ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի նախագահ Ֆատի Հասան երէկ յայտարարեց, որ օգոստոս ամսուան ընթացքին օդակայանին մէջ ստեղծուած խճողումը նախատեսուած էր: Ան վերահաստատեց, որ ճամբորդները պարտին օդակայան հասնիլ իրենց թռիչքէն երեք ժամ առաջ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս Պաալպեք-Հերմելի երեսփոխանական պլոքին հետ քննարկեց շրջանին վերաբերող բարգաւաճման հարցեր:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Սարուժ Քումարը, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ հոկտեմբերին գումարուելիք Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին տարեկան ժողովին վերաբերող հարցեր:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած ներքին հարցերուն լուծումը վարչապետին պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ կարելի չէ ընդունիլ, որ այդ հոլովոյթին արտաքին միջամտութիւն կատարուի եւ վարչապետը դիտորդի դերով ներկայանայ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շնորհաւորեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը` այդ ուժերուն հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով, եւ մաղթեց, որ այդ ուժերուն փորձառութիւնը եւ յաջողութիւնը ուսանելի ըլլայ պետական բոլոր հաստատութիւններուն համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապաշ-Ժարուտի անհրաժեշտ նկատեց արհեստագիտութեան մարզին մէջ ներդրումները քաջալերող օրէնսդրութեան համակարգի զարգացումը:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական այն ուժերը, որոնք կը մերժեն Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը, կը պաշտպանեն օտարներուն եւ ոչ թէ Լիբանանի շահերը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի ահաբեկչութեան դէմ յայտարարուած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան արձանագրած յաղթանակին առիթով մաղթեց, որ հաւատադրժողական մտայնութեան դէմ եւս մաքրագործումի պատերազմ մը արձանագրուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի կոչ ուղղեց քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն կեդրոնները ամրապնդելու, որպէսզի անոնք կարենան իրենց դերակատարութիւնը լաւապէս կատարել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա հաստատեց, որ Լիբանան ելեւմտական լուրջ հարցի դիմաց կը գտնուի` կոչ ուղղելով արագացնելու կառավարութեան կազմութեան ջանքերը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը համաձայն է, որ միայն չորս նախարարութիւն ստանձնէ` աւելցնելով սակայն, որ անոնցմէ մէկը պէտք է ուժային նախարարութիւն ըլլայ:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի կոչ ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին նշանակելու կառավարական այնպիսի կազմ մը, որ կը համընկնի աշխուժ գործունէութիւն մը ծաւալելու կառավարութեան իր պատկերացումին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի յայտարարեց Թրիփոլիի մէջ թափօններու թաղման վայրի կառուցման սկիզբը` հաստատելով բոլորին հետ գործակցելու իր պատրաստակամութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքը ծաղրելէ եւ զայն Մոհամետ Զուհէյր Սըտտիքներու նման կոյր վկաներու չափանիշին հաւասարեցնելէ ետք, մարդիկ տակաւին արդարութեան մասին կը խօսին: Ան կոչ ուղղեց բոլորին արտօնելու, որ Ռաֆիք Հարիրի իր դամբարանին մէջ հանգիստ ննջէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ լիբանանցիները երկար ատեն սպասած են զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն, եւ աւելցուց, որ ներկայիս կառավարութեան կազմութեան հարցով անոնք դարձեալ իրենց յոյսը դրած են նախագահ Աունի վրայ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտը «պասիլեան» խոչընդոտ է եւ ոչ թէ «լիբանանեան ուժեր»-ու կամ «ընկերվարական»-ի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւն չկայ մօտիկ ապագային, եւ իբրեւ այդպիսին կը նախատեսուի ընթացիկ կառավարութեան աշխատանքներու աշխուժութիւն մը վկայել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատել, իր խօսքը ուղղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին, հաստատեց, որ փոխվարչապետի պաշտօնին սահմանումը խախտել կը նշանակէ սահմանադրութիւնը խախտել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի ահաբեկչութեան դէմ յայտարարուած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան արձանագրած յաղթանակի Ա. տարեդարձին առիթով մաղթեց, որ ապահովականին կողքին Լիբանանի մէջ քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւն հաստատուի:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով խզեց Լիբանանի օդային սահմանները եւ թռիչքներ գործեց Պընթ Ժպէյլի եւ անոր մօտակայ գիւղաքաղաքներուն վերեւ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը իսրայէլեան է, եւ անոր որոշումները կասկածելի են: