Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով երէկ Թանգարանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական հանդիսութիւն մը` նահատակներու եւ վիրաւորներու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ այդ ուժերուն անդամ կարգ մը սպաներուն ներկայութեան:
Այս առիթով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ըսաւ. «Կը մաղթենք եւ վստահ ենք, որ այս տարի Լիբանանի համար ապահով եւ անվտանգ տարի մը պիտի ըլլայ»:
Ան կոչ ուղղեց սպաներուն ազգային այս տօնին առիթով կիսելու յաղթանակի ուրախութիւնը` թէ՛ ահաբեկչութեան դէմ, թէ՛ Իսրայէլի դէմ, ինչպէս նաեւ կաշառքի եւ փտածութեան դէմ:
Իպրահիմ հաստատեց նաեւ, որ նահատակներն ու վիրաւորներն են, որոնք խաղաղութիւնը եւ փառքը կը կերտեն իրենց թափած արեամբ:
Միւս կողմէ, Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու յատուկ պատուիրակ Ֆիլիփ Լազարինիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութիւնը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առիթով:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով Լազարինի շնորհաւորեց Ապպասը: