Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուխարի. «Լիբանանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Աւելի Քան 20 Համաձայնագիրներ Կը Սպասեն Կառավարութեան Կազմութեան»

August 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ի պատիւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարիի, «Նապաա Սաֆա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին Պուխարի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա եւ անոր Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը, ինչպէս նաեւ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ գահաժառանգ իշխանը նոր զարթօնքի մը դէմ յանդիման կը գտնուին:

«Նկատի ունենալով 2030-ի տեսութիւնը եւ անոր բովանդակած ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները, որոնք կը վերաբերին պետական եւ սեփական մարզերուն, կը նպատակադրեն երկրին տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան բազմազանութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական հաստատութիւններուն ամրապնդումը, կարելի է հաստատել, որ այդ ծրագիրները աշխատանքի հազարաւոր առիթներ պիտի ստեղծեն ո՛չ միայն սէուտցիներուն, այլեւ` աշխարհի բոլոր հաստատութիւններուն համար, որոնք Սէուտական Արաբիոյ հետ գործելու ատակ պիտի նկատուին», ըսաւ Պուխարի:

Ան շեշտեց, որ իր Լիբանան գալէն ի վեր իրեն նկատմամբ մտերիմ եւ եղբայրական վարուելակերպ կը ցուցաբերուի, այն աստիճան, որ ինք Լիբանանի մէջ կը զգայ իր հայրենիքին ու տան պէս:

Պուխարի մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւնները տեսակարար ոստում մը արձանագրեն` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ աւելի քան 20 համաձայնագիրներ կը սպասեն կառավարութեան կազմութեան:

«Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութիւնը կը փափաքի բոլոր մարզերուն մէջ Լիբանանի հետ գործակցութիւնը աշխուժացնել, որովհետեւ Ռիատ Լիբանանի բոլոր շրջաններուն եւ համայնքներուն բարիք եւ բարգաւաճում կը մաղթէ` յուսալով Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել: Յարաբերութիւններ, որոնք հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի եւ միացեալ շահերու վրայ: Մենք կը մաղթենք, որ Լիբանան միշտ կայուն մնայ եւ բարգաւաճի», եզրափակեց Պուխարի:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Արսլանի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Այզընքոթ Տել Քոլէն Կը Պահանջէ Հարաւային Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Իշխանութիւնը Պարտադրել Հըզպալլայի Վրայ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.