Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապահովութիւնը Կայուն Է, Իսկ Պետութիւնը Իր Գերիշխանութիւնը Բանեցուցած Է Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

June 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որ յայտնեց, թէ Պաալպեք-Հերմելի մէջ ապահովական ծրագիրը պիտի գործադրուի մինչեւ ապահովական կայունութեան հաստատումը:

Ան նշեց, որ ապահովական ծրագիրը կը գործադրուի բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ` պաշտպանելու համար շրջանին բնակիչներուն անվտանգութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց նախարարութեան որդեգրած քայլերը` պաշտպանելու համար ազգային ճարտարարուեստը, որ քաղաքական ոչ մէկ նպատակ կը հետապնդէ, այլ` տնտեսական-գերիշխանական:

Խուրի նշեց, որ իրենք այս ուղեգիծով պիտի շարունակեն գործել:

Ան յայտնեց, որ նախագահ Աունին զեկուցած է Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ որդեգրուած միջոցառումներուն մասին, որոնք լիբանանեան պետութեան շահեր ապահոված են, ինչպէս նաեւ հաւաքական աշխատանքին պարագային նուազեցուցած են սուղ սակերը եւ կանխարգիլած վնասները:

Խուրի շեշտեց, որ գործադրուած այդ միջոցառումները օրինակելի տարազներ են, որոնք կրնան գործադրուիլ նաեւ լիբանանեան պետական բոլոր վարչութիւններուն պարագային:

Խուրի նշեց, որ իրենց մշակած տնտեսական ծրագիրը գրեթէ աւարտին հասած է եւ յաջորդ շաբթուան ընթացքին անոր արդիւնքները պիտի ներկայացուին հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի օժանդակութեան ամերիկեան յատուկ ուժի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան նախագահ Աուն ընդգծեց, որ երկրին ապահովութիւնը կայուն է, իսկ պետութիւնը իր գերիշխանութիւնը բանեցուցած է ամբողջ Լիբանանի տարածքին, բացի Իսրայէլի բռնագրաւած բաժինէն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կրցած է իր հողերը ազատագրել ահաբեկիչներէն եւ կը շարունակէ հետապնդել ահաբեկչութեան քնացած բջիջները:

Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց, որ ՄԱԿ-ի միջոցով Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններ կը կատարուին հարաւային Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումը կատարելու, ինչպէս նաեւ Կապոյտ գիծի խախտումները սրբագրելու գծով: Ան նշեց, որ Իսրայէլ ցարդ կը մերժէ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծում կատարել, յատկապէս այն շրջանին մէջ, ուր նաւթի եւ բնական կազի պեղում կը կատարուի:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան կը տառապի սուրիացի տեղահանուածներու տագնապէն եւ լիբանանեան տնտեսութեան դիմագրաւած վնասներէն:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներուն օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան աստիճանաբար կարենայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովել` առանց Սուրիոյ պատերազմին քաղաքական վերջնական լուծման սպասելու:

Ան յայտնեց նաեւ, որ անցեալ ամսուան ընթացքին Լիբանանի մէջ կայացան երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին կարելի եղաւ ընտրել այսօրուան խորհրդարանը` հիմնուելով համամասնական ընտրական օրէնքին վրայ:

Նախագահ Աուն աւելցուց, որ ներկայիս Լիբանան իր կառավարութիւնը կազմելու ընթացքին մէջ կը գտնուի:

Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որմէ ստացաւ իր լիազօրագիրը:

Նշենք, որ նախագահ Աուն թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն անդրադարձաւ Թմրեցուցիչի դէմ պայքարի համաշխարհային օրուան, որուն առիթով շեշտեց, որ թմրեցուցիչին մէջ փրկութիւն չկայ, այլ` անիկա ինքնին դժոխք է` անհատին, անոր ընտանիքին, շրջապատին եւ երկրին համար:

«Միասնաբար աշխատինք մեր ընկերութիւնն ու զաւակները փրկելու եւ զանոնք զոհի կերպարէն վերածելու թմրեցուցիչի դէմ պայքարողի կերպարի: Թմրեցուցիչի գործածութեան դէմ մղուելիք պայքարը բոլորին պատասխանատուութիւնն է եւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի պարտաւորութիւնը», շեշտեց նախագահ Աուն:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ  հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն հաստատուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահը կառավարութեան կազմութեան կը մասնակցի` ըստ իր իրաւասութիւններուն, որոնք սահմանուած են երկրին սահմանադրութեամբ եւ Թաէֆի համաձայնագիրով:

«Այս առումով հանրապետութեան նախագահը իրաւունք ունի նշանակելու փոխվարչապետը եւ կարգ մը նախարարներ, որոնց ընդմէջէն կը հետեւի կառավարութեան աշխատանքներուն` յարգելով իր սահմանադրական խոստումը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նոյն յայտարարութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն յարգելու խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայացուցչութեան համեմատութիւնը, որպէսզի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրանայ:

Նախագահական պալատի հաղորդագրութիւնը հաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան յանձնառու կողմերը պէտք է վերջ տան իրենց զրպարտութիւններուն եւ ճշմարտութեան այլակերպումին, որովհետեւ նախագահ Աուն յանձնառու է Թաէֆի համաձայնագիրին, որ վերածուած է սահմանադրութեան, որ իր կարգին արժանի պէտք է ըլլայ բոլորին յարգանքին:

Նախորդը

Բագրատունի Ընդունեց Իթթիհատ Կուսակցութեան Ղեկավարը

Յաջորդը

Ընտրական Օրէնսգիրքի 50 Յօդուածներու Մէջ Փոփոխութիւններ Պիտի Ըլլան

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.