ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն մասին տակաւին լիբանանեան պաշտօնական կեցուածք չկայ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը լիբանանեան շահ կը նկատուի` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան առումով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յատուկ հանգոյց մը գոյութիւն չունի, իսկ պահանջուածը արդար ներկայացուցչութիւնն է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին ու կազին սակերը յաւելում կամ նուազում չեն կրած:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին սանձազերծած «Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութեան Ա. տարեդարձին առիթով շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն է միայն, որ կայ ու պիտի մնայ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց, որ նոր կառավարութեան մէջ քաղաքական ուժերը ներկայացուին նախարարներու այնպիսի թիւով մը, որ համազօր է երեսփոխանական ընտրութիւններուն այդ ուժերուն արձանագրած արդիւնքներուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նոր կառավարութիւնը կազմելու նպատակով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութեան խոչընդոտ չկայ, որովհետեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ տիւրզի համայնքի ամբողջ ներկայացուցչութիւնը ապահոված է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող թնճուկներուն պատճառը կառավարութեան կազմութիւնը ուղղակիօրէն նախագահական ընտրութիւններուն հետ կապելն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ կառավարութիւններու կազմութիւնը պետական այրերու կարիք ունի, իսկ ներկայիս պետական այր չկայ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ հաստատեց, որ աղբերու տագնապին արմատական լուծում գտնելու առաջին քայլը աղբի տեսակաւորումն է` բնակարաններէն սկսեալ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ բոլորը կը սպասեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առնչութեամբ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարելիք խորհրդակցութիւններուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա ոչինչ կը պարտադրէ Լիբանանի կամ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ օրակարգ կը հետապնդէ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա ճնշումներ կը բանեցնէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վրայ` արգիլելու համար Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա պիտի չարտօնէ, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն կազմուի` նախքան շրջանային եւ միջազգային իրավիճակներուն յստակացումը:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է երկաթեայ բազուկով փակէ այն հաստատութիւններն ու ընկերութիւնները, որոնք օտար քաղաքացիներ աշխատանքի կ՛առնեն:
ԻՐԱՒԱԲԱՆ եւ քաղաքական վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա այսօր կը շարունակէ այն ծրագիրը, որ սկսած էր` վարչապետ Սաատ Հարիրին ձերբակալելով: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք Սէուտական Արաբիա Հարիրին քաղաքական գետնի վրայ կը սպաննէ՞: Ապու Ֆատել նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ վերածուած է Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ա. մակարդակի ներկայացուցիչին: Սուրիոյ կացութեան անդրադառնալով` Ապու Ֆատել հաստատեց, որ յաղթանակը անխուսափելի է:
«ԷՄ. ՔԱ.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր երէկ առաւօտեան թռիչքներ գործեցին Արքուպի եւ Հասպայայի վերեւ` Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ շարունակելով իրենց ոտնձգութիւնները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ նախագահական ընտրութեան համաձայնութիւնը առկայ է, իսկ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները խոչընդոտողները Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններն են: Նոյն աղբիւրները կը հաստատեն, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ոչ ոքի նախապայմանին պիտի ենթարկուի, յատկապէս` Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններու նախապայմաններուն: Նոյն օրաթերթը կը գրէ նաեւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան առումով խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ, նախքան Պաապտա այցելութիւնը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Սպիտակ տունը կը ծրագրէ Լիբանանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատել` Հըզպալլայի պատճառով: