Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի երեսփոխանները, որոնց կ՛ընկերակցէին նաեւ ընթացաւարտ կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Ղազի Զաայթեր:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ալի Մըքտատ, Իպրահիմ Մուսաուի, Ուալիտ Սըքքարիէ եւ Իհապ Համատէ, որոնք նախագահ Աունին ներկայացուցին Պաալպեքի մէջ տիրող կացութիւնը` խնդրելով անոր հովանաւորութիւնը` հոգալու Պեքաայի եւ անոր տարբեր շրջաններուն կարիքները:
Պատուիրակութիւնը ընդգծեց նաեւ շրջանին մէջ բանակին կողմէ անվտանգութեան հաստատումին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կիրքերը հանդարտեցնելու, հաշտութիւններ կատարելու եւ յանցագործներն ու պահանջուածները ձերբակալելու անհրաժեշտութիւնը:
Երեսփոխանները անխուսափելի նկատեցին նաեւ շրջանին մէջ բարգաւաճման իրագործումը` հաստատելով, որ անիկա կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ ամբողջ շրջանին վրայ:
Պատուիրակութիւնը պահանջեց արագացնել շրջանը հարուածած ողողումներուն եւ սահանքներուն պատճառով տուժած քաղաքացիներուն կատարուելիք հատուցումները: Անոնք մեծապէս գնահատեցին նախագահ Աունի կողմէ Պեքաայի եւ յատկապէս Պաալպեք-Հերմելի նկատմամբ ցուցաբերուած գուրգուրանքը եւ հետաքրքրութիւնը` մաղթելով, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք այդ շրջանը պէտք եղած հոգատարութեան արժանանայ:
Իր կարգին, նախագահ Աուն հաստատեց, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ պիտի որդեգրուին ապահովական միջոցառումներ` ամրապնդելու համար շրջանին ապահովական կայունութիւնը: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ այդ բոլորին զուգահեռ շրջանին մէջ պիտի իրագործուի ամբողջական բարգաւաճում` սերտելէ ետք շրջանին տնտեսական, կենցաղային եւ ընկերային կարիքները:
Նախագահ Աուն շեշտեց բանակին հետ շրջանի բնակչութեան գործակցութեան կարեւորութիւնը` սանձելու համար ապահովական խախտումներն ու ապօրինութիւնները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ բնակիչներուն անդորրը խախտող ուժերուն եւ խմբաւորումներուն հետ վարուելակերպը պիտի ըլլայ շատ խիստ: Ան ողջունեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին որդեգրած ապահովական ծրագիրը, որ հերթաբար կը գործադրուի բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Ան դրուատեց նաեւ քաղաքական ուժերը, որոնք հաստատեցին, որ ոչ մէկ ձեւով կը զօրակցին կամ կը հովանաւորեն օրինազանցներն ու դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործները:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Ճարտարարուեստի գործատէրերու ընկերակցութեան նորընտիր վարչութիւնը` նախագահութեամբ Ֆատի Ժեմայէլի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունի կողմէ արդիւնաբերական մարզին, յատկապէս ճարտարարուեստին նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն զօրակցութեան:
Ժեմայէլ նշեց, որ պետութեան կողմէ ճարտարարուեստի մարզին նկատմամբ վերջերս ցուցաբերուած զօրակցութիւնը դրսեւորուեցաւ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած այն որոշումին ընդմէջէն, որ կը վերաբերէր Թուրքիայէն արտադրութիւններ ներածելու ժամանակաւոր արգիլումին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ նոր օրէնքներ որդեգրել` ներածուող այդ արտադրութիւններուն վրայ մաքսատան պարտադրած հարկերը աւելցնելու:
Ժեմայէլ նշեց, որ այդ որոշումը նուաճում մը կը նկատուի եւ կը փաստէ, որ ներկայ իշխանութիւնը եկած է հարցերը լուծելու: Ան կոչ ուղղեց նոր կազմուելիք կառավարութեան մշակելու տնտեսական, ընկերային բարգաւաճման ամբողջական ծրագիր մը, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ բարելաւել երկրին ճարտարարուեստն ու իրականացնել պէտք եղած բարգաւաճումը, որ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ յատկապէս քաղաքացիին ընկերային պայմանները բարելաւելու:
Նախագահ Աուն ընդգծեց արդիւնաբերութեան մարզին մէջ ներդրումներ ապահովելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք պիտի աշխատին տնտեսական հարցերը եւ տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու, ինչպէս նաեւ փտածութիւնը արմատախիլ ընելու ուղղութեամբ, որպէսզի կարենան ապահովել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը:
Նախագահ Աուն ըսաւ նաեւ, թէ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը իր կարգին կը քաջալերէ ներդրողները Լիբանան ուղղուելու: Ան հաստատեց ճարտարարուեստի մարզին կարեւորութիւնը` մաղթելով, որ նոր կառավարութիւնը նկատի ունենայ արդիւնաբերական մարզերուն, գլխաւորաբար` ճարտարարուեստի մարզին համար իրենց մշակած պատկերացումին գործադրութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ յորդորեց Լիբանանի մէջ արհեստից եւ թեքնիք ուսման կարեւորութիւն ընծայել: Ան քաջալերեց լիբանանցի աշակերտը ուղղուելու դէպի արհեստից ուսում` յաջողութիւն մաղթելով թեքնիք ուսման հետեւող բոլոր աշակերտներուն, որոնց պետական քննութիւնները սկսան երէկ:
Նշենք, որ նախագահական պալատի շրջափակին մէջ երէկ նախագահ Աուն նախագահեց «Պէյրութ» դրամատան կողմէ տասը հիւանդատար ինքնաշարժներու յանձնումը` լիբանանեան Կարմիր խաչին:
Այս առիթով, նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինչպէս պատերազմին, նոյնպէս ալ խաղաղ օրերուն Կարմիր խաչին մատուցած ծառայութիւնները կը գերազանցեն բոլոր ծառայութիւնները:
«Մատուցուած այդ ծառայութեան պարագային վեհագոյն իրականութիւնը այդ աշխատանքին կամաւոր ըլլալն է, լիբանանցի երիտասարդ – երիտասարդուհիներ կամաւոր կերպով իրենց ժամանակն ու ջանքերը կը տրամադրեն, եւ երբեմն ալ իրենց կեանքը կը վտանգեն հիւանդի մը օժանդակելու կամ վիրաւոր մը փրկելու համար», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն նշեց, որ Կարմիր խաչը վտանգին ընկերակիցն է, ինչպէս նաեւ այն ձեռքը, որ կ՛երկարի` փրկելու մէկը: «Շատ անգամ փրկութեան նպատակով երկարող այդ ձեռքը արիւնաթաթախ կը դառնայ, եւ երբեմն նաեւ Կարմիր խաչի կամաւորներուն շարքերուն մէջ կ՛արձանագրուին վիրաւորներ ու նահատակներ: Անոնց նահատակութիւնն ու անձնազոհութիւնը ճանչնալը նուազագոյն բանն է, որ կրնանք կատարել: Այս իրողութիւնը նկատի առնելով է, որ մշակուած է օրէնք, որուն համաձայն, մարդկային պարտականութիւն կատարելու ընթացքին մահացող անհատ մը պէտք է նկատուի նահատակ: Ես խոստացած եմ այդ օրէնքին քննարկումին եւ վաւերացումին հետեւիլ նորընտիր խորհրդարանին կողմէ, եւ խոստումս կը յարգեմ», հաստատեց նախագահ Աուն: