Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ կ՛աշխատի ամրապնդել ազգային միասնականութիւնը եւ բարգաւաճեցնել Լիբանանի ազգային տնտեսութիւնը:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան հաստատեց, որ քաղաքացիութեան ըմբռնումը կարելի չէ տեսնել անհոգ եւ անտարբեր պետութեան մը մէջ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ հաստատեց, որ կառավարութեան կողմէ վաւերացուած ծրագիրը պիտի գործադրուի, իսկ ելեկտրական հոսանքը պիտի ապահովուի:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ կարելի չէ առանց համախոհութեան կառավարութիւն կազմել` աւելցնելով, որ տարակարծութիւններու եւ բանավէճի կարիք չկայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ կազմուելիք որեւէ կառավարութիւն, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները կ՛անտեսէ, նպատակադրած է ձախողեցնել ներկայ իշխանութիւնը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ այդ յանձնախումբին նպատակն է 4 միլիոն լիբանանցիներուն համար առողջապահական ծառայութիւն ապահովել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Մըքտատ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը` նկատի ունենալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Միշել Մուաուատ շեշտեց, որ իրենց նպատակն է Արսալի հատուցումը կատարել բարգաւաճման ծրագիրներու ընդմէջէն, որպէսզի անոր իրաւունքները ի դերեւ չելլեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լա Հէյի մէջ ներկայութիւնը փաստ մըն է, որ ան կառչած կը մնայ իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ծալքերուն եւ ճշմարտութեան բացայայտումին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին գծով արձանագրուած բանավէճին վերջ տալու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ փոխադրութեան մարզը եւ զայն աշխուժացնելու հեռանկարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ տիւրզի համայնքը համոզուած է Դիմադրութեան ուղեգիծով, իսկ Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքին երաշխիքը սուրիական պետութիւնն է, սուրիական բանակն ու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը կը ճշդէ կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ բոլորին հաւասարութիւնը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ ընդգծեց, որ իրենք կառչած կը մնան սահմանադրութեան, Թաէֆի համաձայնագիրին եւ լիբանանեան ազգային համերաշխութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի իսլամական Նոր տարուան առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն` դիւրացնելու վարչապետ Սաատ Հարիրիի պարտականութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան տագնապը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ համաձայնութիւն մը գոյացնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ իսլամական Նոր տարուան առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` մաղթելով, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գծով արդարութիւն կը բանեցուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ ընդգծեց, որ իրենք յանձնառու են Արսալի բնակիչներուն զօրակցելու, որպէսզի Արսալը վերակենդանացնեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սիպիթերի ընդգծեց քրիստոնէական կրօնին բաց ըլլալու տեսակէտին անհրաժեշտութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը քաղաքական բոլոր ուժերուն վնաս կը պատճառէ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու շրջուն ջոկատ մը Ուազզանիի բարձունքներուն եւ Ասալ հովիտին միջեւ գտնուող սահմանային շրջանի փշաթելերը եւ անոնց վրայ ամրացուած քամերաները ստուգեց:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին իր ներդրումը ունենալու սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովող ռուսական նախաձեռնութեան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ այլեւս սահմանադրութիւնը կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները ճշդող չափանիշ չէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ երկրին քաղաքական ուժերը վարչապետ Սաատ Հարիրիի վրայ իրենց պայմանները կը պարտադրեն, իսկ կառավարութեան կազմութեան չափանիշներ չեն ճշդուած:

ՍՈՒՐԻ մէջ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնները մաղթեցին, որ Աշուրայի տօնը ազգային միասնականութեան առիթ ըլլայ:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի շեշտեց, որ Արսալ վերադարձած է իր կենցաղին` շնորհիւ անոր բնակիչներուն մղած ազատութեան կերտման պայքարին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան գծով կատարուած խորհրդակցութիւնները ճամբորդութեան պատճառով կանգ չեն առներ, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ վարչապետ Սաատ Հարիրիի յարաբերութիւնները բնականոն են:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Պիտի Փորձէ Կանգնեցնել Իտլիպի Դէմ Սուրիական Բանակի Յարձակումը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Ձախողեցուց Տահեշ-Ականներու Կողմէ Գործուելիք Ահաբեկչութիւններ

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?