Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր Գահիրէի Արաբական լիկայի կեդրոնին մէջ մասնակցեցաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին, որ նուիրուած էր ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին:
Նիստին ընթացքին Պասիլ ուղղեց Լիբանանի խօսքը` հաստատելով, որ Պաղեստինեան դատին նուիրուած իւրաքանչիւր նիստի մասնակցութեան ընթացքին ինք զգացած է, թէ կացութիւնը կը վատթարանայ, յատկապէս նկատի ունենալով այդ դատին ստացած հարուածներն ու անոնց վերաբերող լռութիւնը:
Պասիլ նշեց, որ այդ հարուածները կը միտին քանդել Պաղեստինեան իշխանութիւնները, վերջ տալ զոյգ պետութիւններու գաղափարին եւ խաղաղութեան հոլովոյթին, որպէսզի խաղաղութեան բանակցութիւններուն փոխարէն պաղեստինցիները եւ արաբները անձնատուր ըլլան:
Պասիլ հարց տուաւ, թէ արաբները անկարո՞ղ պիտի մնան եւ յաջորդ քա՞յլը, այսինքն` պաղեստինեան իշխանութեան կազմաքանդո՞ւմը պիտի քաջալերեն: «Երուսաղէմի դէմ գործուած ոտնձգութենէն եւ ամերիկեան որոշումով մը զայն իսրայէլեան գոյացութեան մայրաքաղաքը յայտարարելէ ետք, ամերիկեան վարչակազմը հարուածեց Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը, իսկ անոր վրայ աւելցաւ նաեւ իսրայէլեան Քնեսեթին կողմէ հրէական պետութեան յայտարարութիւնը, որոնց դիմաց արաբները անկարողութիւն դրսեւորեցին, իսկ միջազգային ընտանիքը` լռութիւն:
«Այս բոլորին կողքին, ամերիկեան վարչակազմը տակաւին վերջերս որոշեց կասեցնել նաեւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը, որուն նպատակն է պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցման ծրագիրին դիմաց ճամբայ բանալ: Ի՞նչ պէտք է կատարել այս որոշումին դիմաց: Դարձեա՞լ լուռ մնալ: Ո՛չ, որովհետեւ հարցը նիւթական կարողութեան հարց չէ, այլ քաղաքական, մարդկային եւ բարոյական պարտականութեան հարց», հաստատեց Պասիլ:
Ան ընդգծեց, որ ինք դրական առիթ մը կը տեսնէ` արաբական կորսուած դերակատարութիւնը վերստանձնելու քայլեր առնելու, ինչպէս նաեւ պայքարելու ոչ թէ դարուս համաձայնութեան, այլ` դարուս դաւադրութեան դէմ: «Մենք Պաղեստինը պիտի չլքենք, այլ կառչած պիտի մնանք անոր, ինչպէս որ է այսօր Սուրիոյ պարագային», ըսաւ ան:
Պասիլ նշեց, որ ինք բոլոր լիբանանցիներուն անունով կը խօսի` աւելցնելով, որ հակառակ լիբանանեան ներքին տարակարծութիւններուն, լիբանանցիները իրենց Ազգային ուխտով ու սահմանադրութեամբ կը մերժեն բնակեցումը եւ համաձայն են, որ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը յարգուի:
«1948-էն ի վեր Լիբանան հանդուրժած է 400.000 պաղեստինցի գաղթական, անոնց քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ծախսերով, որոնց մեղմացման մասնակից դարձած է ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն, որովհետեւ լիբանանեան պետութեան նիւթական պարտաւորութիւնները արդէն իսկ հսկայ են», ըսաւ ան:
Պասիլ հարց տուաւ, թէ այսպէ՞ս կը հատուցուի Լիբանանը` յաւելեալ գաղթականներո՞վ, տեղահանուածներո՞վ եւ անոնց բնակեցման մարտահրաւէրներո՞վ:
«Ի՞նչ կը նշանակէ պաղեստինցի գաղթականներուն ուսման, բուժման եւ ընկերային ծառայութիւններուն վերջ տալ: Այսինքն` յաւելեալ աղքատութիւն պատճառել, ինչ որ իր կարգին յաւելեալ ծայրայեղութիւն եւ ահաբեկչութիւն, ինչպէս նաեւ ապօրինի արտագաղթ կը պատճառէ:
Դաւադրութեան տեսակէտը չեմ բաժներ, սակայն կոյր չեմ եւ կը տեսնեմ արաբական անկարողութեան պահուն` շրջանին վրայ փչած գարնան հովը, որմէ միայն քանդում եւ գաղթ ծաղկեցաւ: Եւ համր չեմ` այս մասին չխօսելու եւ չբարձրաձայնելու: Այս բոլորը ցաւ կը պատճառեն մեզի, եւ կը ջանանք Պաղեստինեան դատին արժանապատիւ լուծում ապահովել եւ վերջ տալ պաղեստինցիներուն դէմ դաւադրութեան:
Այսօր մենք ցաւի եւ յոյսի ճիչ կ՛արձակենք եւ կոչ կ՛ուղղենք բոլորին վերջ տալու լռութեան, որպէսզի նոյն դաւադրութիւնը բոլորին չհալածէ: Կը յուսամ, որ այս անգամ փրկուինք: Հետեւաբար, եթէ օժանդակէք այդ փրկութեան, ապա շնորհակալ կ՛ըլլանք, իսկ եթէ շարունակէք լուռ մնալ, ապա նորահաս սերունդներուն անէծքը, իրաւունքն ու պատմութիւնը պիտի ըլլան բոլորիս մնայուն ընկերակիցները», եզրափակեց Պասիլ:
Նշենք, որ Պասիլ երէկ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի թղթածրարին վերաբերեալ Ուաշինկթընի կեցուածքը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները: