Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պերսէ Ընդգծեց Լիբանանին Օժանդակութիւնները Շարունակելու Զուիցերիոյ Պատրաստակամութիւնը

Օգոստոս 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռուանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Եւս Պաշտօնական Այցելութիւն Մը Կատարեց Լիբանան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ նախագահ Ալեն Պերսէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին զոյգ նախագահները հաստատեցին երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ տարբեր մարզերուն մէջ գործակցութիւնը բարելաւելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով երկու երկիրներուն միացեալ շահերը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ սուրիացի գաղթականներուն դէպի Սուրիոյ ապահով վայրեր տունդարձը երաշխաւորելու իր կեցուածքին: Ան դարձեալ ողջունեց այս նպատակով առաջադրուած ռուսական նախաձեռնութիւնը եւ խնդրեց, որ Զուիցերիա սատարէ այս կեցուածքին` առանց սպասելու Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման, որ կրնայ բաւական երկար տեւել:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ նաեւ Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան, որուն հիման վրայ պաղեստինցիներուն իրաւունքները կը յարգուին:

«Այդ իրաւունքներէն է նաեւ անոնց տունդարձը», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ Երուսաղէմի խորհրդանիշին եւ անոր ներկայացուցած մարդկային ու կրօնական իւրայատուկ արժէքին աղճատումը:

Պերսէ իր կարգին հաստատեց Զուիցերիոյ պատրաստակամութիւնը` Լիբանանի նկատմամբ կատարուած օժանդակութիւնները շարունակելու իմաստով:

Ան նշեց, որ Զուիցերիա պատրաստ է նաեւ օժանդակելու սուրիացի տեղահանուածներուն, մինչեւ անոնց ապահով տունդարձը: «Այս փուլին պէտք է ըլլալ գործնական եւ ապահովել տեղահանուածներուն արժանապատիւ տունդարձը դէպի Սուրիոյ ապահով շրջանները` առանց սպասելու Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման, որ կրնայ երկար տեւել», ընդգծեց Պերսէ:

Ան շեշտեց, որ զուիցերիական կողմը համոզուած է, որ այս շրջագիծին մէջ կատարուած քննարկումներն ու երկկողմանի խորհրդակցութիւնները կարեւոր են, ինչպէս նաեւ կարեւոր է միջազգային ընտանիքին ունենալիք դերակատարութիւնը:

Պերսէ հասկացողութիւն ցուցաբերեց  Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած հետեւանքներուն գծով եւ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող ռուսական նախաձեռնութիւնը պէտք է ուսումնասիրել, իսկ այդ քննարկումները պէտք է կատարուին միջազգային հաստատութիւններու մէջ:

Անդրադառնալով նախագահ Աունի կողմէ Լիբանանը կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջազգային կեդրոնի վերածելու նախաձեռնութեան` Պերսէ յայտնեց, որ այդ գծով Զուիցերիա պատրաստ է քննարկումներ կատարելու Լիբանանի հետ, որովհետեւ Զուիցերիոյ շահերուն կը ծառայէ այդ ծրագիրը: Ան նշեց, որ նախագահ Աունի հետ պէտք է խորանալ այդ քննարկումներուն մէջ:

Պերսէ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Քննարկելէ ետք լիբանանեան-զուիցերիական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, Պըրրի ըսաւ, որ Պերսէի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ Զուիցերիոյ յարաբերութիւնները 1983-էն մինչեւ օրս:

Ան շեշտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ կան շարք մը կեցուածքներ, որոնք գրեթէ նոյնն են:

Պըրրի նշեց նաեւ, որ Պերսէի հետ քննարկած է երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Պըրրի շեշտեց, որ իրենք ոչ ոք կ՛ուզեն ստիպել, սակայն համոզուած են, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւնները պէտք է գործակցին` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու համար:

Երեկոյեան Պերսէ հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` Կեդրոնական Պէյրութի անոր բնակարանին մէջ:

Նշենք, որ Պերսէ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին` ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի եւ փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնիի:

Լուիզ Մուշիքիուապօ Այցելեց
Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Ռուանտայի արտաքին գործոց նախարար Լուիզ Մուշիքիուապոն իր կարգին այցելեց իշխանութեան երեք պետերուն:

Նախագահ Աուն յետմիջօրէին ընդունեց Մուշիքիուապոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Մուշիքիուապօ նախագահ Աունին յանձնեց Ռուանտայի նախագահ Փոլ Քակամիէն նամակ մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն պահանջուեցաւ զօրակցիլ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան պաշտօնին համար իր թեկնածութիւնը առաջադրած Մուշիքիուապոյի ընտրութեան: Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 10, 11 եւ 12 հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ:

Նախագահ Աուն ողջունեց Մուշիքիուապոն` շեշտելով, որ Լիբանան իր շրջանին մէջ կը տարածէ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան արժէքները:

Մուշիքիուապօ այցելեց Այն Թինէ, ուր ան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Մուշիքիուապօ այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-ռուանտական յարաբերութիւնները:

Մուշիքիուապօ ուրախութիւն յայտնեց Լիբանան կատարած իր այցելութեան համար եւ իրեն նկատմամբ լիբանանցի պատասխանատուներուն ու լիբանանցիներուն ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալումին առիթով: Ան նշեց, որ իր այցելութիւնը կը միտի իմացնել պատասխանատուները, թէ ինք թեկնածու է Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան պաշտօնին:

«Ես Ափրիկէէն թեկնածու եմ, եւ ինծի համար կարեւոր էր հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովէն առաջ այցելել Լիբանան` նկատի ունենալով, որ այդ վեհաժողովին ընթացքին պիտի կատարուի կազմակերպութեան նոր ընդհանուր քարտուղարին ընտրութիւնը:

«Լիբանան անդամ է այդ կազմակերպութեան եւ շրջանին մէջ կը ներկայացնէ այդ կազմակերպութիւնը, իսկ մենք լիբանանցիները կը նկատենք մեր եղբայրները, որովհետեւ անոնք ափրիկեան գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ ներկայութիւն են: Իմ նպատակս է աշխուժացնել Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան աշխատանքները եւ զայն հասցնել միջազգային հարցեր քննարկելու մակարդակի: Այս իմաստով Լիբանան այցելութեանս նպատակն է նաեւ իմանալ կազմակերպութենէն Լիբանանի ակնկալութիւնները: Կասկած չունիմ, որ Լիբանան պիտի զօրակցի անդամակցութեանս», հաստատեց Մուշիքիուապօ:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունած Է Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Գնահատական Տուած Է Քաղաքական Ներկայ Իրավիճակին

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?