Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ կարելի պիտի չըլլայ դէպի աւելի լաւ վարչակարգ մը հաստատելու եւ փոփոխութիւն մը բերելու իմաստով լիբանանցիներուն ձգտումները իրականացնել: «Սակայն երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի յաջողին նոր դէմքեր հասցնել խորհրդարան եւ հոն ստեղծել որոշ շարժում մը, որ հաւանաբար մեզի դէպի լաւը կ՛առաջնորդէ: Անձամբ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածու չեմ եւ կը մնամ դիտողի հանգամանքիս մէջ», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք փափաքած է Մուխթարայի դերակատարութիւնը պահել եւ այդ պարտականութիւնը վստահած է իր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի, «գիտնալով հանդերձ, որ Թայմուրը Ուալիտ Ժոմպլաթ չի կրնար ըլլալ, ինչպէս որ Ուալիտը Քամալ Ժոմպլաթ չէր», յայտնեց ան:
Ժոմպլաթ ընդգծեց նաեւ, որ ինք լիբանանեան քաղաքական ընտանիքներուն միջեւ չ՛ուզեր խտրութիւն դնել, սակայն կրնայ հաստատել, որ իր հայրը` Քամալ Ժոմպլաթ, կրցաւ իր ընտանիքը աւատապետական կարգերէն փոխադրել Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան, երազեց ժողովրդավար եւ աշխարհիկ Լիբանանի մասին, սակայն սպաննուեցաւ միջազգային եւ շրջանային պայմաններուն պատճառով:
«Բայց եւ այնպէս, հաւանաբար օր մը կ՛իրականանայ ոչ համայնքային Լիբանան մը կերտելու երազը», մաղթեց Ժոմպլաթ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին, «սակայն կ՛ուզեմ զգուշացնել Լիբանանի մէջ կարգ մը ուժերու եւ անձնաւորութիւններու կողմէ ամերիկեան վարչակազմին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութենէն, որ կ՛արձանագրուի Իրանի եւ Հըզպալլայի իշխանութեան դէմ պայքարի կարգախօսին տակ: Լիբանան ի վիճակի չէ առանցքներու միանալու», հաստատեց Ժոմպլաթ:
Ան շեշտեց, որ ներկայ շրջանային պայմանները նկատի ունենալով անհրաժեշտ է անպայման սկսիլ Լիբանանի Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան քննարկումին` աւելցնելով, որ իր կարծիքով` Հըզպալլա լիբանանեան պետութեան մէջ պիտի չհամարկուի, բացի երբ ըլլան քաղաքական-շրջանային պայմաններ, որոնք արտօնեն անոր միախառնումը լիբանանեան պետութեան եւ զէնքի միացումը` բանակի զէնքին: «Մինչեւ այդ փուլին հասնիլը եւ գիտնալով, որ այդ փուլը մօտալուտ չէ, ինչո՞ւ մենք չենք կեդրոնանար ելեկտրականութեան տագնապին հարցը լուծելու եւ ելեկտրականութիւն արտադրող թրքական նաւերէն հրաժարելու վրայ», հարց տուաւ Ժոմպլաթ: