Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Միւֆթին Իսլամական Նոր Տարուան Առիթով Իր Պատգամը Կ՛ուղղէ

September 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսլամական Նոր տարուան առիթով, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ լիբանանցիներուն յղեց իր պատգամը, որուն մէջ յայտնեց, թէ Լիբանան հսկայ տագնապի մը դիմաց կը գտնուի` ո՛չ միայն կառավարութիւն չունենալուն, այլեւ` երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային պայմաններուն վատթարացման, ինչպէս նաեւ քաղաքական սուր երկփեղկումին պատճառով:

Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ երկրին հարցերուն լուծումներ գտնելը համախոհութիւն, համագործակցութիւն եւ կարծիքներու ու տեսակէտներու փոխանակում կ՛ենթադրէ: «Պէտք է ազգային հարցերուն իմաստուն կերպով մօտենալ եւ նուիրուածութեամբ ու կամքով այդ հարցերուն լուծումներ գտնել: Մենք կարիքը ունինք, որ մեր պատասխանատուները գիտակից կերպով գործեն եւ անդրադառնան իրենց պատասխանատուութիւններուն, որովհետեւ յամառութիւնը անօգուտ է: Անոնք պէտք է նաեւ վերջ տան իրենց իրաւասութիւններուն վրայ պնդելու վարուելակերպին, որովհետեւ երբ երկրին վարչակարգը սպառնալիքի դէմ յանդիման կը գտնուի, իրաւասութիւնները կամ հեղինակութիւնները անարժէք կը դառնան», շեշտեց միւֆթի Տըրիան:

Իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիին` միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Հարիրիի անձին շուրջ արձանագրուած համախոհութիւնը իրենց ուրախութիւն պատճառած է: Ան ողջունեց վարչապետը, որ մասնակից չի դառնար ցեխարձակումներուն եւ վարկաբեկիչ ու անմակարդակ բանավէճերուն, որոնք օգտակար չեն եւ կը ծառայեն աւելի եւս խորացնելու քաղաքական երկփեղկումը: «Մենք կը զօրակցինք վարչապետ Հարիրիին, որ կը ջանայ ազգային միասնականութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը պահպանել, երկրին զարթօնքը ապահովել, ինչպէս նաեւ գրգռութիւններէ հեռու մնալ: Կը մաղթենք, որ նախարարաց խորհուրդը այս սկզբունքներով կազմուի եւ անիկա դառնայ բոլորիս կառավարութիւնը, որովհետեւ համայնքային լարուածութիւնը յաւելեալ լարուածութիւն եւ ելեկտրականացած մթնոլորտ կը ստեղծէ եւ ոչ մէկ շահ կ՛ապահովէ Լիբանանին», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Ձախողեցուց Տահեշ-Ականներու Կողմէ Գործուելիք Ահաբեկչութիւններ

Յաջորդը

Պըրրի Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.