Լիբանանեան

Նախարար Խալիլ Ռիատ Սալամէի Հետ  Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Իրավիճակը

Նախարար Խալիլ Ռիատ Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Իրավիճակը

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակը: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ երկրին ելեւմտական եւ նիւթական իրավիճակը հակակշիռի տակ կը գտնուի: Նախարար Խալիլ եւ Սալամէ ընդգծեցին, որ պէտք է որդեգրեն միջոցներ` ամրապնդելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, շեշտելով, որ այդ քայլերուն որդեգրումը կ՛ենթադրէ նոր կառավարութեան անյապաղ կազմութիւնը: Նշենք,...

Ժահժահ. «Պասիլի Մօտ Գործակցութեան  Յղացքը Այն Է, Որ Ինք Առանձին Աշխատի,  Եւ Մենք Կը Մերժենք Այդ Իրողութիւնը»

Ժահժահ. «Պասիլի Մօտ Գործակցութեան Յղացքը Այն Է, Որ Ինք Առանձին Աշխատի, Եւ Մենք Կը Մերժենք Այդ Իրողութիւնը»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մաղթեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ գոյացած դաշինքը գոյատեւէ, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ դաշինքները ամրապնդուին, իսկ Ամալ շարժումին հետ յարաբերութիւնները որոշ չափով բարելաւուին: Ժահժահ յայտնեց, որ ինք բոլոր այս մաղթանքները կը կատարէ ոչ թէ անձնական շահերը իրականացնելու համար, այլ` լիբանանեան շահերը պահպանելու միտումով: Ժահժահ նշեց, որ Մեհրապի փոխըմբռնումը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ Միջազգային դրամատունը համաձայնութիւն յայտնած է յաւելեալ 90 միլիոն տոլար տրամադրել` Աուալի գետին ջուրերը ուղղելու դէպի Պէյրութ գետ, վերահաստատելով իր վստահութիւնը` ուժանիւթի նախարարութեան ծրագիրներուն նկատմամբ: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ եթէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ուժային նախարարութիւն կը փափաքի ունենալ, ապա ան պէտք է այդ պահանջը ներկայացնէ վարչապետ Սաատ...

Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթը Կրնայ Բաւական Բարդ Ըլլալ

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կրնայ Բաւական Բարդ Ըլլալ

Հակառակ վարչապետ Սաատ Հարիրիի դրսեւորած դրական կեցուածքներուն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բաւական բարդ կը թուի ըլլալ` նկատի ունենալով նոր կառավարութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքէն բացի սիւննի համայնքի այլ հեղինակութիւններու ներկայացուցչութիւն ապահովելու պահանջները, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական  կուսակցութիւններուն պահանջներուն գծով ստեղծուած տարակարծութիւնները վարչապետ Հարիրիի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ: Մինչ շիի համայնքի նախարարական պահանջներուն վերաբերեալ տարակարծութիւններ չեն արձանագրուած,...

Նախագահ Աուն Հասան Խալիլի Հետ Քննարկեց  Երկրին Տնտեսական Եւ Ելեւմտական Իրավիճակը

Նախագահ Աուն Հասան Խալիլի Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Եւ Ելեւմտական Իրավիճակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ օր նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ 2019-ի պետական ամավարկի նախապատրաստական աշխատանքները: Հանդիպումէն ետք Հասան Խալիլ յայտնեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է Լիբանանի նիւթական եւ ելեւմտական կացութիւններուն մասին միջազգային տեղեկագիրները, որոնք երկրին մէջ կայունութիւն մթնոլորտ ստեղծած են, հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն:...

Պըրրի. «Պեքաայի Մէջ Տիրող Վատ Կացութեան  Վերջ Չտալու Պարագային,  Տարբեր Բան Պիտի Ունենամ Ըսելիք»

Պըրրի. «Պեքաայի Մէջ Տիրող Վատ Կացութեան Վերջ Չտալու Պարագային, Տարբեր Բան Պիտի Ունենամ Ըսելիք»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք խիստ ոճով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է պատասխանատուներու հետ` վերջ տալու համար Պեքաայի մէջ տիրող վատ կացութեան: Ան շեշտեց, որ ամօթ է կացութիւնը պահել այնպէս, ինչպէս որ է, իսկ եթէ այդ կացութիւնը հակակշիռի տակ չառնուի եւ գետնի վրայ քայլերու եւ նախաձեռնութիւններու չդիմուի, ապա ինք տարբեր բան պիտի ունենայ ըսելիք: «Անկարելի է ընդունիլ, որ Լիբանանի...

Ռոպեր Գայսէրլեան Ընտրուեցաւ  Տանտէրներու Սենտիքայի Անդամ

Ռոպեր Գայսէրլեան Ընտրուեցաւ Տանտէրներու Սենտիքայի Անդամ

Ձախէն աջ` Մունիր Համզէ, Փաթրիք Ռըզալլա եւ Ռոպեր Գայսէրլեան Ռոպեր Գայսէրլեան երէկ ընտրուեցաւ Տանտէրներու սենտիքայի անդամ: Տանտէրներու սենտիքայի ընտրութիւնները տեղի ունեցան երէկ: Սենտիքայի նախագահ ընտրուեցաւ Փաթրիք Ռըզալլա, իսկ սենտիքայի անդամներ ընտրուեցան Մունիր Համզէ (88 քուէ) եւ Ռոպեր Գայսէրլեան (86 քուէ): Նշենք, որ Ռոպեր Գայսէրլեան նաեւ Մտաուար շրջանի թաղապետ է:  

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Պապական Նուիրակը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Պապական Նուիրակը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պապական նոր նուիրակ Ժոզեֆ Սեպիթարի արքեպիսկոպոսը, որ օր մը առաջ հասած էր Պէյրութ եւ յայտնած, թէ  Մայրիներու երկրին համար բերած է Ֆրանչիսկոս պապի օրհնութիւնները: Կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք ամէն օր կը սպասեն նոր կառավարութեան մը կազմութեան` ափսոսալով սակայն, որ այդ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ: Ռայի...

Պեքաա-Հերմել Համախմբումը Կը Հաստատէ,  Որ Ապահովական Ծրագիրը  Շրջանին Համար Առաջնահերթութիւն Է

Պեքաա-Հերմել Համախմբումը Կը Հաստատէ, Որ Ապահովական Ծրագիրը Շրջանին Համար Առաջնահերթութիւն Է

Պեքաա-Հերմել համախմբումի երեսփոխանները շաբաթավերջին գումարեցին իրենց ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին ընդգծեցին շրջանին մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութեան առաջնահերթութիւնը: Համախմբումը նկատել տուաւ, որ ապահովական ծրագիրը ո՛չ կարելի է յետաձգել եւ ո՛չ ալ անոր գործադրութիւնը ուշացնել: Համախմբումի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց ընթացաւարտ կառավարութեան մէջ երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր` ներկայութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի եւ երեսփոխաններ Ալի Մըքտատի, Իպրահիմ Մուսաուիի, Անուար Ժումաայի եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ յայտնեց, որ պահանջուած է փոփոխութեան ենթարկել Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին որդեգրած ոճն ու վարուելակերպը` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերեալ: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը տապալողը գիտէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս տապալել ներքին աւազակախումբերը: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապին քաղաքական լուծման կարելի չէ սպասել` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու համար:...

Նախագահ Աուն Հարիրիի Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան Կազմութեան  Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Հարիրիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններուն: Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական, անոր ընթացքին քննարկուած են կառավարութեան մէջ քաղաքական տարբեր ուժերը ներկայացնելու քայլերը: Հարիրի մաղթեց, որ այդ մասին մօտիկ ապագային համաձայնութիւն գոյանայ`...

Նախագահ Աուն Ներկայ Գտնուեցաւ Ասորի  Ուղղափառ Համայնքի Պատրիարքարանի Բացման  Արարողութեան Եւ Մատուցուած Պատարագին

Նախագահ Աուն Ներկայ Գտնուեցաւ Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Պատրիարքարանի Բացման Արարողութեան Եւ Մատուցուած Պատարագին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Աթշանէ-Պիքֆայա շրջանին մէջ ներկայ գտնուեցաւ ասորի ուղղափառ համայնքի նորակառոյց պատրիարքարանի բացման արարողութեան: Ասորի ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին կողքին, պատրիարքարանի բացման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ղպտի ուղղափառ համայնքի Թէոդորոս Բ. պապը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, կաթողիկէ հայոց Գրիգորիս - Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, Անտիոքի եւ...

Մերքել Աւարտեց Լիբանան  Կատարած Իր Պաշտօնական  Այցելութիւնը` Հասկացողութիւն Ցուցաբերելով  Սուրիացի Տեղահանուածներուն  Գծով Լիբանանի Կեցուածքին Նկատմամբ

Մերքել Աւարտեց Լիբանան Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը` Հասկացողութիւն Ցուցաբերելով Սուրիացի Տեղահանուածներուն Գծով Լիբանանի Կեցուածքին Նկատմամբ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ կէսօրէ ետք աւարտեց Լիբանան կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ: Վարչապետ Սաատ Հարիրի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ հրաժեշտ տուաւ Մերքելին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի: Նախքան օդակայան ուղղուիլը, Մերքել այցելեց Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի...

«Եթէ Երկրին Մէջ Քաղաքական Կայունութիւնը  Յամենայ, Զբօսաշրջութիւնը Պիտի Ըլլայ  Լիբանանը Բարձրացնող Գլխաւոր Գործօնը»  Շեշտեց Ա. Կիտանեան

«Եթէ Երկրին Մէջ Քաղաքական Կայունութիւնը Յամենայ, Զբօսաշրջութիւնը Պիտի Ըլլայ Լիբանանը Բարձրացնող Գլխաւոր Գործօնը» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ աշխատանքը ժամանակ կը պահանջէ` աւելցնելով, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ «Սի. Ար. Էմ.» գոյացաւ, ստեղծուեցան նախարարութեան յատուկ երկու կայքեր, ինչպէս նաեւ կարելի եղաւ գոյացնել վաճառքի յատուկ սարքեր: Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ նախարարութեան մէջ Լիբանանը շուկայադրելու յատուկ բջիջ մը չկայ` աւելցնելով, որ Կիպրոսի...

Լաքիս. «Մեծ Թիւով Յանցագործներ Պաալպեքէն Փախուստ Տուած Են Դէպի Սուրիա»

Խալիլ. «Պըրրիի Պեքաա Ուղղուիլը Հաւանական Է» Պեքաայի մէջ տիրող անապահովութեան եւ լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն որդեգրելիք ապահովական խիստ միջոցառումներուն լոյսին տակ, երէկ Պաալպեքի քաղաքապետ Հիւսէյն Լաքիս յայտնեց, որ մեծ թիւով յանցագործներ եւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուածներ նախորդ օրերուն փախուստ տուած են դէպի Սուրիա, յատկապէս Թարթուսի շրջանը, ուր կը գտնուին զբօսաշրջական համալիրներ: Լաքիս նկատել տուաւ սակայն, որ լիբանանեան եւ սուրիական...

Բանակը Քֆարշուպայի Մէջ Կազմաքանդեց Իսրայէլեան Լրտեսական Սարք Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ կազմաքանդած է իսրայէլեան լրտեսական սարք մը: Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը այլ հաղորդագրութեամբ մը նշեց, որ  երէկ առաւօտեան մաքսանենգներու խումբ մը Թալլեթ Մանարա-Մասնաա սահմանային շրջանէն ապօրինի կերպով փորձած է ներթափանցել լիբանանեան հողեր: Դէպի Լիբանան ներթափանցող խումբը լիբանանեան բանակը դարձուցած է կրակոցի թիրախ, սակայն բանակը հակադարձած է...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ նախքան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի Լիբանան այցելութիւնը, Լիբանանի կրթական եւ ընկերային մարզերուն յատկացուած է 150 միլիոն եւրօ` աւելցնելով, որ ինք չի նախատեսեր, որ նոյն մարզերուն համար յաւելեալ 500 միլիոն եւրօ տրամադրուի` Մերքելի Լիբանան այցելութեան ընթացքին: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանօ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան տարազը դիւրին է` աւելցնելով, որ քաղաքական...

Մերքել Պաշտօնական Այցելութեամբ Ժամանեց  Լիբանան Եւ Քննարկեց Տնտեսական Ու Առեւտրական  Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Մերքել Պաշտօնական Այցելութեամբ Ժամանեց Լիբանան Եւ Քննարկեց Տնտեսական Ու Առեւտրական Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Մերքել դիմաւորուեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ: Վարչապետարանին մէջ Հարիրի եւ Մերքել քննարկեցին Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի զարգացումներն ու իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս` տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն պարագային: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան մշակոյթի նախարար Ղաթթաս...

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց  Լիբանանցի Հայրերը

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Լիբանանցի Հայրերը

Հայրերու տօնին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ողջունեց լիբանանցի հայրերը եւ ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր հայր իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն մէջ կը ներկայացնէ փոքր Լիբանան մը, ուր կը գտնուինք բոլորս եւ կը կազմենք մէկ ընտանիք, որ իր բազմազանութեան կողքին ունի մարդկային եւ ազգային նոյն նկարագիրը: Նախագահ Աուն մեծապէս գնահատեց հայրերուն զոհողութիւնները` կեանքի բոլոր փուլերուն ընթացքին, յատկապէս դժուար պայմաններուն պարագային,...

Պըրրի. «Չեմ Գիտեր, Թէ Վարչապետը  Ճիշդ Ի՛նչ Կը Մտածէ, Սակայն Ան Նոր Կառավարութեան  Կազմութեան Խուլ Ականջ Տուած Է»

Պըրրի. «Չեմ Գիտեր, Թէ Վարչապետը Ճիշդ Ի՛նչ Կը Մտածէ, Սակայն Ան Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Խուլ Ականջ Տուած Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Նիկերիոյ Ծերակոյտի փոխնախագահ, ծերակուտական Այք Էքուերամատուն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Էքուերամատու Պըրրիին յանձնեց Նիկերիա այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը: Միւս կողմէ, Պըրրի իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ հաստատեց, որ իրեն համար անհասկնալի է կառավարութեան կազմութեան առումով լուրջ ջանքերու չգոյութիւնը: «Չեմ գիտեր, թէ վարչապետը ճիշդ ի՛նչ կը մտածէ, սակայն ան նոր կառավարութեան կազմութեան...

Page 641 of 987 1 … 640 641 642 … 987

Արխիւներ