Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ ինչպէս լիբանանեան բոլոր շրջանները, Պաալպէք-Հերմելի մէջ ապահովական կայունութիւնը եւս լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնը կը նկատուի` աւելցնելով, որ բանակը եւ ապահովութեան ուժերը կը ստանձնեն այդ շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումը:
Շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը բազմիցս յայտարարած է եւ կը վերահաստատէ, որ ինք պատրաստ է օժանդակելու եւ զօրակցելու ապահովութեան ուժերուն:
Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու արեւմտեան երկիրները չեն փափաքիր սուրիացի տեղահանուածներու հարցը լուծել: Ան աւելցուց, որ անոնք կ՛արգիլեն այդ հարցին լուծումը, որովհետեւ տեղահանուածներուն գոյութիւնը իբրեւ փաստ կ՛օգտագործեն` հաստատելու համար, որ Սուրիա չի կրնար իր ժողովուրդին գուրգուրալ, «հետեւաբար անոնք Սուրիոյ վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցուցած կ՛ըլլան», ըսաւ Քասեմ:



