Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն իմանալու իրենց աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները, յատկապէս այն իրականութիւնը, որ սենտիքան կը մերժէր այդ իմաստով իրեն առաջարկուած «ականուած» բոլոր համաձայնութիւնները:
Ապպուտ կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն պոյքոթի ենթարկելու 6 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը` շեշտելով, որ երեսփոխանները կը մտածեն ուսուցիչներուն յատկացուած 6 աստիճանի յաւելումները մասնավճարի դրութեամբ վճարել տալ` առանց յետնեալները վաւերացնելու:
Ապպուտ շեշտեց, որ Ս. Զատկուան տօնէն ետք ուսուցիչները դպրոց պիտի չվերադառնան: