Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ «Մոնտիալ 2018»-ի Զոհ Մը

Լիբանանի Մէջ «Մոնտիալ 2018»-ի Զոհ Մը

Նախանցեալ գիշեր Պէյրութի հարաւային արուարձանները ցնցեց 17-ամեայ երիտասարդի մը սպանութիւնը` «Մոնտիալ 2018»-ի խաղերուն պատճառով: Պրազիլի ֆութպոլի հաւաքականին յաղթանակը նշող Մոհամետ Զահր դանակի հարուած մը ստացաւ Պրայթեղ ընտանիքի անդամ երիտասարդէ մը, որ պարտութիւն կրած Գերմանիոյ ֆութպոլի հաւաքականի համակիրներէն էր: Հաւանաբար աշխարհի վրայ միակ վայրը, որ նմանօրինակ ոճիրներ կը պատահին, Լիբանանն է: Միւս կողմէ, հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա կոչ ուղղեց Մոնտիալին...

Նայիմ Քասեմ. «Միացեալ Նահանգներ Եւ Արեւմտեան  Երկիրներ Չեն Փափաքիր Լուծել  Տեղահանուածներուն Թղթածրարը»

Նայիմ Քասեմ. «Միացեալ Նահանգներ Եւ Արեւմտեան Երկիրներ Չեն Փափաքիր Լուծել Տեղահանուածներուն Թղթածրարը»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ ինչպէս լիբանանեան բոլոր շրջանները, Պաալպէք-Հերմելի մէջ ապահովական կայունութիւնը եւս լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնը կը նկատուի` աւելցնելով, որ բանակը եւ ապահովութեան ուժերը կը ստանձնեն այդ շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումը: Շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը բազմիցս յայտարարած է եւ կը վերահաստատէ, որ ինք պատրաստ է օժանդակելու եւ զօրակցելու ապահովութեան ուժերուն: Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահին եւ իրենց միջեւ «պաղ» յարաբերութիւն կը տիրէ: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ պաքալորէայի պետական քննութեան արդիւնքները պիտի հրապարակուին երկուշաբթի, 2 յուլիս 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն սկսեալ: ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան մէջ պետական նախարար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ նոր կառավարութեան...

«Փտածութիւնը Հաշուետուութեան Կանչելու  Ժամանակը Հասած Է, Իսկ Սուրիացի Տեղահանուածներու  Թղթածրարին Անհրաժեշտ Լուծումը Պիտի Գտնենք»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Փտածութիւնը Հաշուետուութեան Կանչելու Ժամանակը Հասած Է, Իսկ Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Անհրաժեշտ Լուծումը Պիտի Գտնենք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` շարունակելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններու քննարկումը: Այսօրուան հանդիպումին շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ երէկ, երբ Հարիրի  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ: Նախագահ Աուն յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին...

«Տեղահանուածներուն Թղթածրարը Լուծելու  Լիբանանի Ջանքերուն Նկատմամբ Մարդասիրական  Եւ Ապահովական Զօրակցութիւն Պէտք Է Ցուցաբերել»  Շեշտեց Կապրիէլ

«Տեղահանուածներուն Թղթածրարը Լուծելու Լիբանանի Ջանքերուն Նկատմամբ Մարդասիրական Եւ Ապահովական Զօրակցութիւն Պէտք Է Ցուցաբերել» Շեշտեց Կապրիէլ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի օժանդակութեան ամերիկեան յատուկ ուժի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով Էտուըրտ Կապրիէլ յայտնեց, որ Պասիլի հետ քննարկած են այնպիսի հարցեր, որոնք Միացեալ Նահանգներու համար կարեւոր են` նկատի ունենալով լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Կապրիէլ յայտնեց նաեւ, որ Պասիլէն իմացած են կարգ մը հարցեր, որոնց քննարկումը պիտի կատարեն Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ իբրեւ լիբանանեան...

Հարիրի Շնորհաւորեց Էրտողանի  Ընտրութիւնը

Հարիրի Շնորհաւորեց Էրտողանի Ընտրութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ շնորհաւորելով անոր վերընտրութիւնը: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի օժանդակութեան ամերիկեան յատուկ ուժի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Էտուըրտ Կապրիէլի: Հանդիպումէն ետք Կապրիէլ յայտնեց, որ Հարիրիի հետ հանդիպումը եղած է շինիչ` աւելցնելով, որ իրենք կը ներկայացնեն...

«Լիբանանեան Քաղաքացիութեան Շնորհումին Գծով  Մեր Պարտականութիւնը Կատարեցինք»   Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Լիբանանեան Քաղաքացիութեան Շնորհումին Գծով Մեր Պարտականութիւնը Կատարեցինք» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ներկայ գտնուեցաւ իր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած խորհրդաժողովին, որ կը վերաբերէր իսրայէլեան վտանգներէն զգուշանալու միջոցներուն: Այս առիթով Ապպաս լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումը կը տրուի քաղաքական իշխանութեան կողմէ` աւելցնելով, որ հակառակ անոր Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը իրենց պարտականութիւնը կատարած են, եւ իրենց խիղճը հանգիստ է: Ան շեշտեց,...

Խտըր Յորդորեց Պաալպէք-Հերմելի  Քաղաքապետութիւնները` Կատարեալ Գործակցութիւն  Ցուցաբերելու Բանակին Նկատմամբ

Խտըր Յորդորեց Պաալպէք-Հերմելի Քաղաքապետութիւնները` Կատարեալ Գործակցութիւն Ցուցաբերելու Բանակին Նկատմամբ

Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր երէկ շրջաբերական մը յղեց շրջանի քաղաքապետութիւններուն` յորդորելով զանոնք, որ կատարեալ գործակցութիւն ցուցաբերեն լիբանանեան բանակին նկատմամբ` Պաալպեք-Հերմելի մէջ գործադրելու համար ապահովական ծրագիրը: Խտըր շրջաբերականին մէջ նշեց, որ Պաալպեք-Հերմելի բոլոր քաղաքապետարանները եւ քաղաքապետարաններու համադաշնակցութիւնը պէտք է օժանդակեն լիբանանեան բանակին եւ կատարեն անոր ցուցմունքներն ու ընդառաջեն անոր պահանջներուն: Խտըր հաստատեց, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատումը խիստ փափաքելի է,...

Աքուրայի Քաղաքապետը Կը Բողոքէ, Իսկ Քաղաքական  Անձնաւորութիւններ Կը Հաստատեն Հարցին  Զուտ Հողային Ըլլալու Իրականութիւնը

Աքուրայի Քաղաքապետը Կը Բողոքէ, Իսկ Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Կը Հաստատեն Հարցին Զուտ Հողային Ըլլալու Իրականութիւնը

Աքուրայի քաղաքապետ Մանսուր Ուեհպէ երէկ յայտնեց, որ նախորդ երկու օրերուն ընթացքին Աքուրայի դէմ կատարուած բռնարարքը շրջանը վերադարձուցած է քարէ դարուն: Ան նշեց, որ նախանցեալ օր Եամմունէ գիւղաքաղաքէն 30 զինեալներ ներխուժած են Աքուրա եւ շրջանի ոստիկանութեան դէմ յարձակում մը գործած, ինչպէս նաեւ ոստիկաններուն դէմ կրակած` գրաւելով անոնց մոթորսիքլեթները, հեռախօսներն ու մէկուն ատրճանակը: Ուեհպէ յայտնեց, որ այս դէպքը կտրականապէս մերժելի է` աւելցնելով,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը երեկոյեան ժամը 5:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ Լիբանանի եւ շրջանի վերջին իրադարձութիւններուն: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի ներկայացուցած իրավիճակը պիտի չփոխուի, եթէ ճարտարարուեստի մարզը ընդգրկող ընկերութիւններուն վրայ պարտադրուած արդիւնաբերութեան ծախսերը չնուազին: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը ապառողջ է` աւելցնելով,...

«Ապահովութիւնը Կայուն Է, Իսկ Պետութիւնը  Իր Գերիշխանութիւնը Բանեցուցած Է  Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին»    Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Ապահովութիւնը Կայուն Է, Իսկ Պետութիւնը Իր Գերիշխանութիւնը Բանեցուցած Է Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որ յայտնեց, թէ Պաալպեք-Հերմելի մէջ ապահովական ծրագիրը պիտի գործադրուի մինչեւ ապահովական կայունութեան հաստատումը: Ան նշեց, որ ապահովական ծրագիրը կը գործադրուի բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ` պաշտպանելու համար շրջանին բնակիչներուն անվտանգութիւնը: Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, որ հանրապետութեան...

Բագրատունի Ընդունեց Իթթիհատ  Կուսակցութեան Ղեկավարը

Բագրատունի Ընդունեց Իթթիհատ Կուսակցութեան Ղեկավարը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր: Ներկաները շեշտեցին, որ  կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ ամբողջական եւ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովէ քաղաքական այն ուժերուն, որոնք յաջողութիւն արձանագրեցին երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին: Անոնք ընդգծեցին կառավարութեան...

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Նիստ .  «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Բռնի Ուժով  Տունդարձը Բնաւ Չենք Պահանջած»  Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Նիստ . «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Բռնի Ուժով Տունդարձը Բնաւ Չենք Պահանջած» Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ մասնակցութեամբ համախմբումը բաղկացնող բոլոր ուժերու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող քաղաքական փաստաթուղթ առաջարկած են` պահանջելով օրէնքի գործադրութիւնը եւ պահպանելով սուրիացի տեղահանուածներուն ու լիբանանցի քաղաքացիներուն արժանապատուութիւնը: «Սուրիացի տեղահանուածներուն բռնի...

«Կառավարութեան Կազմութեան Պարտականութիւնը  Սահմանադրական Պատասխանատուութիւն Մըն Է,  Որ Վստահուած Է Հարիրիին»  Շեշտեց Մուսթաքպալ Պլոքը

«Կառավարութեան Կազմութեան Պարտականութիւնը Սահմանադրական Պատասխանատուութիւն Մըն Է, Որ Վստահուած Է Հարիրիին» Շեշտեց Մուսթաքպալ Պլոքը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց պլոքի անդամ երեսփոխան Ռուլա Թապաշ: Ան նշեց, որ պլոքը կը վստահի վարչապետ Հարիրիի ընտրանքներուն եւ խոչընդոտները շրջանցելու անոր կարողութեան, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունէ անոր իմաստուն կեցուածքը` քաղաքական տարակարծութիւններուն մօտենալու եւ տարբեր տեսակէտները կամրջելու առումով: Թապաշ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի կարողութիւն ունի տարբեր ուժերը համախմբելու ազգային շահերու...

«Բանակը Լիբանանի Ապահովութեան Ցանցն Է  Եւ Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը, Հակառակ  Ոմանց Կողմէ Անոր Դերակատարութեան Նկատմամբ  Ցուցաբերուած Կասկածներուն»  Շեշտեց Զօր. Աուն

«Բանակը Լիբանանի Ապահովութեան Ցանցն Է Եւ Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը, Հակառակ Ոմանց Կողմէ Անոր Դերակատարութեան Նկատմամբ Ցուցաբերուած Կասկածներուն» Շեշտեց Զօր. Աուն

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապրիէլ Իսայի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մը ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ: Լիբանանեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան գաղութի զաւակները կ՛ապրին Լիբանանի բարեկամ երկրի մը մէջ` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանան...

Բանակը Կը Հսկէ  Պաալպեքի Ապահովութեան

Բանակը Կը Հսկէ Պաալպեքի Ապահովութեան

Լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաք երէկ ուղղուեցաւ Պաալպեք-Հերմել, ուր ստուգեց բանակին դիրքերն ու անոր որդեգրած ապահովական միջոցառումները` պաշտպանելու համար շրջանին կայունութիւնը եւ ապահովութիւնը: Մալլաք հանդիպում մը ունեցաւ Պաալպեք-Հերմելի մէջ տեղակայուած բանակի զօրամասերու պատասխանատուներուն հետ եւ անոնց փոխանցեց կարգ մը ցուցմունքներ: Ապա Մալլաք սպաներուն հետ շրջեցաւ Պաալպեքի փողոցներուն մէջ, յատկապէս բերդին շրջակայքը գտնուող վաճառատուներուն մօտ, ինչպէս նաեւ Շարաուինա, Մարժէ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ պատասխանելով երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատի կատարած այն յայտարարութեան, թէ կարելի չէ սիւննի համայնքի 40 առ հարիւր համեմատութեամբ ներկայացուցչութիւնը անտեսել եւ թէ իբրեւ 10 սիւննի երեսփոխաններ իրենք պէտք է կառավարութեան մէջ ներկայացուին երկու նախարարով, ըսաւ. «Ես եմ վարչապետը եւ ես կը կազմեմ կառավարութիւնը»: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսի պարգեւատրումին առիթով յայտնեց, որ տեղահանուածները...

«Պաալպեք – Հերմելի Մէջ Որդեգրուելիք  Ապահովական Միջոցառումներուն Զուգահեռ  Պիտի Իրագործուի Ամբողջական Բարգաւաճում»    Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Պաալպեք – Հերմելի Մէջ Որդեգրուելիք Ապահովական Միջոցառումներուն Զուգահեռ Պիտի Իրագործուի Ամբողջական Բարգաւաճում» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի երեսփոխանները, որոնց կ՛ընկերակցէին նաեւ ընթացաւարտ կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Ղազի Զաայթեր: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին  երեսփոխաններ Ալի Մըքտատ, Իպրահիմ Մուսաուի, Ուալիտ Սըքքարիէ եւ Իհապ Համատէ, որոնք նախագահ Աունին ներկայացուցին Պաալպեքի մէջ տիրող կացութիւնը` խնդրելով անոր հովանաւորութիւնը` հոգալու Պեքաայի եւ անոր տարբեր շրջաններուն կարիքները: Պատուիրակութիւնը...

Հարիրի. «Արհեստից Եւ Թեքնիք  Ուսումը Պէտք Չէ Ժխտական Գնահատել»

Հարիրի. «Արհեստից Եւ Թեքնիք Ուսումը Պէտք Չէ Ժխտական Գնահատել»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց ու մեկնարկը կատարեց Լիբանանի մէջ Արհեստից եւ թեքնիք ուսման ազգային ռազմավարութեան: Հարիրի նշեց, որ այդ ռազմավարութիւնը կարելի եղած է իրագործել Պրիւքսելի խորհրդաժողովին ընթացքին` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան հետ գործակցութեամբ: Հարիրի նշեց, որ Արհեստից եւ թեքնիք ուսման ազգային ռազմավարութեան մեկնարկը կատարուած է նկատի առնելով լիբանանեան շուկային կարիքները: Հարիրի շեշտեց, որ արհեստից եւ թեքնիք...

Բանակի Հրամանատարը Մեկնեցաւ  Միացեալ Նահանգներ

Բանակի Հրամանատարը Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ զինուորական եւ պետական պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար երկու բանակներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները: Կը նախատեսուի, որ զօր. Աուն այցելէ Փենթակոն` քննարկելու համար լիբանանեան բանակին կարիքները եւ զայն զինելու հեռանկարները` անոր կարողութիւնները բարելաւելու նպատակով, յատկապէս պաշտպանելու համար երկրին սահմանները: Զօր. Աունի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան...

Page 640 of 987 1 … 639 640 641 … 987

Արխիւներ