ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ պատասխանելով երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատի կատարած այն յայտարարութեան, թէ կարելի չէ սիւննի համայնքի 40 առ հարիւր համեմատութեամբ ներկայացուցչութիւնը անտեսել եւ թէ իբրեւ 10 սիւննի երեսփոխաններ իրենք պէտք է կառավարութեան մէջ ներկայացուին երկու նախարարով, ըսաւ. «Ես եմ վարչապետը եւ ես կը կազմեմ կառավարութիւնը»:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսի պարգեւատրումին առիթով յայտնեց, որ տեղահանուածները պէտք է վերադառնան իրենց երկիրը` պաշտպանելու համար իրենց արժանապատուութիւնն ու ազգային շահերը:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար շարունակեց քննարկել սեփական մարզի աշխատաւորներուն յաւելումներ շնորհելու թղթածրարը` ընդգծելով անոր անհրաժեշտութիւնը: Համադաշնակցութիւնը խստիւ դատապարտեց նաեւ կարգ մը դպրոցներու կողմէ ուսուցիչներուն անարդար աշխատանքէ արձակումը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդունեց երեսփոխաններ Էտի Ապի Լամահը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նահանգապետ եւ քաղաքապետ Զիատ Շպիպն ու Ժամալ Այթանին, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւններն ու փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող հարցը աննշան չէ, բայց եւ այնպէս այդքան ալ բարդ չէ: «Այս հարցը երկար պիտի չտեւէ, սակայն անոր լուծումը նաեւ մօտալուտ չէ: Հետեւաբար կարելի է ըսել, որ կառավարութեան կազմութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կարելի կրնայ դառնալ», հաստատեց Ժահժահ:
«ՆԱՇՐԱ» լրատուական կայքը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Հզօր Լիբանան համախմբումը կրնայ որդեգրել ժողովրդային ճնշումի միջոցը` տեղահանուածներու տունդարձին գծով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ նախանցեալ օրուան հանդիպումին ընթացքին վարչապետը հաստատած է, որ տնտեսական հսկայ տագնապ մը պիտի հարուածէ Լիբանանը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան գծով արտաքին միջամտութիւններ չկան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ Կաթողիկէ դպրոցներու խորհուրդի նախագահ Հաննա եպս. Ռահմէ յայտնեց, որ կաթողիկէ դպրոցներու ուսուցիչներուն անարդարօրէն պաշտօնէ արձակում չկայ` աւելցնելով, որ կան դպրոցներ, որոնք դժուար պայմաններէ կ՛անցնին, ինչպէս նաեւ կան այլ դպրոցներ, որոնք փակուած են: Ռահմէ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է օժանդակել դպրոցներուն: Այս իմաստով Ռահմէ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն օժանդակութիւն խնդրեց:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է անպայման կազմել կառավարութիւն մը, որովհետեւ Լիբանանի իրավիճակը դարձած է շատ զգայուն:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու, իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը կարելի է լուծել ներկայ իշխանութեան կողմէ զիջումներ կատարելով:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ հիմնական հարցը կառավարութեան կազմութիւնը չէ, այլ` վարչապետի պաշտօնն ու վարչապետի անձը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ զգուշացուց Պեքաայի բնակիչները` նշելով, որ անոնց դէմ կրնայ գործադրուիլ վտանգաւոր դաւադրութիւն մը` «ապահովական խախտումներ»-ու պատճառաբանութեամբ:
Ան խստիւ դատապարտեց Պեքաան զրկուած պահելու պետութեան քաղաքականութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ հաշտութիւնը իւրաքանչիւր լիբանանցի քրիստոնեայի երազն է` աւելցնելով, որ Մեհրապի մէջ գոյացածը փոխըմբռնում էր եւ ոչ հաշտութիւն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ մեծ թիւով նախարարութիւններու պահանջին պատճառով է, որ կը խոչընդոտուի Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ հրատարակուող «Խալիժ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի կը զօրակցի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան այն պահանջին, որ կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքին ներկայացուցչութիւնը միայն իրմով պէտք է սահմանափակուի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի կը փորձէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը համոզել Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցած նոր համեմատութեամբ եւ նոր կառավարութեան մէջ այդ իրականութիւնը նկատի ունենալով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ հաղորդակցութիւնները լրիւ խզուած են:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա մօտիկ ապագային պատկերասփռուած ճառով մը պիտի անդրադառնայ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:


