Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փտածութիւնը Հաշուետուութեան Կանչելու Ժամանակը Հասած Է, Իսկ Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Անհրաժեշտ Լուծումը Պիտի Գտնենք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

June 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` շարունակելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններու քննարկումը:

Այսօրուան հանդիպումին շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ երէկ, երբ Հարիրի  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ:

Նախագահ Աուն յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ռիաշի նախագահ Աունի հետ հանդիպումը նկատեց «շատ դրական»:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Ռիքարտօ Լարէյրա, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` անոր վերընտրութեան առիթով: Ան ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու Լիբանանի փափաքը:

Նախագահ Աուն Բացումը Կատարեց ՄԱԿ-ի
30-
րդ Նախարարական Ժողովին

Նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան բացումը կատարեց ՄԱԿ-ի 30-րդ նախարարական ժողովին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Պէյրութի մէջ ՄԱԿ-ի տնտեսական եւ ընկերային ներկայացուցիչներուն, պատասխանատուներուն, ակադեմականներուն եւ փորձագէտներուն հանդիպումը` արաբական աշխարհի ամբողջական բարգաւաճման համար, զուգահեռ կ՛ընթանայ արաբական երկիրները քանդել եւ բզկտել փափաքող չար ուժերու փորձերուն հետ:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ապրի նման մարտահրաւէրներ` նկատի ունենալով ներկայի հարցերուն լուծումն ու ապագայի պահանջներու գոհացումին պատրաստ ըլլալու կարեւորութիւնը:

«Մենք ճիգ պիտի չխնայենք բոլոր տագնապներուն դէմ պայքարելու, յատկապէս կուտակուած հարցերուն եւ տագնապներուն դէմ, որոնք կէս դարէ ի վեր առկայ են եւ կը շարունակեն իրենք զիրենք պարտադրել` պետութեան ելեւմտական մուտքերուն եւ ելքերուն միջեւ ստեղծելով հսկայ բաց մը, որուն պատճառով կը բարձրանայ երկրին ընդհանուր պարտքը` տնքացնելով Լիբանանի տնտեսութիւնը:

Լիբանանին ոչինչ կը պակսի` տնտեսական լաւագոյն արդիւնքները իրականացնելու առումով, եթէ զայն բաղդատելու ըլլանք շրջանի տնտեսութիւններուն հետ», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան շեշտեց, որ փտածութիւնը հաշուետուութեան կանչելու ժամանակը հասած է` աւելցնելով, որ ապօրինի շահեր իրականացնող անհատներուն եւ ընկերութիւններուն նկատմամբ թոյլ կեցուածք պիտի չցուցաբերուի, որովհետեւ անիկա կը նկատուի օրինազանցութիւն, անպարկեշտութիւն եւ պետական իրաւունքներուն դէմ յարձակում:

Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին անհրաժեշտ լուծումը պիտի գտնուի` յոյս յայտնելով, որ արաբական եւ միջազգային շրջանակները օժանդակեն Լիբանանին այդ նպատակը իրականացնելու եւ ամէնէն մօտիկ ապագային տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու:

 

 

Նախորդը

«Տեղահանուածներուն Թղթածրարը Լուծելու Լիբանանի Ջանքերուն Նկատմամբ Մարդասիրական Եւ Ապահովական Զօրակցութիւն Պէտք Է Ցուցաբերել» Շեշտեց Կապրիէլ

Յաջորդը

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշելու Բանաձեւը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.