Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ նախագահ Ալեն Պերսէն, որ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Լիբանան:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համայնքները ներկայացնող մեծ թիւով հոգեւորականներ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի բոլոր համայնքներուն ներկայացուցիչներով Պերսէն հիւրընկալելը ցուցանիշ է Լիբանանի ազգային համերաշխութեան եւ իսկական համակեցութեան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ բոլորը զիրար կը յարգեն` աւելցնելով, որ իրենք կը գործակցին միջազգային ընտանիքին հետ` լուծելու համար Լիբանան հասած սուրիացի, իրաքցի եւ պաղեստինցի տեղահանուածներու հարցը: «Տեղահանուածներու եւ գաղթականներու տունդարձի իրաւունքը ապահովելը մեզի համար առաջնահերթութիւն է եւ այդ տունդարձը ոչ մէկ ձեւով պէտք է առնչել տագնապներու քաղաքական լուծման հետ, որովհետեւ այդ լուծումները կրնան տարիներ տեւել», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Իր կարգին, Պերսէ շեշտեց, որ այս այցելութեան նպատակը միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան ամրապնդումը չէր, այլեւ ընդգծելու, որ Զուիցերիա կը զօրակցի Լիբանանին եւ յանձնառու է ամէն իմաստով օժանդակելու Լիբանանին` զայն բնաւ առանձին չձգելու նպատակով:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան բոլոր քաղաքակրթութիւններու, կրօններու եւ ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան համաշխարհային կեդրոնն է: