Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հանրապետութեան Նախագահին Պատկանող Նախարարական Չափաբաժինը Որոշ Փուլի Հետ Չէ Կապուած» Շեշտեց Պասիլ

August 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք Պասիլ շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ հանրապետութեան նախագահին պատկանող նախարարական չափաբաժինը որոշ փուլի հետ չէ կապուած, ինչպէս նաեւ պէտք չէ վերադառնալ ռազմավարական սխալներու, որոնք գործուած են Թաէֆէն ի վեր` անցնելով ուղղափառ ընտրական օրէնքէն եւ հասնելով մինչեւ հզօր հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն:

Պասիլ նշեց, թէ կարելի չէ այս արժանիքներուն հետ խաղալ եւ զիջումներ կատարել, պարզապէս որովհետեւ կան անհատներ, որոնք քաղաքական շահերու ակնկալութիւններ ունին:

Պասիլ նշեց, թէ հզօր հանրապետութեան նախագահի գաղափարը այն է, որ անոր սահմանափակ իրաւասութիւններուն վրայ աւելնայ խորհրդարանական ուժը` հիմնականին մէջ անոր զօրակցող երեսփոխանական պլոքին ընդմէջէն: «Ապա թէ ոչ, ի՞նչ է հզօր հանրապետութեան նախագահ ունենալու գաղափարը», հարց տուաւ Պասիլ:

Պասիլ շնորհաւորեց բանակը եւ ողջունեց անոր նուաճումը` «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան Ա. տարեդարձին առիթով, եւ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը կարելի չէ լուծել` առանց ազգային անկախ որոշումի:

Պասիլ նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձին վերաբերող ռուսական նախաձեռնութիւնը միջազգային գետնի վրայ կը հաւասարակշռէ տունդարձը Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումէն անջատելու սկզբունքը. ան ընդգծեց, որ Լիբանան ճիգ պիտի չխնայէ` յաջողցնելու այդ նախաձեռնութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի, անոր տնտեսութեան եւ սուրիացի ժողովուրդին շահերը նկատի ունենալու, եւ ոչ թէ` շրջանային շահերը:

Պասիլ յայտնեց, որ մեծ թիւով դեսպաններ իրեն հարց տուած են Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մասին եւ ինք դիւանագիտական պատասխաններու ընդմէջէն նկատել տուած է, թէ ատիկա լիբանանեան ներքին հարց է:

 

Նախորդը

«Քաղաքական Բանակցութիւններուն Վերահաստատումը Պէտք Չէ Սուրիոյ Նախապայմանը Ըլլայ` Լիբանանի Դիմաց Գտնուող Միակ Անցքը Բանալու» Շեշտեց Մաշնուք

Յաջորդը

Հարիրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արագացնելը Բոլորին Պատասխանատուութիւնն Է»

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.