Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 30 օգոստոս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին` քննարկելու համար շարք մը օրինագիծեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը Մոհամետ Քասեմ Ֆլիթին յանձնած է համապատասխան դատական ատեանին` Արսալի մէջ 2 օգոստոս 2014-ին լիբանանեան բանակին դէմ ճակատամարտին մեղսակցած ըլլալու, պայթուցիկ նիւթեր դէպի Արսալ փոխադրելու եւ լիբանանեան շրջաններ հրթիռարձակումի ենթարկելու յանցանքներուն համար:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ Լիբանանի գերագոյն շահերուն ապահովումը բնական է` աւելցնելով, որ ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութիւնը միայն տագնապներուն եւ պատերազմներուն կը վերաբերի:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ տեղքայլն ու ժամանակի սպառումը այլեւս անընդունելի են:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու նպատակով յաւելեալ հարցեր պէտք չէ ստեղծել:

ՄԱՐՈՆԻ համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն շնորհաւորեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը` Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ դաւադրութիւն սարքողին զօրակցութիւնն ու մեղսակցութիւնը կ՛երկարէ անոր կեանքը: Ան կոչ ուղղեց Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն արտօնելու, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերով կազմուի կառավարութիւնը եւ իշխանութիւն բանեցուի, որովհետեւ անոնց կառավարութիւնը հաստատ կերպով պիտի  ձախողի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւնները մերժելի են` հաստատելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կեցուածքներուն նկատմամբ հանգիստ կը զգայ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանօ շեշտեց, որ կարգ մը շրջանային քաղաքական ուժեր կը փորձեն պարանաձգութիւն կատարել եւ երկրին իշխանութիւնները խեղդել` զանոնք շրջափակելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ նախատեսելի է, թէ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի դժուար փուլ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է վարչապետ Սաատ Հարիրիի շուրջ համախմբուիլ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան իշխանութեան հետ գործակցութեան` յաջողցնելու համար այդ իշխանութեան ժամանակաշրջանը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ ազգային գերագոյն շահերուն ոչ մէկ վնաս հասցնելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ Պաալպեք-Հերմելի բարձունքներուն ազատագրութեան Բ. տարեդարձի նշումը ազգային բացառիկ նուաճում կը նկատուի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ ընդգծեց, որ փտածութիւնը սառած իրավիճակ մը չէ, այլ ուղղակիօրէն կապուած է իւրաքանչիւր պատասխանատուի կողմէ ինքն իր նկատմամբ ունեցած նպատակին եւ դերակատարութեան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ իրենց համար մերժելի է լիբանանեան արտադրութիւնները Նասիպի անցքով փոխադրելու իրականութեան գծով օգտագործել սպառնալիքի եւ շանթաժի տրամաբանութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա զարմանք յայտնեց, որ ամբողջ 18 տարի Լիբանանը կեղեքած, սնանկացուցած եւ աղքատացուցած կողմեր այսօր փտածութեան դէմ պայքարի կոչ կ՛ուղղեն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը առիթ մը կը ստեղծէ Լիբանանին կատարուելիք միջազգային օժանդակութիւնները արագացնելու նպատակով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ ահաբեկչութեան կողմէ բռնագրաւուած Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան ազատագրելու ջանքերը արգելակող կողմերը նոյն ուժերն են, որոնք կ՛արգելակեն Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի միջազգային անվտանգութեան հարցերով օգնական Ռոպըրթ Սթորի Քարեմ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն խնդրեց Լիբանանի կեցուածքը ներկայացնել Իրանի դէմ որդեգրուած վերջին պատժամիջոցներուն մասին, սակայն նախագահ Աուն մերժեց նման կեցուածքի անդրադառնալ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի նախագահութեամբ գումարուած է նիստ մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղուած է Եմէնի բախումները վերածելու ներքին լիբանանեան բախումներու:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ղասսանի Արքայական Տան Ղարիոս Էլ Չեմոր Է. Իշխանը

Յաջորդը

«Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Պիտի Ստանձնէ Բնակարանային Վարկերուն Համար Վճարուելիք Տոկոսներուն Տարբերութիւնը» Շեշտեց Խալիլ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.