Աքուրայի քաղաքապետ Մանսուր Ուեհպէ երէկ յայտնեց, որ նախորդ երկու օրերուն ընթացքին Աքուրայի դէմ կատարուած բռնարարքը շրջանը վերադարձուցած է քարէ դարուն:
Ան նշեց, որ նախանցեալ օր Եամմունէ գիւղաքաղաքէն 30 զինեալներ ներխուժած են Աքուրա եւ շրջանի ոստիկանութեան դէմ յարձակում մը գործած, ինչպէս նաեւ ոստիկաններուն դէմ կրակած` գրաւելով անոնց մոթորսիքլեթները, հեռախօսներն ու մէկուն ատրճանակը:
Ուեհպէ յայտնեց, որ այս դէպքը կտրականապէս մերժելի է` աւելցնելով, որ իրենք կը դիմեն պետութեան, որուն պարտականութիւնն է ապահովել բոլորին անվտանգութիւնը:
Ան նշեց, որ իրենք արդէն իսկ դատական հարց յարուցած են` յոյս յայտնելով, որ պետութիւնը կը զսպէ խուլիկանները, որպէսզի այլապէս իրենք ստիպուած չըլլան պէտք եղած որոշումները տալու:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ ուղղուեցաւ Աքուրա, ուրկէ կոչ ուղղեց վերջ տալու հողային ոտնձգութիւններուն: Ան շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները արդէն իսկ այս հարցով կը զբաղին` աւելցնելով, որ կարելի չէ «իրաւունքը ձեռքով առնելու» տարբերակին ապաւինիլ: Ռուքոզ ընդգծեց, որ Աքուրայի խնդիրը համայնքային չէ, այլ հողային եւ կալուածներու հարց է, որուն չափ ու սահման պէտք է ճշդեն բանակն ու դատական իշխանութիւնները:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Աքուրայի եւ Եամմունէի միջեւ տարակարծութիւնները համայնքային կամ քաղաքական բնոյթ չունին, այլ զուտ հողային են ու կալուածներու վերաբերող:
Ժահժահ խստիւ դատապարտեց բռնարարքները` ապահովութեան ուժերէն եւ դատական իշխանութիւններէն պահանջելով օրինազանցներուն դէմ քայլերու դիմել:



