ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահին եւ իրենց միջեւ «պաղ» յարաբերութիւն կը տիրէ:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ պաքալորէայի պետական քննութեան արդիւնքները պիտի հրապարակուին երկուշաբթի, 2 յուլիս 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն սկսեալ:
ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան մէջ պետական նախարար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը պիտի ուշանայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ տնտեսական տուեալները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի իրավիճակը բաւական խոցելի է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ Մեհրապի փոխըմբռնումի համաձայնագիրէն ոչ ոք հրաժարած է: Ան ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան կարիքը ունի նոր կառավարութեան` փրկելու համար երկրին տնտեսական կացութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռայա Հասան կոչ ուղղեց փտածութեան դէմ պայքարելու կարգախօսը վերածելու իրականութեան, այլ խօսքով` գործնական քայլերու, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն գործադրել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն ընդգծեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի սահմանադրական իր իրաւասութիւնները պէտք եղած ձեւով կը գործադրէ` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան թնճուկը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտ չի գտնուիր: Աուն նշեց, որ իր կարծիքով` հանրապետութեան նախագահը դիւրաւ չի հրաժարիր պաշտպանութեան նախարարութենէն:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին մէջ կ՛արձանագրուին շարք մը խախտումներ` աւելցնելով, որ տակաւին անյայտ է, թէ այդ խախտումներն ու օրինազանցութիւնները որո՞նց շահերուն կը ծառայեն: