Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումի Իսկական Պատճառը Միջազգային Դատական Ատեանն Է, Ապա Բոլորը Գիտեն, Որ Ան Ոչ Մէկ Նշանակութիւն Ունի Մեզի Համար, Հետեւաբար Կրակով Մի՛ Խաղաք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Օգոստոս 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ տարի Պաալպեքի եւ Հերմելի բարձունքներուն վրայ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակին Բ. տարեդարձին առիթով, Հըզպալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հերմելի «Թատամոն» մարզադաշտին մէջ կազմակերպեց տօնակատարութիւն մը:

«Փառք եւ յաղթանակ» խորագիրով յաղթանակի այս տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլա, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ եւ Դիմադրութեան տասնեակ հազարաւոր հետեւորդներ:

Հըզապալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երեկոյեան ժամը 5:30-ին հանդէս եկաւ պատկերասփռուած ճառով մը, որուն մէջ շնորհաւորեց բոլորը 2017-ին հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ ոսկեայ տարազին` «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին արձանագրած յաղթանակին առիթով:

Ան նշեց, որ Հերմելը նահատակներու քաղաք է` աւելցնելով, որ թէեւ ան շատ տուժեց, սակայն միշտ հաւատարիմ մնաց այդ պայքարին եւ սատարեց Դիմադրութեան տարած պայքարին:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ նախորդ 7 տարիներուն ընթացքին ահաբեկչութեան դէմ իրենց մղած պայքարին ժամանակ իրենց համար յստակ եղած է Պեքաան ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու միտումը եւ ծրագիրը:

Այս շրջագիծին մէջ ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար Լիբանանին եւ լիբանանցիին իրավիճակն ու ճակատագիրը, եթէ Ժապհաթ Նուսրան եւ ՏԱՀԵՇ-ը յաղթանակ արձանագրէին Սուրիոյ, Իրաքի եւ շրջանին մէջ: Ան հարց տուաւ նաեւ, որ եթէ ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա յաղթէին, անոնց զօրակցող լիբանանցիներուն ճակատագիրը ի՞նչ պիտի ըլլար:

Ինքն իր ուղղած հարցումին պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ այդ լիբանանցիներուն ճակատագիրը պիտի ըլլար նոյնը, ինչ որ եղած էր ահաբեկչութեան զօրակցող եւ ուահապական ու ահաբեկչական գաղափարաբանութեան նոյն միտքը կրող այն անհատներուն, որոնք իրարու միջեւ խլրտումներու պատճառով սպաննուեցան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ նախորդ տարիներուն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով իրենց անցուցած փորձառութիւնը մեծ է: Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ բոլոր սահմանները ահաբեկչութենէ եւ ահաբեկիչներէ մաքրագործուած են:

«Այս շրջագիծին մէջ, կ՛ուզեմ բարձր գնահատել Հերմելի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու պատրաստ Դիմադրութեան ընծայուած բնակիչներուն որոշումին արագութիւնը, որովհետեւ օրին Լիբանանի կառավարութիւնը այլ հարցերով զբաղած էր: Հերմելի բնակիչներուն արտօնութեամբ Հըզպալլայի մարտիկները հասան Սուրիա եւ Հոմսի, Քալամունի, Զապատանիի եւ Ռիֆ Տիմաշքի մէջ պայքարեցան ահաբեկչութեան դէմ: Այս պայքարին մասնակցեցան մեծ թիւով երիտասարդներ, որոնք մեր ուժն են, եւ մենք մեր գրաւը կրնանք դնել անոնց վրայ: Անոնք առաւելագոյն պատրաստակամութեամբ, նուիրումով, անկեղծութեամբ եւ գիտակցութեամբ ստանձնեցին ահաբեկչութեան դէմ զէնք բարձրացնելու պայքարը, այն աստիճան, որ մենք շուրջ 8 տարիէ ի վեր զօրաշարժի կոչ չենք կատարած, որովհետեւ երիտասարդներուն կողմէ ընդառաջումը մեծ էր, եւ մինչեւ օրս ալ այդպէս է», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլայի մօտ այս ճշմարտութեան կողքին իսրայէլեան բանակին հետ զուգահեռներ գծուին, ապա ի յայտ կու գայ, որ իսրայէլեան բանակին դիմագրաւած հիմնական հարցը մարդուժն է: «Իսրայէլեան մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն համաձայն, մեծ թիւով իսրայէլացի զինուորներ հոգեբուժներու կը դիմեն: Իսրայէլեան տեղեկատուական մարզին տուեալներով, այդ զինուորներուն թիւը հասած է 44 հազարի: Ճի՛շդ է, որ անոնք իրենց զինուորական կարողութիւնները բարելաւած են` ստանալով արդիական կործանիչներ եւ հրթիռային համակարգեր, սակայն անոնք չեն կրցած շրջանցել պարտուողի հոգեբանութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց պետութիւնը պաշտպանելու ոչ մէկ շարժառիթ կը տեսնեն, որովհետեւ անոնց միջեւ վստահութիւնը լրջօրէն խախտած է», ըսաւ ան:

Սակայն սէյիտ Նասրալլա աւելցուց, որ Հերմելի եւ Պաալպեքի մէջ Դիմադրութիւնը կը վայելէ ժողովրդային հսկայ համակրանք, նոյնիսկ քաղաքական այն ուժերուն համակիրներուն կողմէ, որոնք Հերմելի բնակիչներ են, եւ հակառակ Դիմադրութեան հետ հակադրուող իրենց ղեկավարութեանց որոշումներուն, զօրակցեցան Դիմադրութեան մարտիկներուն, որոնք եկած էին զիրենք փրկելու եւ անոնց բնակարանները պաշտպանելու  ահաբեկչութենէն: «Այնքան ատեն որ մենք կը գիտակցինք եւ վստահ ենք, թէ իրաւունքը մեզի կը պատկանի, ապա պիտի պայքարինք մեր ամբողջ կարողութեամբ եւ ուժով», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով լիբանանեան բանակին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ան սահմանային պաշտպանութիւնը կատարեալ կերպով կատարեց, մինչեւ որ զօր. Միշել Աուն ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ, կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի որոշումով ծրագրուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան սկսիլ: «Ահա հոս կը կայանայ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազին կարեւորութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ ահաբեկչութիւնը տապալել եւ Լիբանանը ամբողջապէս ազատագրել անոր լուծէն», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ օրին փորձեցին Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի որոշումը խանգարել եւ ճնշում բանեցուցին այդ ուղղութեամբ` պահանջելով «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը տարի մը ետք սկսիլ` սպառնալով լիբանանեան բանակին  նկատմամբ ամերիկեան օժանդակութիւնները կասեցնել:

Պէտք է բոլորին համար յստակ դառնայ, որ ամերիկացին իր ստեղծած եւ ֆինանսաւորած ՏԱՀԵՇ-ին դէմ չի կրնար պայքարիլ: Ընդհակառակն` ամերիկեան ուժերը ուղղաթիռներով ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարներ եւ պատասխանատուներ կը փրկեն պայքարի դաշտէն: Ոչ ոք պէտք է Միացեալ Նահանգներու վրայ գրաւ դնէ, որովհետեւ ամերիկացին ամբողջ աշխարհին մէջ դաշնակից չունի, այլ` ունի իր գործիքները, որոնք կը հնազանդին անոր եւ ապա ենթակայ կ՛ըլլան վաճառքի: Այս շրջագիծին մէջ ան զգուշացուց քիւրտերը», ըսաւ ան` ուշքի հրաւիրելով բոլորը` դասեր քաղելու այս փորձառութենէն:

Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին մասին սէյիտ Նասրալլա զգուշացուց Հըզպալլայի դէմ լարուող տրամադրութիւններէն: Ան նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք երկրին բոլոր որոշումներուն պատասխանատուութիւնը Հըզպալլայի վերագրելու միտումներ կան` հաստատելով, որ թէեւ իրենք մեծագոյն կուսակցութիւնն են, սակայն երկրին իշխանութիւններուն վրայ շատ քիչ ազդեցութիւն ունին: «Հըզպալլայի դէմ կատարուած քարոզչութիւնը սուտ է, եւ անոր հեղինակները գիտեն, որ կը ստեն: Այդ քարոզչութիւնը կը միտի նաեւ հարուածել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւնը եւ վնաս հասցնել նախագահ Աունի պատկերին` զայն ներկայացնելով իբրեւ Հըզպալլայի հրահանգներուն ենթակայ նախագահ մը: Այս բոլորը անճիշդ են», ըսաւ ան:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին խօսելով սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ պէտք է լուծել այդ հոլովոյթը արգելակող թնճուկները: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները հարցի չվերածելու, այլ` կազմելու կառավարութիւնը եւ անոր մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին ընթացքին քննարկելու այդ հարցը:

Անդրադառնալով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու կարգ մը ղեկավարներուն յայտարարութեան, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հիմնական թնճուկը սեպտեմբերին Լիբանանի յատուկ միջազգային ատեանին արձակելիք վճիռը պիտի ըլլայ, սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց. «Եթէ կառավարութեան կազմութեան յապաղումի իսկական պատճառը Միջազգային դատական ատեանն է, ապա բոլորը գիտեն, որ ան ոչ մէկ նշանակութիւն ունի կամ արժէք կը ներկայացնէ մեզի համար: Հետեւաբար կրակով մի՛ խաղաք»:

Իր խօսքի աւարտին սէյիտ Նասրալլա դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Հերմելի մէջ իրենց հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար եւ Պեքաայի բնակիչները զետեղեց Հըզպալլայի հանդէպ իրենց զօրակցութիւնը շարունակելու յանձնառութեան տակ: «Մեզի դէմ գործող կողմերը քաջ գիտեն, որ զինուորական եւ ապահովական մարզերուն մէջ Հըզպալլան կարելի չէ տապալել, հետեւաբար անոնք կ՛աշխատին Հըզպալլայի եւ անոր զօրակցող միջավայրին ու համակիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները խզել ու հարուածել: Հետեւաբար պէտք է զգուշ ըլլաք, եւ մեզի դէմ լարուած ծուղակին մէջ պէտք չէ իյնաք», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

Նախորդը

Էլիաս Ապու Սաապ. «Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը Պէտք Է Յստակ Չափանիշի Վրայ Հիմնուի»

Յաջորդը

Մերքել Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապին Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?