
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր: Քննարկուեցան շրջանին վերաբերող շարք մը հարցեր: