Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տեղահանուածներուն Թղթածրարը Լուծելու Լիբանանի Ջանքերուն Նկատմամբ Մարդասիրական Եւ Ապահովական Զօրակցութիւն Պէտք Է Ցուցաբերել» Շեշտեց Կապրիէլ

June 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի օժանդակութեան ամերիկեան յատուկ ուժի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով Էտուըրտ Կապրիէլ յայտնեց, որ Պասիլի հետ քննարկած են այնպիսի հարցեր, որոնք Միացեալ Նահանգներու համար կարեւոր են` նկատի ունենալով լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Կապրիէլ յայտնեց նաեւ, որ Պասիլէն իմացած են կարգ մը հարցեր, որոնց քննարկումը պիտի կատարեն Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ իբրեւ լիբանանեան ծագում ունեցող ամերիկացիներ պատասխան գտնեն այդ հարցերուն:

Ան նշեց, որ քննարկած են սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարն ու երեսփոխանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու Լիբանանի մէջ ամերիկեան ներդրումներ կատարելու կարելիութիւնները:

Կապրիէլ յայտնեց, որ Պասիլի հետ իրենց հանդիպումը յաջող կարելի է նկատել:

Ան ըսաւ, թէ Լիբանան իրենց նախահայրերուն երկիրն է, եւ իրենք հպարտ են իրենց պապենական հողերը այցելելու համար: Ան մաղթեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները մնան հեզասահ` աւելցնելով, որ Պասիլի հետ քննարկած են այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Կապրիէլ նշեց, որ հանդիպումին քննարկած են նաեւ երկրին դրամատնային համակարգն ու բանակին վերաբերող հարցեր:

Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին ակնարկելով` Կապրիէլ նշեց, որ այդ հարցը մտահոգիչ է` նկատի ունենալով Լիբանանի վրայ անոր բանեցուցած ճնշումը` տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական իմաստով:

«Մենք պէտք է միջազգային օրէնքին ընդմէջէն գտնենք միջոցներ` տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու Լիբանանի ջանքերուն նկատմամբ մարդասիրական եւ ապահովական զօրակցութիւն ապահովելու համար», ըսաւ ան:

Նախորդը

Հարիրի Շնորհաւորեց Էրտողանի Ընտրութիւնը

Յաջորդը

«Փտածութիւնը Հաշուետուութեան Կանչելու Ժամանակը Հասած Է, Իսկ Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Անհրաժեշտ Լուծումը Պիտի Գտնենք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.