ շիի զոյգին դէմ առաջադրուած թեկնածուներուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն խիտ շարքերով մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն` կատարելու համար իրենք քաղաքացիական պարտականութիւնը: Ան նշեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ յարաբերութիւնը զուտ ընտրական չէ, այլ` քաղաքական-պատմական յարաբերութիւն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Լեռնալիբանանի հաշտութեան ուխտը պիտի պահպանուի եւ ոչ մէկ իմաստով պիտի արտօնուի այդ ուխտին խզումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Տահեր հաստատեց, որ Աշրաֆ Ռիֆի քաղաքական անձնաւորութիւն մը չէ` աւելցնելով, որ անոր ներկայ ընթացքը լիբանանեան ազգային շահերուն եւ համերաշխութեան չի ծառայեր: «Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Ռիֆիի արձանագրելիք ձախողութիւնը հաստատ է», շեշտեց Տահեր:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ ընտրական քարոզարշաւներուն ընթացքին սկսած են արձանագրուիլ մեծ թիւով սուտեր եւ հակասութիւններ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի անդրադառնալով Հըզպալլայի դէմ քուէարկելու մասին հիւսիսային Լիբանանի մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւններուն, կոչ ուղղեց անոր իր արտայայտութիւնները գործադրելու նախարարաց խորհուրդին ժողովասեղանին վրայ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան յարաբերութիւնը շատ աւելի խոր է, քան` տեղեկատուական եւ քաղաքական որոշ տարակարծութիւնները:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի 21-րդ Գերագոյն Ժողովը Ընտրած Է Գերագոյն Մարմինի Կազմը

Յաջորդը

«Մայատին» Կայանի Հարցազրոյցը Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Հետ. «Քաղաքացիի Կարիքներուն Ապահովումը Կարելի Է Քաղաքական Ընդհանուր Բարեկարգումով»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?