Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Նիստ . «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Բռնի Ուժով Տունդարձը Բնաւ Չենք Պահանջած» Շեշտեց Պասիլ

June 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ մասնակցութեամբ համախմբումը բաղկացնող բոլոր ուժերու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:

Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող քաղաքական փաստաթուղթ առաջարկած են` պահանջելով օրէնքի գործադրութիւնը եւ պահպանելով սուրիացի տեղահանուածներուն ու լիբանանցի քաղաքացիներուն արժանապատուութիւնը:

«Սուրիացի տեղահանուածներուն բռնի ուժով տունդարձը բնաւ չենք պահանջած», նշեց ան:

Պասիլ ըսաւ, թէ համաձայնած են քաղաքական սկզբունքներ պարունակող այդ փաստաթուղթը մշակել եւ զայն ներկայացնել երկրին քաղաքական ու հոգեւոր հեղինակութիւններուն, որպէսզի անոր շուրջ կարելի ըլլայ ազգային համախոհութիւն գոյացնել` նկատի ունենալով, որ այդ հարցը բոլորին վնաս կը հասցնէ: Ան նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը անխուսափելի է` աւելցնելով, որ այդ մէկը պէտք է կատարել ապահովելով թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ սուրիացիներուն շահերը:

«Մեզի համար մտահոգութիւն է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու մեր պարտականութեան մէջ արձանագրուելիք թերացումը, հետեւաբար պէտք է կատարենք մեր բոլոր հաղորդակցութիւնները: Պետութիւնը իր կարգին պէտք է վերջ տայ իր անտարբերութեան եւ լրջօրէն քննարկէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը քաջալերելու միջոցները` պահպանելով սուրիացի ժողովուրդին հետ մեր մտերիմ յարաբերութիւնները: Մենք պիտի ապահովենք տեղահանուածներու տունդարձին շուրջ ազգային համախոհութիւնը` հակադրուելով տունդարձը արգիլող միջազգային քաղաքականութեան», ըսաւ Պասիլ:

Ան շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածները կը բարդացնեն Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը` դիտել տալով, որ Լիբանան անկարող պիտի ըլլայ տնտեսապէս ինքզինք վերականգնել, եթէ իր հողերուն վրայ աւելի քան երկու միլիոն ոչ լիբանանցիներ կան:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Պասիլ յայտնեց, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են լաւատեսութեան մթնոլորտ ստեղծող անճիշդ յայտարարութիւններ, որպէսզի աւելի ուշ այդ «լաւատեսութիւնը» չէզոքացնելու պատասխանատուութիւնը բեռցնեն քաղաքական ուժի մը ուսերուն: Ան հաստատեց, որ համախմբումին համար օրէնքները յստակ են: «Կառավարութիւնը պէտք է կազմուի համեմատութիւններուն համաձայն, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն կոչել ազգային միասնականութեան դահլիճ: Տակաւին նոր դուրս եկած ենք երեսփոխանական ընտրութիւններէն, որոնք համեմատութիւն ճշդած են, եւ ինչպէս որ համամասնական ընտրական օրէնք մշակած ենք, նոյնպէս ալ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն պիտի կազմենք` հիմնուելով համեմատութիւններուն վրայ», ըսաւ Պասիլ` փափաք յայտնելով, որ կառավարութեան մէջ մեծ թիւով քաղաքական ուժեր ներկայացուին:

Ան շեշտեց, որ երբ մէկը օրէնքը կը խախտէ եւ կը պահանջէ բաներ, որոնք իր իրաւունքը չեն, ան կը խոչընդոտէ կառավարութեան կազմութիւնը: «Հզօր Լիբանան համախմբումը կը ներկայացնէ ժողովուրդին քուէարկութեան 55 առ հարիւրը: Թիւերը յստակ են եւ կը ներկայանան իբրեւ փաստ, եւ այդ պատճառով ալ ոչ ոքի կը հակաճառենք, կը համբերենք եւ յանձնառու կը մնանք հաշտութեան», ընդգծեց ան:

Պասիլ յայտնեց նաեւ, որ իրենք հանրապետութեան նախագահին պլոքը կը ներկայացնեն, եւ իրենց պարտականութիւնն է պաշտպանել նախագահը: «Ոչ մէկ կերպով պիտի արտօնենք, որ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները սեղմուին: Այս մասին բանավէճ ալ պիտի չարտօնենք, որովհետեւ կը գտնուինք փուլի մը մէջ, ուր ազգային գործակցութիւն կայ, եւ մենք կ՛ուզենք ամրապնդել այդ գործակցութիւնը», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

«Կառավարութեան Կազմութեան Պարտականութիւնը Սահմանադրական Պատասխանատուութիւն Մըն Է, Որ Վստահուած Է Հարիրիին» Շեշտեց Մուսթաքպալ Պլոքը

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց Իթթիհատ Կուսակցութեան Ղեկավարը

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.