Լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաք երէկ ուղղուեցաւ Պաալպեք-Հերմել, ուր ստուգեց բանակին դիրքերն ու անոր որդեգրած ապահովական միջոցառումները` պաշտպանելու համար շրջանին կայունութիւնը եւ ապահովութիւնը:
Մալլաք հանդիպում մը ունեցաւ Պաալպեք-Հերմելի մէջ տեղակայուած բանակի զօրամասերու պատասխանատուներուն հետ եւ անոնց փոխանցեց կարգ մը ցուցմունքներ:
Ապա Մալլաք սպաներուն հետ շրջեցաւ Պաալպեքի փողոցներուն մէջ, յատկապէս բերդին շրջակայքը գտնուող վաճառատուներուն մօտ, ինչպէս նաեւ Շարաուինա, Մարժէ եւ Ռասուլայն շրջանները:
Մալլաք շեշտեց, որ Պաալպեք-Հերմել շրջանը լիբանանեան որեւէ շրջանի նման ենթակայ է լիբանանեան գերիշխանութեան եւ օրէնքին: Ան նշեց, որ այս շրջանին մէջ ապահովական արտակարգ ծրագիրներ չեն որդեգրուած` աւելցնելով, որ հիմնական նպատակը ապահովական միջոցառումներու գործնականացումն է, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ ապահովական մակարդակին վրայ լաւ արդիւնքներու յանգիլ:
Մալլաք ընդգծեց, որ Պեքաան, յատկապէս` Պաալպեք-Հերմելը, իւրայատկութիւն ունի, նկատի ունենալով աշիրեթական եւ ընտանեկան յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ այս իրականութիւնը երբեմն կ՛ենթադրէ կարգ մը հեղինակութիւններու միջամտութիւնը խնդրել` լուծելու համար հարցերը: «Սակայն ասիկա չի նշանակեր այս կամ այն յանցագործը «ծածկել»: Ոչ մէկ յանցագործի նկատմամբ փափկանկատութիւն պիտի ցուցաբերուի», ըսաւ Մալլաք:
Ան կոչ ուղղեց բանակին ծառայող եւ իր զաւակները բանակի շարքերուն նուիրող Պաալպեք-Հերմելի բնակիչներուն զօրակցելու բանակի հրամանատարութեան եւ անոր սուրբ առաքելութեան` պատուոյ, զոհողութեան եւ հաւատարմութեան առաքելութեան:
Բանակը Կը Ստանձնէ Իտալական Զինուորական Օժանդակութիւն
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ներկայացուցիչ` հազարապետ-զօրավար Սելիմ Խալիլ Ֆղալի երէկ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիէն ստանձնեց լիբանանեան բանակին տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւնը:
Մարոթթի շեշտեց, որ Իտալիա կը գնահատէ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին գծով:
Մարոթթի հաստատեց, որ Իտալիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի հետ զինուորական գործակցութիւնը շարունակելու նպատակով:
ՄԻՒՍ կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդած են, թէ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտարարած է, թէ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին բանակը ահաբեկչական գործողութիւններ ձախողեցուցած է:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ զօր. Աուն այդ մասին հետեւեալը ըսած է. «Մեզի հասած էին տեղեկութիւններ, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները ձախողեցնելու նպատակով ահաբեկչական գործողութիւններ կը նախապատրաստուին, սակայն ամէն ինչ ապահով ընթացաւ»:



