Նախանցեալ գիշեր Պէյրութի հարաւային արուարձանները ցնցեց 17-ամեայ երիտասարդի մը սպանութիւնը` «Մոնտիալ 2018»-ի խաղերուն պատճառով:
Պրազիլի ֆութպոլի հաւաքականին յաղթանակը նշող Մոհամետ Զահր դանակի հարուած մը ստացաւ Պրայթեղ ընտանիքի անդամ երիտասարդէ մը, որ պարտութիւն կրած Գերմանիոյ ֆութպոլի հաւաքականի համակիրներէն էր:
Հաւանաբար աշխարհի վրայ միակ վայրը, որ նմանօրինակ ոճիրներ կը պատահին, Լիբանանն է:
Միւս կողմէ, հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա կոչ ուղղեց Մոնտիալին հետեւողներուն մարզական ոգիով քաջալերելու իրենց խումբերը եւ յարգելու ուրիշին կեցուածքները:
Նոհրայի յայտարարութեան պատճառն էր նախանցեալ գիշեր Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած բախումները, որոնք խանգարած են քաղաքին ու անոր բնակչութեան անդորրը: