Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլիաս Ապու Սաապ. «Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը Պէտք Է Յստակ Չափանիշի Վրայ Հիմնուի»

Օգոստոս 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի խորհրդատու Էլիաս Ապու Սաապ երէկ գիշեր հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ նախագահ Աուն միշտ կ՛առնէ այն քայլերը, որոնց կարիքը կայ` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով եւս ան պիտի դիմէ իր քայլերուն, որոնք աննախընթաց պիտի ըլլան եւ երկրին պիտի պարգեւեն իր իսկական գերիշխանութիւնը, որ բոլորին կողմէ պահանջուած է:

Ապու Սաապ հաստատեց, որ նախագահ Աուն ունի բազմաթիւ դռներ, որոնց ընդմէջէն կրնայ շարժիլ:

Ան նշեց, որ լիբանանցիները չեն կրնար հանդուրժել այն պատճառաբանութիւնները, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բարդութիւններու դիմաց կը գտնուի պարզապէս նախարարութիւններու բաշխումի կամ չափանիշներու անարգումի կամ միաժամանակ նշուած այս երկու հարցերուն պատճառով: «Վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է լիբանանցիներուն բացատրէ եւ բացայայտէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած իսկական հարցերն ու անոնք, որոնք իսկապէս կը խոչընդոտեն այդ ջանքերը», ըսաւ Ապու Սաապ:

Ան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին կը մնայ տրամաբանական եւ ընդունելի ժամկէտի մէջ, «սակայն երբ սեպտեմբեր ամիսը մուտք կը գործենք, եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ իր ներկայ իրավիճակին մէջ, ապա հանրապետութեան նախագահին իրաւունքն է շարժիլ եւ քայլեր առնել», յայտնեց ան:

Ապու Սաապ նկատել տուաւ, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պէտք է յստակ չափանիշի վրայ հիմնուի, իսկ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող կողմը պէտք է բացայայտուի, իսկ ո՛վ որ իր ներկայացուցած չափէն աւելի կը պահանջէ, ապա ան կ՛ըլլայ խոչընդոտող կողմը:

Ապու Սաապ շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը միշտ ալ նախարարներու իրենց բաժինը ունենալու իրաւունք ունին: «Սակայն այսօր, երբ հանրապետութեան հզօր նախագահ կայ, կոչ կ՛ուղղեն անոր, որ հրաժարի իր իրաւունքներէն: Այս իմաստով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի յայտարարութիւնը մեզի համար ամէնէն զարմանալին էր: Այսօր զօր. Աունը հանրապետութեան նախագահ է, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ փոխըմբռնումի համաձայնագիրին մէջ հաստատուած է հանրապետութեան նախագահութիւնը հզօրացնելու կարեւորութիւնը: Այսօր զօր. Աուն հանրապետութեան նախագահն է, հետագային կրնայ ուրիշ մը ըլլալ, սակայն մենք պարզապէս պէտք է երաշխաւորենք, որ հանրապետութեան նախագահին նախարարներ ունենալու իրաւունքը պահպանուի», հաստատեց Ապու Սաապ:

Ան մաղթեց, որ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի այլ դերակատարութիւն ունենայ, որովհետեւ ան Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը մշակողներէն էր:

Ուշ գիշերին, Մըլհեմ Ռիաշի Ապու Սաապի կատարած յայտարարութեան տուաւ հետեւեալ պատասխանը. «Բարեկամս` Ապու Սաապ, ես պայքարողի դերակատարութիւն ստանձնած եմ, այլապէս` Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը կարելի չէր ըլլար մշակել եւ ստորագրել: Ինչ կը վերաբերի մաղթանքներուդ` շնորհակալ եմ, սակայն չեմ կրնար սուտ վկայութիւն կատարել: Իսկ հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնս կեցուածքներ արտայայտելու նպատակով չեմ շահագործեր (այս մասին կատարած յայտարարութիւնդ տգեղ էր): Մեր կեցուածքները յստակ են ու բոլորին ծանօթ»:

 

 

 

Նախորդը

Ապպաս Շեշտեց Արդիական Ապահովական Կառոյց Ունենալու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

«Եթէ Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումի Իսկական Պատճառը Միջազգային Դատական Ատեանն Է, Ապա Բոլորը Գիտեն, Որ Ան Ոչ Մէկ Նշանակութիւն Ունի Մեզի Համար, Հետեւաբար Կրակով Մի՛ Խաղաք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?