Լիբանանեան

Պուխարի. «Լիբանանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ  Միջեւ Աւելի Քան 20 Համաձայնագիրներ  Կը Սպասեն Կառավարութեան Կազմութեան»

Պուխարի. «Լիբանանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Աւելի Քան 20 Համաձայնագիրներ Կը Սպասեն Կառավարութեան Կազմութեան»

Ի պատիւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարիի, «Նապաա Սաֆա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին Պուխարի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա եւ անոր Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը, ինչպէս նաեւ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ գահաժառանգ իշխանը նոր զարթօնքի մը դէմ յանդիման կը գտնուին: «Նկատի ունենալով 2030-ի տեսութիւնը եւ անոր բովանդակած ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները,...

Զօր. Աուն Արսլանի Հետ Քննարկեց  Երկրին Իրադարձութիւնները

Զօր. Աուն Արսլանի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր: Քննարկուեցան շրջանին վերաբերող շարք մը հարցեր:  

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն մասին տակաւին լիբանանեան պաշտօնական կեցուածք չկայ: ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը լիբանանեան շահ կը նկատուի` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան առումով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յատուկ հանգոյց մը գոյութիւն չունի, իսկ պահանջուածը արդար ներկայացուցչութիւնն է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լիբանանի  Հայոց Թեմի Առաջնորդն  Ու Երեսփոխան Բագրատունին

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդն Ու Երեսփոխան Բագրատունին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Ապա նախագահ Աունի յանձնուեցաւ հրաւէր մը` 21 հոկտեմբերին ներկայ գտնուելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակի տօնակատարութեան, որուն ընթացքին պիտի մատուցուի նաեւ Ս. պատարագ` Անթիլիասի Ս....

Նախագահ Աուն Իպրահիմը Շնորհաւորեց  Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու  Հիմնադրութեան 73-ամեակին Առիթով

Նախագահ Աուն Իպրահիմը Շնորհաւորեց Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 73-ամեակին Առիթով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով: Նախագահ Աուն մեծապէս գնահատեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը` նախագահութեամբ Ապպաս Իպրահիմի: «Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը զինուորական եւ ապահովական այլ կառոյցներու հետ գործակցելով յաջողեցան երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել ու պաշտպանել: Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը մեծ...

Պըրրի Շնորհաւորեց Ապպաս Իպրահիմը

Պըրրի Շնորհաւորեց Ապպաս Իպրահիմը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Պըրրի շնորհաւորեց Իպրահիմը` Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով: Ան նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը միշտ կը պաշտպանուի: Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց սիւննի համայնքի անկախ երեսփոխանները` Ապտել Ռահիմ Մըրատ, Ժիհատ...

Հարիրի. «Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթը Արագացնելը Բոլորին  Պատասխանատուութիւնն Է»

Հարիրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արագացնելը Բոլորին Պատասխանատուութիւնն Է»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտնեց, որ նախանցեալ օր ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ քննարկած կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ համաձայնած անոր հետ մօտիկ ապագային ունենալու հանդիպում մը: Հարիրի նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի օժանդակէ իրեն` հանգուցալուծելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները: Հարիրի նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը...

«Հանրապետութեան Նախագահին Պատկանող  Նախարարական Չափաբաժինը  Որոշ Փուլի Հետ Չէ Կապուած»  Շեշտեց Պասիլ

«Հանրապետութեան Նախագահին Պատկանող Նախարարական Չափաբաժինը Որոշ Փուլի Հետ Չէ Կապուած» Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք Պասիլ շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ հանրապետութեան նախագահին պատկանող նախարարական չափաբաժինը որոշ փուլի հետ չէ կապուած, ինչպէս նաեւ պէտք չէ վերադառնալ ռազմավարական սխալներու, որոնք գործուած են Թաէֆէն ի վեր` անցնելով ուղղափառ ընտրական օրէնքէն եւ հասնելով մինչեւ հզօր հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն: Պասիլ նշեց,...

Մաշնուք. «Նախագահական Կանխահաս Ընտրապայքարը Կ՛ուշացնէ Կառավարութեան Կազմութիւնը»

«Քաղաքական Բանակցութիւններուն Վերահաստատումը Պէտք Չէ Սուրիոյ Նախապայմանը Ըլլայ` Լիբանանի Դիմաց Գտնուող Միակ Անցքը Բանալու» Շեշտեց Մաշնուք

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու գլխաւոր կեդրոնը, Թանգարան: Մաշնուք դիմաւորուեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի կողմէ եւ անոր փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով: Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Մաշնուք միշտ զօրակցած է եւ նեցուկ կանգնած Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու գործունէութեան: Մաշնուք յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Զուիցերիոյ Նախագահը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Զուիցերիոյ Նախագահը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ նախագահ Ալեն Պերսէն, որ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Լիբանան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համայնքները ներկայացնող մեծ թիւով հոգեւորականներ: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի բոլոր համայնքներուն ներկայացուցիչներով Պերսէն հիւրընկալելը ցուցանիշ է Լիբանանի ազգային համերաշխութեան եւ իսկական համակեցութեան:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի նախագահ Ֆատի Հասան երէկ յայտարարեց, որ օգոստոս ամսուան ընթացքին օդակայանին մէջ ստեղծուած խճողումը նախատեսուած էր: Ան վերահաստատեց, որ ճամբորդները պարտին օդակայան հասնիլ իրենց թռիչքէն երեք ժամ առաջ: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս Պաալպեք-Հերմելի երեսփոխանական պլոքին հետ քննարկեց շրջանին վերաբերող բարգաւաճման հարցեր: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն...

Պերսէ Ընդգծեց Լիբանանին Օժանդակութիւնները  Շարունակելու Զուիցերիոյ Պատրաստակամութիւնը

Պերսէ Ընդգծեց Լիբանանին Օժանդակութիւնները Շարունակելու Զուիցերիոյ Պատրաստակամութիւնը

Ռուանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Եւս Պաշտօնական Այցելութիւն Մը Կատարեց Լիբանան Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ նախագահ Ալեն Պերսէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին զոյգ նախագահները հաստատեցին երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ տարբեր մարզերուն մէջ գործակցութիւնը բարելաւելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով երկու...

Պըրրի Ընդունեց Ժոմպլաթները

Պըրրի Ընդունեց Ժոմպլաթները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Պըրրիի ներկայացուցած են Մոսկուա կատարուած այցելութեան արդիւնքները` նկատի ունենալով, որ Ռուսիա շրջանին մէջ հսկայ դերակատարութիւն ունի: Ան...

Հարիրի Կառչած Կը Մնայ Ազգային  Միասնականութեան  Կառավարութեան Կազմութեան

Հարիրի Կառչած Կը Մնայ Ազգային Միասնականութեան Կառավարութեան Կազմութեան

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ վարչապետ Հարիրի կառչած կը մնայ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան` հաստատելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի շրջագիծին մէջ վարչապետ Հարիրիի եւ նախագահ Աունի միջեւ հաղորդակցութիւնները օր մը օրանց չեն խզուած: Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին նաեւ,...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու 73-ամեակ  «Կը Մաղթենք Եւ Վստահ Ենք, Որ Այս Տարի  Լիբանանի Համար Ապահով  Եւ Անվտանգ Տարի Մը Պիտի Ըլլայ»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու 73-ամեակ «Կը Մաղթենք Եւ Վստահ Ենք, Որ Այս Տարի Լիբանանի Համար Ապահով Եւ Անվտանգ Տարի Մը Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով երէկ Թանգարանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական հանդիսութիւն մը` նահատակներու եւ վիրաւորներու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ այդ ուժերուն անդամ կարգ մը սպաներուն ներկայութեան: Այս առիթով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ըսաւ. «Կը մաղթենք եւ վստահ ենք, որ այս տարի Լիբանանի համար ապահով եւ անվտանգ տարի մը պիտի ըլլայ»: Ան կոչ ուղղեց սպաներուն...

Մուսթաքպալ Հոսանքը Սէյիտ Նասրալլային Կ՛ըսէ. «Արդարութեամբ Մի՛ Խաղաք»

Մուսթաքպալ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ երէկ անդրադարձան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ կիրակի օր կատարուած յայտարարութիւններուն` նշելով, որ «Կրակով մի՛ խաղաք» բանաձեւումը սէյիտ Նասրալլայի կողմէ լաւ ընտրուած տարբերակ մը չէր, որովհետեւ լիբանանցիները վերադարձուցած էր 7 մայիսին տիրած ընդհանուր մթնոլորտին: Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը հաւատայ օրէնքի ու արդարութեան եւ ոչ թէ քաղաքացիական պատերազմին: «Նկատի ունենալով այս ճշմարտութիւնը`...

AliHassanKhalil

«Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Պիտի Ստանձնէ Բնակարանային Վարկերուն Համար Վճարուելիք Տոկոսներուն Տարբերութիւնը» Շեշտեց Խալիլ

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ վերահաստատեց, թէ ելեւմուտքի նախարարութիւնը պիտի ստանձնէ բնակարանային վարկերուն համար վճարուելիք տոկոսներուն տարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ բնակարանային վարկեր ստանալու նոր գործառնութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է: Խալիլ հաստատեց, որ այդ վարկերուն յատուկ գործառնութիւններու գործիքակազմը մօտիկ ապագային պատրաստ պիտի ըլլայ: Խալիլ այս յայտարարութիւնները կատարեց հանդիպելէ ետք բնակարանային վարկերու ընդհանուր տնօրէն Ռոնի Լահուտի հետ:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 30 օգոստոս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին` քննարկելու համար շարք մը օրինագիծեր: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը Մոհամետ Քասեմ Ֆլիթին յանձնած է համապատասխան դատական ատեանին` Արսալի մէջ 2 օգոստոս 2014-ին լիբանանեան բանակին դէմ ճակատամարտին մեղսակցած ըլլալու, պայթուցիկ նիւթեր դէպի...

«Եթէ Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումի  Իսկական Պատճառը Միջազգային Դատական Ատեանն Է,  Ապա Բոլորը Գիտեն, Որ Ան Ոչ Մէկ Նշանակութիւն Ունի  Մեզի Համար, Հետեւաբար Կրակով Մի՛ Խաղաք»   Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Եթէ Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումի Իսկական Պատճառը Միջազգային Դատական Ատեանն Է, Ապա Բոլորը Գիտեն, Որ Ան Ոչ Մէկ Նշանակութիւն Ունի Մեզի Համար, Հետեւաբար Կրակով Մի՛ Խաղաք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Անցեալ տարի Պաալպեքի եւ Հերմելի բարձունքներուն վրայ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակին Բ. տարեդարձին առիթով, Հըզպալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հերմելի «Թատամոն» մարզադաշտին մէջ կազմակերպեց տօնակատարութիւն մը: «Փառք եւ յաղթանակ» խորագիրով յաղթանակի այս տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլա, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ եւ Դիմադրութեան տասնեակ հազարաւոր հետեւորդներ: Հըզապալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան...

Էլիաս Ապու Սաապ. «Լիբանանեան Ազգային  Միասնականութիւնը Պէտք Է  Յստակ Չափանիշի Վրայ Հիմնուի»

Էլիաս Ապու Սաապ. «Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը Պէտք Է Յստակ Չափանիշի Վրայ Հիմնուի»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի խորհրդատու Էլիաս Ապու Սաապ երէկ գիշեր հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ նախագահ Աուն միշտ կ՛առնէ այն քայլերը, որոնց կարիքը կայ` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով եւս ան պիտի դիմէ իր քայլերուն, որոնք աննախընթաց պիտի ըլլան եւ երկրին պիտի պարգեւեն իր իսկական գերիշխանութիւնը, որ բոլորին կողմէ պահանջուած է: Ապու Սաապ հաստատեց, որ նախագահ Աուն ունի բազմաթիւ...

Page 623 of 988 1 … 622 623 624 … 988

Արխիւներ