ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը երեկոյեան ժամը 5:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ Լիբանանի եւ շրջանի վերջին իրադարձութիւններուն:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի ներկայացուցած իրավիճակը պիտի չփոխուի, եթէ ճարտարարուեստի մարզը ընդգրկող ընկերութիւններուն վրայ պարտադրուած արդիւնաբերութեան ծախսերը չնուազին:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը ապառողջ է` աւելցնելով, որ պէտք է «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումներուն գործադրութեան հսկող յստակ գործիքակազմ մը ըլլայ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի համակարգող Ուալիտ Պուխարին, որ յայտարարեց, թէ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններն ու ժողովուրդը կը զօրակցին Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ քրիստոնէական հաշտութիւնը պատմութեան եւ յաջորդող սերունդներուն համար գոյացած է եւ ամբողջ երկրին կը պատկանի, «հետեւաբար այդ հաշտութիւնը քաղաքական կամ կառավարական տարակարծութեամբ մը կարելի չէ ջնջել», ըսաւ ան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-գերմանական գործարարներու խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ վերջին քանի մը օրերուն լիբանանեան մամուլը Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթըն Հութին վերագրած է այնպիսի կեցուածքներ, թէ ան կը քաջալերէ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու բնակեցումը: Խորհուրդը իր հաղորդագրութեան մէջ հաստատեց, որ Հութ իր Լիբանան ժամանումէն ի վեր կը նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ Լիբանանի համար իր ապահոված գերմանական օժանդակութիւններով կը ջանայ մեղմացնել սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառած գումակային բեռն ու հետեւանքները:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հանդիպումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Հանդիպումը ընդգծեց սահմանադրութեան համաձայն գործելու անհրաժեշտութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ երեսփոխանական ոչ մէկ պլոքի անդամ ըլլալով, ինք աւելի ազատ կը զգայ իր կարծիքներն ու տեսակէտները անկաշկանդ արտայայտելու: Ան նշեց, որ Սէուտական Արաբիան թելադրած է վարչապետ Սաատ Հարիրիին չկազմել կառավարութիւն մը, որ կը նեղացնէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանօ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը հասած է լիբանանցիներու թիւին 40 առ հարիւրին` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին օժանդակել տեղահանուածներուն` վերադառնալու իրենց երկիրն ու բնակարանները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը որոշում տուած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ ոչ մէկ բանավէճ ունենալու:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ երկրին իշխանութեան ուղեգիծը հարուածելու նպատակով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ձախողեցնելու որեւէ փորձ մերժելի է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ լիբանանցիներուն ապրած ներկայ իրավիճակը կ՛ենթադրէ, որ մօտիկ ապագային երկիրը ունենայ իր կառավարութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը պէտք է ըլլայ հիմնական եւ առաջնահերթ` կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին մէջ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ անցնող իւրաքանչիւր օր աւելի եւս կը բարդացնէ կառավարութեան կազմութիւնը: Աուն հաստատեց, որ դժուար է կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ հաւանական յստակ թուական մը ճշդել:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազեցաւ 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Պաալպեք-Հերմելի մէջ ապահովական գործողութիւնը զինուորական ճակատամարտ չի նկատուիր:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի յաջողած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը համոզել` բանավէճին վերջ տալու իմաստով, որպէսզի անոր կուսակցութիւնը մուտք չգործէ կառավարութիւն` իբրեւ հանրապետութեան նախագահի ընդդիմադիր ուժ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի շրջափակուած է պահանջներով, սակայն ան կը վայելէ շիի զոյգ քաղաքական ուժերուն բացարձակ զօրակցութիւնը: