Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Կազմութեան Պարտականութիւնը Սահմանադրական Պատասխանատուութիւն Մըն Է, Որ Վստահուած Է Հարիրիին» Շեշտեց Մուսթաքպալ Պլոքը

June 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց պլոքի անդամ երեսփոխան Ռուլա Թապաշ:

Ան նշեց, որ պլոքը կը վստահի վարչապետ Հարիրիի ընտրանքներուն եւ խոչընդոտները շրջանցելու անոր կարողութեան, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունէ անոր իմաստուն կեցուածքը` քաղաքական տարակարծութիւններուն մօտենալու եւ տարբեր տեսակէտները կամրջելու առումով:

Թապաշ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի կարողութիւն ունի տարբեր ուժերը համախմբելու ազգային շահերու առաստաղին ներքեւ, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն ցանկութիւններուն կը համապատասխանէ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ վարչապետ Հարիրի երկրին ելեւմտական կայունութիւնը երաշխաւորուած կը նկատէ, իսկ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին լոյսին տակ տնտեսական կացութիւնը պիտի բարելաւուի կառավարութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք:

Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ նախարարութիւնները բաժնուելու եւ կառավարութեան մէջ տեղ գրաւելու իմաստով արձանագրուած քաղաքական բանավէճերը երկրին մէջ տիրող դրական մթնոլորտը կը խոցեն` կոչ ուղղելով քաղաքական ուժերուն հանդարտեցնելու իրենց բանավէճը:

«Կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը սահմանադրական պատասխանատուութիւն մըն է, որ վստահուած է Հարիրիին, որ կատարեալ գործակցութեան մէջ պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահին հետ: Երեսփոխանական պլոքներուն հետ կատարուած խորհրդակցութիւնները այս շրջագիծին մաս կը կազմեն եւ այս փուլին կը միտին յանգիլ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան», նշուեցաւ Մուսթաքպալի հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան պիտի վստահուի բարեկարգումներուն իրագործումը, ինչպէս նաեւ տնտեսական, ելեւմտական եւ վարչական մարտահրաւէրներու դիմագրաւումը:

«Այս բոլորը նկատի ունենալով, Մուսթաքպալ պլոքը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դերակատարութեան կը վստահի` դուրս գալու համար սպասումի օղակէն եւ կառավարութեան նոր կազմին վերջնական ձեւաւորումը կատարելու գծով», ընդգծեց Մուսթաքպալ պլոքը:

Թապաշ յայտնեց նաեւ, որ նոր կառավարութեան կազմութեան հարցն ու անոր կապուած քաղաքական տարակարծութիւնները ներքին լիբանանեան խնդիրներ են, հետեւաբար պէտք չէ զանոնք վերագրել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած արտաքին ճնշումներու իրականութեան:

«Մուսթաքպալ պլոքը կոչ կ՛ուղղէ արտաքին ճնշումներու մասին խօսող քաղաքական ուժերուն եւ լրագրողներուն վերջ տալու այդ ընթացքին, որ կը միտի ճշմարտութիւնը նենգափոխել եւ մարդոց աչքին փոշի ցանել», ըսաւ Թապաշ:

ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետ Հարիրի «Իքթիսատ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ մօտիկ ապագային Լիբանանի մէջ հսկայ աշխատանք մը պիտի իրագործուի: Ան հաստատեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովէն ետք Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի վերականգնումի եւ շինարարութեան փուլ` աւելցնելով, որ ինք շատ լաւատես է յաջորդ փուլին գծով:

 

Նախորդը

«Բանակը Լիբանանի Ապահովութեան Ցանցն Է Եւ Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը, Հակառակ Ոմանց Կողմէ Անոր Դերակատարութեան Նկատմամբ Ցուցաբերուած Կասկածներուն» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Նիստ . «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Բռնի Ուժով Տունդարձը Բնաւ Չենք Պահանջած» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.