Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրացանկերը Արձանագրելու Պայմանաժամը Աւարտեցաւ, Իսկ Պետական Ամավարկը Հասաւ Խորհրդարանի Լիագումար Նիստ

Մարտ 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէս գիշերին աւարտեցաւ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուները համախմբող ընտրացանկերը արձանագրելու պայմանաժամը:

Երեսփոխան Միշել Մըր արձանագրեց իր գլխաւորած «Մեթնի հաւատարմութիւն» ընտրացանկը, որուն անոր կողքին մաս կը կազմեն Նաժուա Ազար, Շարպել Ապու Ժաուտէ, Միլետ Սապաալի եւ Ժորժ Ապպուտ:

Իր կարգին, նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ Թրիփոլիի մէջ յայտարարեց եւ արձանագրեց իր նախագահած ընտրացանկը, որ կը կրէ «Ազգային արժանապատուութիւն» անունը:

Ներքին գործոց նախարարութեան քաղաքական եւ գաղթականներու հարցերու վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆաթեն Եունես երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը 7:30-ին յայտնեց, որ նախարարութեան մօտ ցարդ 76 ընտրացանկեր արձանագրուած են` աւելցնելով, որ ինք 80 ընտրացանկէ աւելի չի նախատեսեր:

Ան նշեց, որ ամէնէն աւելի ընտրացանկեր արձանագրուած են Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանին մէջ` 9 ընտրացանկ, որուն կը յաջորդէ հիւսիսային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջանը` 8 ընտրացանկ:

Եունես նշեց, որ կէս գիշերէն ետք ընտրացանկերուն անունները պիտի փոխանցուին համապատասխան մարմիններուն, եւ ընտրացանկերու տպագրութեան աշխատանքը պիտի սկսի: «Այդ պարագային է, որ քաղաքացիներուն կարելի է պաշտօնապէս փոխանցել իրենց ընտրաշրջաններուն վերաբերող ընտրացանկերը», ըսաւ Եունես:

Կէս գիշերին Եունես յայտնեց, որ ընտրացանկերուն թիւը հասաւ 77-ի:

Միւս կողմէ, շարունակուեցաւ նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն թեկնածութիւնը յետս կոչելու երեւոյթը: Երէկ իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչեցին նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպը եւ Ուաատ կուսակցութեան նախագահ Ճօ Հըպէյքան:

Մինչ ընտրական իմաստով ժամկէտները կ՛աւարտին եւ դէպի քուէատուփ առաջնորդուելու 40 օր կը մնայ, երկրին վերաբերող քաղաքական ու տնտեսական այլ հոլովոյթներ զարգացումներ կ՛արձանագրեն:

Այս շրջագիծին մէջ Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին աւարտեցաւ 2018-ի պետական ամավարկին քննարկումը եւ վաւերացուելէ ետք փոխանցուեցաւ խորհրդարանի լիագումար նիստին:

Խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ 2018-ի պետական ամավարկին քննարկումներուն մասին տեղեկութիւններ ներկայացնելու նպատակով, Քանաան այսօր կէսօրին խորհրդարանին մէջ հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց երկօրեայ լիագումար նիստերու` ցերեկային եւ գիշերային, որոնք պիտի գումարուին չորեքշաբթի, 28 եւ հինգշաբթի, 29 մարտին, վաւերացնելու համար 2018-ի պետական ամավարկը:

Նշենք, որ Էսթոնիոյ վարչապետ Ճուրի Ռաթաս երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան երեք պետերուն ու լիբանանցի պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ եւ պիտի այցելէ հարաւային Լիբանան` ստուգելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մէջ ծառայող էսթոնական զօրամասը:

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Զօր. Պերիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

Յաջորդը

«Միջազգային Ընտանիքին Կողմէ Լիբանանին Կատարուած Խոստումները Պէտք Է Գործնական Քայլերու Վերածել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?