Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ Համակարգիչներու Խանգարում

Սեպտեմբեր 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան ժամը 11:00-ին արձանագրուեցաւ համակարգիչներու ընդհանուր խանգարում մը, որ տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամը 4:30:

Խանգարումը պատճառ դարձաւ ճամբորդներու ահաւոր խճողումի եւ ապա թռիչքներու ջնջումին ու արտակարգ իրավիճակի:

Պէյրութի միջազգային օդակայանի նախագահ Ֆատի Հասան հաստատեց, որ օդակայանին նախագահութիւնը այս իմաստով ոչ մէկ յանցանք ունի եւ ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛երթայ համակարգչային հաղորդակցութեան պատասխանատու «Սիթա» ընկերութեան:

Հասան հաստատեց, որ թռիչքները կորսնցուցած ճամբորդներուն հատուցելու նպատակով որոշ քայլեր պիտի որդեգրուին:

Նշենք, որ Քննչական կեդրոնական մարմինի նախագահ, դատախազ Ժորժ Աթիէ երէկ առաւօտեան հարցաքննեց Ֆատի Հասանն ու Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Շեհապէտտինը` վերոնշեալ գայթակղութեան լոյսին տակ:

«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը իր կարգին հաստատեց, որ ինք պատասխանատու չէ ստեղծուած իրավիճակին եւ թռիչքներուն ժամերը վերատեսութեան ենթարկեց` պատրաստելով նոր ցուցակ մը:

Վարչապետ Հարիրի Կը Նախագահէ Յատուկ Նիստի Մը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատահարը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նապիլ Ժսըր, «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ, վարչապետ Հարիրիի խորհրդականներ  Ղազի Եուսեֆ եւ Ֆատի Ֆաուազ:

Նիստէն ետք Ֆընիանոս յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ արձանագրուած երէկուան հարցը անցեալ ամսուան խճողումին հետ ոչ մէկ կապ ունի, որովհետեւ անիկա զուտ թեքնիք հարց է եւ ուղղակիօրէն կը վերաբերի «Սիթա» ընկերութեան, որուն հետ կը գործակցին մեծ թիւով երկիրներ:

««Սիթա» կը գործակցի 70 այլ երկիրներու հետ, եւ պատասխանատուութիւնը ճշդուելէ ետք անոր հետ պիտի քննարկուին տուժած ճամբորդներուն հատուցելու կարելիութիւնները», ըսաւ ան:

Ֆընիանոս յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին աշխատանքը իր բնականոն ընթացքին վերադարձած է երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Իրավիճակը, Ինչպէս Նաեւ Հետեւեցաւ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին

Յաջորդը

Ըստ «Ինթըրֆաքս»-ին. Ռուսիան Ջնջած Է Իր Տարածքին Մէջ Միքայէլ Յարութիւնեանի Նկատմամբ Յայտարարուած Հետախուզումը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?