Ապպաս Շեշտեց Արդիական Ապահովական Կառոյց Ունենալու Կարեւորութիւնը
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթավերջին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան նպատակն է յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին թուղթ-մատիտէն հրաժարիլ: Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով, Ապպաս շեշտեց արդիական ապահովական կառոյց ունենալու կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որ լիբանանցի քաղաքացին կարողութիւն ունենայ իր գործառնութիւնները ելեկտրոնային ծառայութեան...
















